abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

18
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈԻՄԸ ՈՐՊԷՍ ԼՈՒԾՈՒՄ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԹՆՃՈՒԿԻՆ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: մին վերաբերող մէջտեղ բերուող ահագին դժուա- րութիւններն ու տեղի ունեցող քաշքշուքը, քաղաքական բաժանումները, Թաէֆի համաձայնագրի հանդէպ գոյութիւն ունեցող հարցականները, երկրին քաղաքական ուժերուն ուղղահայեաց բաժանումը, միջ- համայնքային լարուածութիւնները, Շիաա համայնքը ներկայացնող ուժերու մէջտեղ դրած երակողմանի իշխանութեան (մուսէլասէ) առաջարկը, եւ այլն, անգամ մը եւս կու գան փաստելու, թէ լիբանանեան քաղաքական դրուածքը հիմնական եւ կառուցային խնդիր մը ունի, որ անլուծելի է նուազագոյնը իր անկախութեան առաջին իսկ օրէն ի վեր: Հետեւաբար լիբանանեան քաղաքական թնճուկը է, ու պիտի մնայ անլուծելի, եթէ արմատային փոփոխութեան մը չենթարկուի երկրի կառավարման ձեւն ու դրուածքը: Այս յաւիտենական թնճուկին միակ լուծումը, ըստ Օրուայ Յօդուածը՝ ՌԱԿ-ի Լուրեր Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ տեղի ունեցող հին ու նոր վերիվայրումները, իւրաքանչիւր ընտրութիւններ կանխող օրերուն ստեղծուող հարցերն ու սահմա- նադրական թուականներ յետաձգե- լու իրավիճակը, ամէն մէկ կառա- վարութեան կազմ նշանակելու նախօրէին պաշտօններու բաժանու- ՎԱՆՔՈՒՎԸՐ, ԳԱՆԱՏԱ՝ ՈՉ ԵՒՍ Է ԸՆԿԵՐ ԱՐԹՕ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆԸ (Տեսնել՝ էջ 7) www.facebook.com/RAGmamoul ՀՌՈՄ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ (Տեսնել՝ էջ 9) ԼԻԲԱՆԱՆ՝ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՎ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ (Տեսնել՝ էջ 11) Լուրեր Սփիւռքէն ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Upload: ramgavar-party

Post on 27-Mar-2016

224 views

Category:

Documents


5 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈԻՄԸ

ՈՐՊԷՍ ԼՈՒԾՈՒՄ՝

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԹՆՃՈՒԿԻՆ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

մին վերաբերող մէջտեղ բերուող ահագին դժուա-

րութիւններն ու տեղի ունեցող քաշքշուքը, քաղաքական

բաժանումները, Թաէֆի համաձայնագրի հանդէպ

գոյութիւն ունեցող հարցականները, երկրին

քաղաքական ուժերուն ուղղահայեաց բաժանումը, միջ-

համայնքային լարուածութիւնները, Շիաա համայնքը

ներկայացնող ուժերու մէջտեղ դրած երակողմանի

իշխանութեան (մուսէլասէ) առաջարկը, եւ այլն, անգամ

մը եւս կու գան փաստելու, թէ լիբանանեան

քաղաքական դրուածքը հիմնական եւ կառուցային

խնդիր մը ունի, որ անլուծելի է նուազագոյնը իր

անկախութեան առաջին իսկ օրէն ի վեր: Հետեւաբար

լիբանանեան քաղաքական թնճուկը է, ու պիտի մնայ

անլուծելի, եթէ արմատային փոփոխութեան մը

չենթարկուի երկրի կառավարման ձեւն ու դրուածքը:

Այս յաւիտենական թնճուկին միակ լուծումը, ըստ

չենթարկուի

Օրուայ Յօդուածը՝ 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

ՌԱԿ-ի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ

տեղի ունեցող հին ու նոր

վերիվայրումները, իւրաքանչիւր

ընտրութիւններ կանխող օրերուն

ստեղծուող հարցերն ու սահմա-

նադրական թուականներ յետաձգե-

լու իրավիճակը, ամէն մէկ կառա-

վարութեան կազմ նշանակելու

նախօրէին պաշտօններու բաժանու-

մին վերաբերող մէջտեղ

ՎԱՆՔՈՒՎԸՐ, ԳԱՆԱՏԱ՝

ՈՉ ԵՒՍ Է ԸՆԿԵՐ ԱՐԹՕ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆԸ (Տեսնել՝ էջ 7)

