Աղուոր մակազին ա սեւագիր

24
թիւ Ա ամառ 2015 աղուոր մակազին

Post on 22-Jul-2016

234 views

Category:

Documents


9 download

DESCRIPTION

 

TRANSCRIPT

Page 1: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

թիւ Աամառ 2015

աղուորմակազին

Page 2: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

աղուոր մակազինթիւ Աամառ, 2015

աղուորները՝Նարին, Արազ, Արաքս, Արէգ, Սարին, Դանիէլ, Վահագն, Արաս, Էլէն

հրատարակութիւնաղուոր բառեր-ուՊէյրութ, Հալէպ, Պոլիս, Երեւան, Թորոնթո

կապ[email protected]կայք՝ aghvor.wordpress.com

Page 3: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 4: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 5: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

Մտածեց, որ որքան սուտ է Պէյրութի այս ծովափը, ինչպէս բոլոր ծովափները Լիբանանի։ Կանգ առաւ հորիզոնական ձողերու առջեւ, որոնք ծովը մայթէն կը բաժնեն։ Այն Ըլ Մրէյսիի ծովափին մայթերուն վրայ շատ աւելի եռուզեռ կ՚ըլլայ քան Պէյրութի ճամբաները, բայց հեշտ եղաւ ազատ տարածք մը գտնել ձողերուն շուրջ։ Ափերը զետեղելով ձողին վրայ ամուր մը սեղմեց, կարծես կ՚ուզէր խեղդել ատ կլոր երկաթը։ Աջ ոտքը բարձրացուց ձողին վրայ ու ճակատը թեքեց դէպի աջ ծունկը։ Մէկ երկու երեք։ Երրորդ հաշիւին նկատեց, որ որքան օտարացած է իր շուրջէն, օտարացած է դիմացի պանդոկներէն, գիրքերու պահեստանոցէն, «ապու տահապին» առջեւ կանգնած սուրճի դադար առնողներէն… Փոխեց ոտքը ու այս անգամ ձախ ոտքը բարձրացուց վեր։ Մէկ երկու երեք։ Ժպտաց հեգնանքով։ Վար իջեցուց ոտքը։ Սկսաւ քալել պանդոկներուն հակառակ ուղղութեամբ, դէպի Ռաուշէ։ Հանդարտ։ Առանց աճապարելու։ Արդէն սիրտ չունէր դաս ընելու, վազելն ալ կազդուրիչ էր մտածեց։

երթեւեկ 30

Page 6: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 7: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 8: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

աստղագուշակՅառաջիկայ օրերունկրնաք շփոթիլ «ռ» եւ «ր» գիրերու ուղղագրութեան մէջ: Ուշադրութիւ՛ն:

Ուշադի՛ր: Տողադարձի ժամանակ չմոռնաք սուղ «ը»երը, որոնք պահուըտած կը սպասեն:

Դերանուններու գործածութեան պարագային փորձեցէ՛ք գործածել Ա. դէմք յոգնակին, քան՝ եզակին:

Հոլովներու գործածութ-եան մէջ կրնաք սխալներ թոյլ տալ: Բացառականի «է»ն եւ գործիականի «ով»ը յիշեցէ՛ք:

Կեդրոնացէ՛ք կետադրութեան նշաններուն վրայ: Անոնք կրնան գաղափարի մը իմաստը բոլորովին փոխել:

Յետագային, կրնաք սխալիլ գլխագիրի գործածութեան մէջ: Բացառութեան կանոնները չմոռնաք:

Պարզ գործածութիւն մը կրնայ ձեզի շփոթեցնել: Միա-վանկ բառերը «եր» մասնիկով, բազմավանկ բառերը «ներ» մասնիկով յոգնակի կ’ըլլան:

Ուշադրութիւն՝ «գ»ի եւ «ք»ի գործածութեան: Յիշեցէ՛ք, որ յոգնակի իմաստ ունեցող բառերը «ք»ով կը վերջանան:

Որոշիչ յօդի մը սխալ գործածութիւնը կրնայ ձեր եւ ընկերոջ միջեւ թիւրիմացութեան պատճառ դառնալ: Ուշադրութիւ՛ն:

Կրնաք խնդիր ունենալ «յ» գիրը հնչելու պարագային: Զգոյշ եղէ՛ք:

Ապաթարցի գործածութեան մէջ կրնաք շփոթիլ: Ուշադրութիւ՛ն:

Յառաջիկայ օրերուն «Աղուոր Բառեր» էջը կարդալու պահանջք պիտի զգաք: Լսեցէ՛ք ձեր սրտի ձայնին:

Page 9: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 10: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 11: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

«Պէ՛կ, դու մի՛ վախնար. էգուց [վաղը առաւօտ] դուն թամասա կ’ինես [կը դիտես / temaşa etmek (թրք.)]. ես ըտոնք պիթիւննըլ [բոլորն ալ / bütün (թրք.)] թրէս [սուրէս] պտէ անցնեմ. իմ թուրս կmծmկի* [կայծակի] կտոր m, 100 ոսկի տուին, ցիմ տուեր . . . Տեսայ օ [որ] Օվաննէս թուրը ցլպխցուց [մերկացուց / çıplak (թրք.)], զարկաւ գլուխը կըյրեց [կտրեց]. էս ըլ վmրդին [որդին] կըյրեցի. տղաքն ըլ թմպէն [թումբէն] պաշլայեցին [սկսան / başla-mak (թրք.)] զինիլը [կռուիլը, մորթելը]. ջարդեցաք»:

*«(m) պէտք է հնչել ինչպէս անգլերէն cat, hand, fast բառերուն մէջ a ձայնաւորներուն հնչումը»:

Page 12: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

Քունէս նոր արթնցած, վրաս թափթփած չլուացուած երեսով գացի դէպի դուռը ուրկէ լսած էի զանգին ձայնը եւ արթնցած էի: Դրան ծակէն նայեցայ տեսայ թէ` քահանան էր, եկած էր օրհնելու մեր տունը, արագ մը վրաս շտկելով բացի դուռը: ինչ բախտաւոր էի այդ գիշեր իմ տնային հագուստներովս չէի քնացած, որովհետեւ շատ հոգնած էի եւ ուժ չկար վրաս փոխուելու: «Օրհնեցէք տէրհայր» եղաւ առաջին խօսքս հազիւ դուռը բացի եւ ընդունեցի զինք… եղբայրս ալ տունն էր սակայն քնացած էր և այդ պատճառով օգտագործեցի այն վայրկեանը երբ ինձմէ քահանան եւ իր օգնականը ուզեցին պնակ մը աղ եւ գաւաթ մը ջուր, որպեսզի արթնցնեմ եղբայրս… արթնցաւ ու ան ալ միացաւ մեզ: Նախքան օրհնելը նշմարեցի որ ան «կը քններ» տունը ու հարցուցի եթէ բան մը կար, եւ չպատասխանելով «հայր մեր»-ը սկսաւ ըսել ու շարունակեց արագութեամբ որ տեւեց 15 երկվարկեաններ, եւ երբ վեջացուց ըսի «ինչու այսչափ արագ կ’աղօթէք» ըսաւ դեռ Պուրճ համուտի մէջ շատ տուներ ունինք օրհնելիք… ըսի այդ կը նշանակէ որ պէտք է արագ աղօթէք, որ միայն աղօթած ըլլաք եւ դրամը առնէք ու երթաք: Այսինքն դրամի համար էր այս «օրհնութիւնը»: Եղբայրս աչքով յօնքով ձեւեր ընելով հասկցուց որ պէտք է լռեմ: Եղբայրս դրամը գրպանէն հանելով տուաւ քահանային օգնականին: Օգնականը տուաւ ստացագիրը եւ

քահա նային

այցելու թիւնը

Page 13: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

զարմացայ երբ ըսաւ թէ «մօրդ ըսէ եթէ թութի օշարակ կ’ուզէ ես կը ծախեմ» ու զայրացած անցայ սենեակ, եղբայրս ճամբեց զիրենք եւ գոցեց դուռը: Ինծի դառնալով յանդիմանեց, ես ալ ըսի «գող մըն էր»: Եղբայրս նորէն լռեցուց զիս, ես ստաձագիրը նայելով տեսայ թէ արձանագրած էր տրուած գումաիին կէսը ու աւելի շեշտելով ըսի «գոոոողղղ են, գող»: Հիմա վանահայր եկած եմ քովդ` վանքը, կ’ուզեմ արծարծել այս նիւթին մասին, կ’ուզեմ հասկնալ այս բաներուն վէրջը ինչ է… Մօրս պարտադրեցի որ զիս ձեր քովը բերէ,որովհետեւ դուք հոս վանքի ընդհանուր պատասխանատուն ըլլալով թերեւս լուր չեք ունենար այսպիսի բաներու մասին, ի՞նչ կ’ըսես, ինչէ՞ իրենց պատիժը, ինչպէ՞ս կը ձգես եկեղեցւոյ մասին գէշ տպաւորութիւն ձգեն:

- Աղջիկս ճիշդ այս նիւթին մասին ես շատ մտածած եմ եւ մարդիկ ինծի ալ կ’ըսեն «գողերուն պատասխանատուն», «գողերուն պետը», մտածած էի հրաժարիլ եկեղեցական կեանքէն ու ըլլալ աշխարհական, սակայն մտածեցի թէ` ես փոխանակ հրաժարիմ պիտի շտկեմ այս սխալները եւ պիտի չձգեմ նոր սերունդներուն նոյնանման բաներ պատահին եւ պիտի չձգեմ անոնք ճանչնան եկեղեցականները իբրեւ «գողեր», ինչ որ կը մղէ անհաւատութեան, որովհետեւ ես վանահայր եղայ ու եկեղեցական կեանքին միացայ որպէսզի անհաւատութինը չձգեմ բազմապատկուի եւ պիտի չազդուիմ մարդոց քննադատումներէն սխալներուս վրայ, սակայն այդ սխալներուն վրայ աշխատելով պիտի կերտեմ նոր հաւատացեալներ:adsտսֆششش Սիրով՝ :)

Page 14: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

Մարդկային յարաբերութիւնները ճիշդ պարունակին մէջ ընկալելու փորձերը պատուանդան ունին նախազգացումն ու ներքին ձայնը: Մարդիկ կրնան իրար հասկնալ եւ գնահատել թէկուզ սովորական հանդիպումով մը, կեցուածքով մը, երբեմն նոյնիսկ մէկ բառով: Տարիներու ընթացքին մշակուած յարաբերութիւններ երբեմն յօդս կը ցնդին, հարցականներ կը ծագին թէ արդե՞օք այդ կապերը հիմնուած էին աւազի վրայ, արդեօ՞ք մարդիկ կը փոխուին նայած իրենց ապրելակերպին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն. մէկ բան յստակ է, որ դրական լիցքեր ունեցող անհատներ չեն շեղիր իրեն արժեչափերէն եւ բարոյական ըմբռնումներէն. նոր օր, նոր կապեր: Հետաքրքրական է նշել նաեւ որ ոչ ոք պատահական ձեւով կը յայտնուի մեր կեանքին մէջ. գնահատե՛նք լաւը, շրջանցե՛նք ժխտականը, վերջապէս մենք ենք տէրը մեր որոշումներուն եւ ապրելակերպին:

նոր օր

Page 15: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 16: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 17: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

08:00 - 10:00 Գրական առաւօտ10:00 - 12:00 Ժողովրդավարական գրասենեակ12:00 - 14:00 Կնապաշտ շարժման նորութիւնները14:00 - 16:00 Լեզուն որպէս ինքնութիւն16:00 - 18:00 Ազատութիւնը որպէս ինքնութիւն18:00 - 20:00 Սփիւռք-Հայաստան ճամբան20:00 - 22:00 Հայկական փողոցային արուեստը22:00 - 00:00 Սէր եւ սեռականութիւն (+18)00:00 - 02:00 Աղէտը որպէս յուշ02:00 - 04:00 Յուշագրութիւնը որպէս արուեստ04:00 - 06:00 Ինչպէս յիշուիլ հարիւր տարի ետք06:00 - 08:00 Նոր կեանքը կը սկսի...