*

www.facebook.com/RAGmamoul

ՀՌՈՄ՝

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

(Տեսնել՝ էջ 9)

ԼԻԲԱՆԱՆ՝

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ

ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՎ

ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ (Տեսնել՝ էջ 11)

Լուրեր Սփիւռքէն 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

ԾԱՆՕԹ

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները,

որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ,

բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ

հասցէին՝ [email protected]

Page 2: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Այս յաւիտենական թնճուկին միակ լուծումը, ըստ ինծի՝ Ապակեդրոնացումն է (decentralization), ինչու չէ՝

Դաշնակցային Դրութեան մը (Federation System) հաստատումը եթէ ոչ քաղաքական, այլ քոնէ լայն

իրաւասութիւններով վարչական տնօրինման ապակեդրոնացումի դրութեամբ՝ որ արդէն իսկ հիմը կը

կազմէ Թաէֆի լիովին չգործադրուած համաձայնագրին:

Ի՞նչ է Դաշնակցային Դրութիւնը

Դաշնակցային դրութիւնը, ժողովրդավար կարգերու մէջ, կառավարութեան ձեւ մըն է, որ տարբեր է կամ

կեդրոնացած իշխանաձեւի մը կարգերէն: Ան իշխանութեան տարան-ջատման ձեւ մըն է՝ երկրի մը

տարբեր շրջաններու տեղական կառավարութիւններու միջեւ, ուր տուեալ երկիրը կ՛ունենայ մէկ

նախագահ, մէկ դրամանիշ եւ կեդրոնական դրամատուն, մէկ բանակ ու մէկ արտագին

քաղաքականութիւն, իսկ շրջաններու ներքին քաղաքականութիւնն ու վարչական տնօրինութիւնը (ներքին

ապա-հովութիւն, հանրային սպասարկութիւն, կրթական համակարգ, դատական օրէնսդրութիւն, եւայլն)

կը վստահուի տեղական իշխանութիւններուն (քաղաքապետութիւն), ուր իւրաքանչիւր տարածքաշրջան

դաշնակցային կեդրոնական իշխանութեան կը մասնակցի ընտ-րելով իր ներկայա-ցուցիչները

(ծերակուտական կամ երեսփոխան), որոնք կը ներկայացնեն իրենց պատկա-նած շրջաններու

բնակչութեան կամքը, դաշնակցային կեդրոնական կառավարութեան քաղաքականութեան մէջ:

Դաշնակցային դրութեան կամ ապակեդրոնական կառավարու-թեան զանազան տարբերակներ գոյութիւն

ունին աշխարհի վրայ, սակայն Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու տարբերակը լաւագոյն օրինակն է

այդ վարչաձեւին, որ իր կիրարկման մէջ սոսկ կառավարութեան ձեւ մը չէ, այլ՝ ընկերային,

հասարակական եւ ընդհանրապէս ժողովրդավարական յատուկ եւ յաջող հասկացողութիւն մը:

Այս վարչաձեւին գաղափարը նորարարութիւն մը չէ անշուշտ: Ան փորձուած եւ տարիներէ ի վեր

կիրարկուած ու յաջողած վարչաձեւ մըն է շատ մը երկիրներու մէջ, որոնց բնակչութիւնը բազմատարր

(heterogeneous) է իր բաղադրութեամբ, ինչպէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Պրազիլի, Զուիցերիոյ,

Ռուսիոյ, Նիճերիայի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Լիբանանի Քաղաքական Թնճուկը

Լիբանան համայնաքային երկիր մըն է որ անկախութենէն իսկ առաջ եւ անկէ ետք անշուշտ կը դիմագրաւէ

համայնքային մրցակցութիւն, տիրապետելու կեդրոնական իշխանութեան: Երբ կեդրոնական

իշխանութիւնը գտնուած է համայնքի մը տիրապետութեան տակ, միւս համայնքները երբեմն առանցին,

յաճախ ալ միասնաբար պայքարած են ձեռք ձգելու կեդրոնական իշխանութիւնը նոյնիսկ ապաւինելով

շրջանային եւ միջազգային երկիրներու նեցուկին: Օրինակները շատ են: Մարոնի համայնքին

տիրապետութենէն խլելու կեդրոնական կառավարութիւնը, Սիւննի համայնքը ատենին ապաւինած է

Նասէրական Եգիպտոսին ապա Պաղեստինեան կրօնակից զինեալ ուժին: Իր կարգին, իրեն պահելու

իշխանութիւնը, Մարոնի համայնքը ապաւինած է արեւմուտքին ու գործակցած Իսրայէլի հետ ըննդէմ

իսլամին: Յոյն-Օրթոտոքս համայնքը ատենին միացած եւ պարագլուխներէն եղած է ազգայնական

հակումներ ունեցող աշխարհագրական Մեծն Սուրիայ ստեղծելու ծրագիրներուն: Շիաա համայնքը

ապաւինած է համակրօն Իրանին իրագործելու իր նպատակը: Եւ այսպէս անդադար անընդհատ մէկ

նսպատակով, որն է՝ տիրանալ կեդրոնական իշխանութեան:

Page 3: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 3

Եթէ երկիրը ունենար ապակեդրոնացած իշխանութեան դրութիւն, կեդրոնական իշխանութեան տիրանալը

արդեօք այնքան ալ կարեւոր հարց պիտի ըլլա՞ր Լիբանանի բաղկացուցիչ տարերուն կողմէ: Չեմ կարծեր:

Ապակեդրոնացում՝ Երկրի Բաժանո՞ւմ, Թէ Փրկութիւն

Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի այն հասարակաց կարծիքը, թէ ապակեդրոնացում կը նշանակէ՝ երկրին

բաժանումը: Այս սխալ մեկնաբանութիւնը ունի իր հոգեբանական դրդապատճառները: Ապակեդրոնացումի

գաղափարը Լիբանանի մէջ առաջին անգամ մէջ մէջտեղ դրուեցաւ Լիբանանեան Ուժեր քրիստոնեայ զինեալ

կազմակերպութեան կողմէ, քաղաքացիական պատերազմին դոհուփոհին մէջ, երբ երկիրը արդէն իսկ

բաժնուած էր զանազան շրջաններու որոնց սահմանները կը հսկուէին համայնքային զինեալ

կուսակցութիւններու կողմէ: Գոյութիւն ունէին աւազակոյտերով փակուած սահմաններ: Այս պայմաններուն

մէջ նմանօրինակ գաղափարի մը ներկայացումը՝ կռուող կողմերէն մէկուն կողմէ, որքան ալ արդարացի

ըլլար, տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող քաղաքացիներուն մօտ հոգեբանական այն զգացումը ստեղծեց, թէ

ապակեդրոնացում՝ պիտի նշանակէ երկիրը հողակոյտերով եւ զրահապատերով պաշտպանուած փոքր

շրջաններու բաժնել, իւրաքանչիւր քայլափոխին անցարգելներու հանդիպելու հրամայականով: Մինչ

իրականութեան մէջ այս պատերազմական իրավիճակը ոչ մէկ կապ ունի ապակեդրոնացումի կամ

դաշնակցային դրութեան գիտական տեսութեան հետ, որ ընդհակառակը, ստեղծուած է առաջքը առնելու

քաղաքացիական պատերազմներու եւ երկրի մը բաժանումին:

Իրականութեան մէջ, բազմատարր եւ բազմահամայնք Լիբանանի մէջ սոյն դրութիւնը անպաշտօն ձեւով եւ

ինչ որ չափով արդէն իսկ կիրարկուած էր քաղաքացիական պատերազմի տարիներու ընթացքին (եւ կարգ մը

շրջանններու մէջ մինչեւ օրս) նուազագոյնը, իր վարչական եւ ներքին քաղաքական ձեւին մէջ, երբ

իւրաքանչիւր համայնաքային կուսակցութիւն ունեցած է կեդրոնական իշխանութենէն կիսանկախ,