ՌԱՏԻՕ ԶԱՊԷԼ

MadameMariette

Page 18: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

Տեսարան մը կայ մեր բոլորին կեանքերուն մէջ որ քալած ժամանակ մէկէն կանգ կ’առնենք ու պահ մը այդպէս կը կենանք, կամ բանալին դուռին մէջ դնելուն պէս, դարձնելէն առաջ կանգ կ’առնենք, եւ կամ գործի ժամանակ մէկ վարկեան պաստառէն կը բարձրացնենք մեր աչքերը եւ դիմացը կը նայինք, եթէ պատուհան կայ, հեռուն կը դիտենք, եւ կամ դպրոցը, համալսարանը, ամէն մարդ դուրս կու գայ դասարանէն, մենք պահ մը գրատախտակին սեւեռած կը պահենք մեր հայեացքները: Այն տեսարանը որ կանգ կ’առնէ ամէն ինչ ու բանի մը մասին կը մտածենք:Այս պահը անոնցմէ մէկը չէ, ոչ ալ այս գրութիւնը անանկ պահի մը մասին է, կապ ալ չունի, բայց մտածեցի որ դրամատիկական կրնայ ըլլալ գրութիւն մը այդպէս սկսիլ: Այս գրութիւնը նորէն, միւս բոլոր գրութիւններուն պէս մասնաւոր բանի մը մասին չէ: Պէ՞տք է ըլլայ: Չեմ ուզեր այս հարցումը հարցուցած ըլլալով այս գրութիւններուն համը փախցուցած ըլլալ: Անանկ որ չհարցնենք, թող անանկ մնայ, միստիկական: Շփացածութիւն չէ ըրածս:Շփացածութիւն: Մարդիկ որ կը շփանան, ինքնա-շփացածութիւն կ’ընեն: Այսինքն բան մը կ’ունենան որուն վրայ կրնան հիմնել իրենց շփանալու ընթացքը, կը կառուցեն «Շ.Ե»-ը՝ Շփացած Եսը: Էկօ մը որ երես առած է, եւ բուն էկօէն անդին անցած է: Շփացածութիւնը գիտե՞ք ինչ է: Ինքզինքին մերժել, եւ ինքզինքին ուրիշ մէկը կարծել է, ինքզինքէն աւելի լաւ մէկու պէս ըլլալ փորձել է, տեսնելով որ բանտարկուած մնալով այժմու ինքզինքին մէջ անհասանելի են կարգ մը բաներ: Ուրեմն կը շփանանք: Մարդ մը կայ խանութ կու գայ ամէն օր, ապուշ թերթ մը կառնէ,

շփացած եսը

Page 19: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

Լիուա, որուն մէջ ինքն իր նկարները կը փնտռէ, որոնք տպելու համար դրամ տուած է: Կատակ չէ հա, իսկապէս:Եւ այս մարդը պոռալով հեռաձայն կը խօսի, ինքն ալ հսկայ է բաւական, ձայնն ալ բաւական ամպրոպի է, ուրեմն կը պոռայ: Բայց պոռացած ժամանակ կը զգամ հեռաձայնին միւս կողմի մարդէն աւելի ինծի, կամ իր շուրջը գտնուող ներկաներուն հետ է որ կը խօսի աւելի: Այսինքն բուն ըսելիքը մեզի է, ոչ թէ միւս խեղճին: Ու մենք ստիպուած մտիկ կ’ընենք իր զռռոցը: Մտիկ կ’ընենք քանի որ ամէն մեղքիս մարդը հիւպատոս է: Հիմա պիտի չըսեմ որտեղի որովհետեւ գաղտնապահութիւն-մաղտնապահութիւն: Բայց դուք պատկերացուցէք Աֆրիկեան կղզի-երկիր մը: Եւ այս մարդը իր կղզի-երկիրը քիչ մնաց որպէս մոլորակ պիտի դասէ, ու մեզի հաւատալ պիտի տայ որ ինքը միջ-համաստեղային համակարգի մը մէջ պաշտօնավարէր է, հիւպատոս: Թըզ:Եւ պատկերացնենք շփացածութիւնը այս մողէզին որ ինքզինք տինազօր կը կարծէ: Հեռաձայնի մասին ուրիշ բան մըն ալ պիտի ըսէի: Մարդիկ կան որ, այսինքն վստահ ամէն մարդ, բայց որոշ մարդոց համար յատկապէս ճիշդ է այս ըսելիքս: Երբ հեռաձայնով խօսիս իրենց հետ, եւ երբ քովերը մարդ կայ, յստակօրէն կը փոխեն թէ իրենց ոճը, թէ ձայնին թօնալիթէն, թէ գործածած բառապաշարը եւ թէ ընդհանուր խօսակցութեան պարունակութիւնը: Այսինքն յստակօրէն գիտես խօսակցութեան ժամանակ քովը մէկը կայ թէ առանձին է:

Page 20: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 21: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ

ԹՐՉՆՈՑ ԲՈՅՆԸ

Page 22: Աղուոր մակազին ա սեւագիր
Page 23: Աղուոր մակազին ա սեւագիր

պապուդ էչքը կունօ՛

Զէյթունի բարբառով՝ «պապիդ աչքը կոյրնայ»:

Page 24: Աղուոր մակազին ա սեւագիր