անպաշտօն սակայն իրողական (de facto) դրութիւն ունեցող տարածքներ: Սակայն այս մէկը

պաշտօնակացնելու մասին արտայայտուիլը ատենին նկատուած էր մեծ յանցանք եւ դաւաճանութեան

համազօր վարքագիծ: (Այսօր սակայն այս նիւթին մասին խօսիլը բարեբախտաբար բանադրանք (taboo) մը չէ

այլեւս, փաստն ալ այն է, թէ ահաւասիկ վերջին քանի մը տարիներուն, ուրիշներուն կարգին, այս

գաղափարախօսութեան մասին հանրութեան մէջ, բեմին վրայ, դասասրահին եւ տեղական մամուլին մէջ՝

կ՛արտայայտուիմ ազատօրէն եւ առանց որեւէ դժուարութեան հանդիպելու):

Մարդկային պատմութիւնը ցոյց տուած է, թէ բազմատարր բնակչութիւն ունեցող երկիրներու մէջ,

ապակեդրոնացած վարչակարգի բացակայութիւնը կամ չգոյութիւնը պատճառ հանդիսացած է

բռնատիրական կարգերու հաստատումին, ուր շատ յաճախ ալ փոքրամասնութիւն մը, յեղափոխութեամբ

տիրանալով իշխանութեան, միահեծան եւ անարդարօրէն իշխած է երկրին բաղկացուցիչ միւս

համայնքներուն վրայ: Ապակեդրոնացած վարչակարգի բացակայութեան կամ չգոյութեան միւս տարբերակը

եղած է անշուշտ իւրաքանչիւր քսանամեակին կրկնուող ներքին ընկերաքաղաքական եւ ապահովական

վերիվայրումներ, յեղափոխութիւններ, հասնելով քաղաքացիական պատերազմի, իւրաքանչիւր համայնք

նպատակ ունենալով տիրանալ կեդրոնական իշխանութեան կամ վերատեսութեան ենթարկել տալու

սահմանադրութիւնը կամ իշխանութեան դրուածքը: Համեմատաբար խաղաղ տարեշրջաններ եղած են նոր

վրդովումներու եւ արիւնահեղութիւններու գետին նախապատրաստող տարիներ եւ այսպէս

շարունակաբար: Լիբանանը լաւագոյն օրինակն է այս տարբերակին որ իր դրուածքէն մինչեւ այսօր բնաւ ալ

Page 4: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

կարողացած չէ խուսափիլ վերոյիշեալ հոլովոյթէն (cycle) Մինչ միւս կողմէ միայն նախանձով կարելի է

դիտել Արեւմտեան դաշնակցային պետութիւններու յաջող փորձը:

Շատեր կրնան ըսել. շա՛տ աղէկ, սակայն Լիբանանը Ամերիկա չէ եւ թէ տարածութիւնները շա՜տ փոքր են

ապակեդրոնացած շրջաններու վերածուելու hամար: Այսպէս մտածողներուն խորhուրդ կու տամ ստուգելու

օրինակի hամար, Դաշնակցային Ռուսիոյ, Նիճերիայի եւ այլ դաշնակցային պետութիւններու էթնիք եւ

hամայնքային բաժանումներով ստեղծուած կարգ մը տարածքաշրջանները եւ տեսնելու թէ որքա՜ն փոքր են

անոնք: Հապա ի՛նչ կ՛ըսէք Մոնաքոյի ճղճիմ տարածութեան մասին, որ Իշխանապետութի՛ւն ալ կը կոչուի:

Օրինակի hամար, մեր Քէսրուանին ի՞նչ կը պակսի, Մոնաքօ մը ըլլալու hամար...:

Ապակեդրոնացումը մեծ չափով կը սատարէ տարբեր շրջաններու բարգաւաճումին ու վերելքին,

շրջաններու կառավարիչ մարմիններու միջեւ ստեղծելով մրցակցութեան ոգի: Լիազօր

քաղաքապետարաններու տնօրինմամբ կը լուծուի ելեկտրականութեան հարցը, ուր իւրաքանչիւր շրջան

կ՛արտադրէ իր ելեկտրականութիւնը օրինակի համար: Նոյնը ինչ կը վերաբերի քաղաքացիին հրամցուելիք

ոեւէ սպասարկութեան:

Ապակեդրոնացումի կիրարկումով, ոչ մէկ

շրջան կը տուժէ միւսին hաշուոյն: Աւելին,

ապակեդրոնացումը Լիբանանի մէջ կրնայ

տնտեսական hսկայ աճ արձանագրել,

օրինակի hամար շաբթուայ եօթ օրերն ու

տարուայ բոլոր օրերը գործի օրեր

համարուելով, երբ (օրինակի hամար)

Քրիստոնեայ շրջանի բնակիչ մը Կիրակի

օրով կրնայ դրամատնային իր

գործողութիւնները կատարել ինքնաշարժով

միայն քանի մը վայրկեան hեռաւորութեան

վրայ գտնուող ուրիշ շրջանի մը մէջ, ուր

դրամատուները Կիրակի օրերը գործի

սովորական օրեր կ՛ունենան իսկ Իսլամ

շրջանի մը բնակիչը նոյնը կրնայ ընել Ուրբաթ

օրը: Ոչ մէկ տօնական օր, օրինակի hամար

կրնայ անդամալուծել ամբողջ երկիրը, բացի

անկախութեան կամ նաhատակաց տօներէն,

որ բնականաբար պէտք է ըլլայ բոլորինը:

Մտահոգութիւններ

Շատեր կրնան մտաhոգութիւն յայտնել, թէ

ապակեդրոնացումը կրնայ պատճառ

hանդիսանալ միեւնոյն շրջանին մէջ

ներhամայնքային բախումներու:

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 4

Page 5: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

Այս մտաhոգութիւնն ալ ունի hոգեբանական բնոյթ, քանի որ Լիբանանցիին յիշողութեան մէջ թարմ է

տակաւին քրիստոնեայ-քրիստոնեայ եւ իսլամ-իսլամ զինեալ բախումները։ Սակայն այդ մէկը պատաhած է

եւ կը պատաhի զինեալ կողմեր գոյութիւն ունենալու պարագային եւ ոչ թէ խաղաղ պայմաններու մէջ եւ ո՛չ

ալ hանգրուանաբար ստեղծուած ապակեդրոնացումի պարագային, ուր մրցակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ

միայն ժողովրդավարական միջոցներով:

Ուրիշներ կրնան ըսել. Քանի որ դաշնակցային դրութիւնը Լիբանանի մէջ տրամաբանականօրէն պիտի ըլլայ

hամայնքային, ապա այս մէկը դուռ պիտի բանայ ժողովրդային hսկայ տեղաշարժերու, որովhետեւ

իւրաքանչիւր hամայնքային hաւաքականութիւն ձգելով իր ծննդավայրը, ուր ինք փոքրամասնութիւն կը

կազմէ, պիտի գայ վերաhաստատուելու այն շրջաններուն մէջ, ուր իր hամայնքակիցերը մեծամասնութիւն

կը կազմեն: Այսպէս մտածողներուն կարելի է ծանօթացնել այսօրուայ բազմատարր դաշնակցային Ռուսիոյ

պարագան, ուր դաշնակցային hսկայ շրջաններուն (տեղական լեզուով oblast) կողքին կամ մէջ՝ կան

ինքնավար մարզեր (avtonomny okrug, անգլերէնով՝ autonomous district) եւ շատ աւելի նեղ եւ էթնիք

բաժանումներով ստեղծուած յատուկ կարգավիճակով տարածքաշրջաններ (Komi-Permyak Okrug,

անգլերէնով՝ territory with special status):

Այս վերջինը, օրինակի hամար, կիրարկելի է Ժէզզինի Քրիստոնեաներուն եւ Ժիպէյլի Շիաաներուն

պարագային՝ առաջքը առնելով անոնց տեղաշարժին:

Լիբանանահայութիւնը՝ հաւանական մեծագոյն օգտուողը

Պուրճ Համմուտն ու այլ հայահոծ շրջաններն ալ որպէս էթնիք փոքրամասնութիւն մը (այս պարագային՝

մեծամասնութեամբ Հայեր) պարփակող աշխարհագրական շրջան, կրնայ օգտուիլ յատուկ կարգավիճակով

տարածքաշրջանի այս դրութենէն:

Հոս բարձրաձայն կրնամ ըսել թէ նման կարգավիճակէն Հայերս մեծագոյն օգտուողները կրնանք ըլլալ,

սփիւռքի մէջ ունենալով յատուկ կարգավիճակով տարածքաշրջան մը, ուր ապրող hայերն ու hայկական

իշխանութիւնները կրնան ազատօրէն Հայերէն լեզուն ու մշակոյթը դասել տարածքաշրջանային

առաջնաhերթ լեզու եւ մշակոյթ, բարելաւելով hայկական կրթական hամակարգը, ունենալով յատուկ

ապաhովական ուժեր եւ դատական օրէնսդրութիւն ու դաշնակցային կեդրոնական կառավարութեան մէջ

միայն hայոց կողմէ ընտրուած Հայ ներկայացուցիչներ, եւայլն: Վերջապէս, նոր եւ ժամանակակից Կիլիկիա

մը թերեւս...:

********* Մշակութային, պատկանելիութեան զգացումի եւ այլ աhագին տարբերութիւններ ունեցող բնակչութեամբ

երկրի մը մէջ (ուր մշակութային hասարակ յայտարարները խոhանոցային են միայն, ինչպէս՝ թապպուլէն եւ

քէպպէն, ուր նոյնիսկ hայրենիք, hայրենասիրութիւն, անկախութիւն եւ այլ ազգային-քաղաքական բառա-

hասկացողութիւնները չունին միեւնոյն սաhմանումները) կարելի չէ բռնի ուժով hամակեցութիւն ստեղծել

տարբեր hաւաքականութիւններու միջեւ: Լիբանանի նախկին նախագաh Լաhուտի ազգային միաձուլում

«ինսիhար ուաթանի»ի տեսութիւնը կիրարկելի է միայն մետաղներ hալեցնելու պարագային եւ կամ

բանակին մէջ, ուր գոյութիւն ունի բացարձակ hնազանդութեան դաստիարակութիւնը եւ բնաւ կիրարկելի չէ

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 5

Page 6: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները ՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

ազատախոh քաղաքացիներու վրայ: Այս պարագային ապակեդրոնացումը կամ դաշնակցային դրութիւնն է

միակ արդար եւ տրամաբանական լուծումը:

Ինչպէս վերը ըսինք, Թաէֆի տակաւին լման չգործադրուած hամաձայնագիրը նկատի առած է շրջաններու

վարչական ապակեդրոնոցումը միայն եւ hամայնքային դրութեան hանգրուանային վերացումը: Ինչո՞ւ

ժամանակ վատնել կէս ու կատար լուծումներու վրայ եւ կամ Լիբանանը զրկել իր գոյութիւնը արդարացնող

hամայնքային դիմագիծէն, երբ այս թնճուկին լուծումը այնքան պարզ է, փորձուած ու գործնական:

Լիբանանը շատ յաճախ կոչուած է Արեւելքի Զուիցերիան: Ինչո՞ւ իրողապէս եւ ամէն մակարդակի վրայ

չնմանիլ եւ արժանի չըլլալ այս վերագրումին:

Մինչ ամբողջ միջին արեւելեան տարածքաշրջանը կ՛երեւեփի, կը շեշտեմ, որ ժամանակն է անյապաղ եւ

միանգամընդմիշտ լուծելու լիբանանեան թնճուկը՝ պահպանելու եւ ապահովելու համար Լիբանանի որպէս

երկիր գոյութիւնը... որովհետեւ վերջը կրնայ արդէն շատ ուշ ըլլալ:

Վերջապէս, խորապէս hաւատալով թէ ապակեդրոնացումը կամ դաշնակցային դրութիւնն է միակ

փրկութիւնը Լիբանանին եւ երաշխիքը անոր գոյութեան, այս յօդուածս կ՛ուզեմ աւարտել լիբանանեան

հայրենիքի գոյատեւման եւ բարօրութեան ի նպաստ իր սուր կեցուածքներով քաջածանօթ Հայ Կաթողիկէ

Գերապայծառ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանին ատենին կատարած մէկ յայտարարութիւնը՝

«...Լիբանանի մէջ ապակեդրոնացումի դրութեան որդեգրումը իր hաստատ ու ուսումնասիրուած

hանգրուաններով կը պաhպանէ արդար գոյութիւնը բոլոր hամայնքներուն...»։

Պէյրութ, Լիբանան

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 6

Page 7: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

ՎԱՆՔՈՒՎԸՐ, ԳԱՆԱՏԱ

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 7

ՌԱԿ-ի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Page 8: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 8

ENGER ARTO DEYRMENJIAN

1941-2014

It’s hard and emotionally unbearable to lose a life long friend and comrade like Arto.

For decades, Arto was the leader of the Armenian Community in Vancouver, British Columbia, Canada. In

addition, he was the leader and one of the founders of ADL Sardarabad Chapter.

He was respected by all regardless of their political beliefs and was headstrong about community decisions

which didn’t support Armenia or Armenians.

We used to spend endless hours discussing Armenian issues and how we could tackle them.

He preferred to be behind the scenes and made sure protocol was followed. He participated actively and

made huge financial contributions for the right Armenian causes.

Who will be my guiding light now?

Like an Armenian Community Centre, his house was open to all Armenian youth. He readily gave advice

about being an active Armenian in our community.

Arto was a person you could trust in time of need. Arto used to say that a person would be remembered by

his deeds and the memories he created.

As a great pillar of our community, Arto succeeded in planting the Armenian seed in our youth and the fruit

of his fruition is evident.

Till we meet again!

Varto Papasian

Vancouver, British Columbia, Canada

Page 9: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 9

Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին առթիւ, Հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2014, երեկոյեան ժամը 5-ին,

Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցիին մէջ տեղի

ունեցաւ 1915-ի Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակի ոգեկոչման սուրբ եւ անմահ

Պատարագ, ինչպէս նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի ներկայութեան Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի

նախագահ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, ենթաքարտուղար գերյարգելի հայր Մաուրիցիօ

Մալվեսթիթի, Քահանայապետական վարժարաններու տեսուչներու, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի

Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարգիս Ղազարեանի, Վատիկանի մօտ Հայաստանի

Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչներու, հայ եւ օտար դիւանագիտական

մարմիններու, հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայ-իտալացի հաւատացեալներու

հոծ բազմութեան մը։ Պատարագիչն ու քարոզիչն էր Վարժարանիս տեսուչ՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ.

Նորատունկեան։

Յընթացս սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ, մեծաւոր հայրը անդրադառնալով Հայոց

Ցեղասպանութեան պատմական իրականութեան, ըսաւ թէ «միայն Ճշմարտութիւնը մեզ կը փրկէ»։

Խօսելով Քեսապին եւ քեսապահայութեան տառապալի վիճակին մասին, ան անդրադարձաւ Հայաւանին

վրայ կատարուած յարձակումին, նշելով որ քեսապահայերը տեղահանուեցան մութ գիշերին ամէն ինչ

ձգելով իրենց ետին՝ իրենց փաստաթուղթերը, ինչքերը, տուներն ու եկեղեցիները եւ հեռացան անորոշ

ուղղութեամբ։ Տեսուչ հայրը՝ խորհրդածութեան որպէս բնաբան առնելով Ծննդոց գիրքի 37, 16 «իմ

եղբայրներս կը փնտռեմ» նախադասութիւնը, նմանութիւն եւ կապ ստեղծեց Յովսէփի եւ հայոց

որդիներուն միջեւ։ «Իմ եղբայրներս կը փնտռեմ» նախադասութիւնը նկատեց անկեղծ եւ շինիչ կոչ մը

ամէն սփիւռքայի կողմէ ուղղուած Մայր Հայրենիքի եղբայրներուն, ամէն Հայ կաթողիկէի կողմէ ուղղուած

առաքելական եւ աւետարանական եկեղեցիներուն պատկանող եղբայրներուն…։ Տեսուչ հայրը իր խօսքը

աւարտեց հետեւեալ հարցադրումով.- «Ե՞րբ վերջ պիտի գտնեն ողբի ու լացի 100 տարիները եւ Հայ

Ազգին համար նոր յոյս մը պիտի յայտնուի»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին խօսք առնելով, Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի դրուատեց հայերը եւ

անոնց ստեղծագործական արժանիքները, նշելով որ 301-ին դառնալով պետականօրէն առաջին

քրիստոնեայ ժողովուրդը, հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին քանիցս հարկադրանքին առջեւ

գտնուեցաւ կրելու Քրիստոսի Խաչն ու լուծը։

Լուրեր Սփիւռքէն 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

ՀՌՈՄ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Page 10: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 10

ամէն սփիւռքայի կողմէ ուղղուած Մայր Հայրենիքի եղբայրներուն, ամէն Հայ կաթողիկէի կողմէ ուղղուած

առաքելական եւ աւետարանական եկեղեցիներուն պատկանող եղբայրներուն…։ Տեսուչ հայրը իր խօսքը

աւարտեց հետեւեալ հարցադրումով.- «Ե՞րբ վերջ պիտի գտնեն ողբի ու լացի 100 տարիները եւ Հայ

Ազգին համար նոր յոյս մը պիտի յայտնուի»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին խօսք առնելով, Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի դրուատեց հայերը եւ անոնց

ստեղծագործական արժանիքները, նշելով որ 301-ին դառնալով պետականօրէն առաջին քրիստոնեայ

ժողովուրդը, հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին քանիցս հարկադրանքին առջեւ գտնուեցաւ

կրելու Քրիստոսի Խաչն ու լուծը։

Կարդինալի խօսքէն ետք, կազմուեցաւ վարդերով զարդարուած թափօր մը, որ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ

բակը, ուր կանգնեցուած Խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք Իտալիոյ

մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարգիս Ղազարեան ներկաներուն

փոխանցեց սրտի խօսք մը «ԱՅՈ՛» պատասխանելով Հիթլերի այն հարցումին թէ «միթէ տակաւին մէկը կը

յիշէ՞ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։

Խաչքարին՝ ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը վարժարանի

քառանկիւնին մէջ։

www.armeniancatholic.org

Page 11: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 11

ԼԻԲԱՆԱՆ

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐԸ

ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՎ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ

Հայկազեան Համալսարանի մարզական պատուիրակութիւնը 25 Ապրիլ 2014ի երեկոյեան Հայաստանէն

վերադարձաւ: Խումբերը 12 մրցում կատարեցին հոն, որոնցմէ 7ը յաղթանակով, 1ը` հաւասարութեամբ եւ 4ը`

պարտութեամբ աւարտեցան:

Հայկազեան Համալսարանը ներկայացնող խումբերուն արձանագրած արդիւնքները.-

Աղջկանց ֆութսալ

Հայկազեան Համալսարան -Երեւանի Պետական Համալսարան 4-0

Հայկազեան Համալսարան - Մանկավարժական Համալսարան 2-1

Տղոց ֆութսալ

Հայկազեան Համալսարան - Երեւանի Պետական Համալսարան 6-7

Հայկազեան Համալսարան - Մանկավարժական Համալսարան 2-2

Կանանց պասքեթ

Հայկազեան Համալսարան - Երեւանի Պետական Համալսարան 50-39

Հայկազեան Համալսարան - Մանկավարժական Համալսարան 72-24

Տղոց պասքեթ

Հայկազեան Համալսարան - Երեւանի Պետական Համալսարան

(Ա. խումբ) 48-61

Հայկազեան Համալսարան - Մանկավարժական Համալսարան

(Բ. խումբ) 59-20

Աղջկանց փինկփոնկ

Հայկազեան Համալսարան - Երեւանի պետական Համալսարան 0-3

Հայկազեան Համալսարան - Մանկավարժական Համալսարան 1-3

Տղոց փինկփոնկ

Page 12: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 78 էջ 12

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Տղոց պասքեթ

Հայկազեան Համալսարան - Երեւանի Պետական Համալսարան

(Ա. խումբ) 48-61

Հայկազեան Համալսարան - Մանկավարժական Համալսարան

(Բ. խումբ) 59-20

Աղջկանց փինկփոնկ

Հայկազեան Համալսարան - Երեւանի պետական Համալսարան 0-3

Հայկազեան Համալսարան - Մանկավարժական Համալսարան 1-3

Տղոց փինկփոնկ

Հայկազեան Համալսարան - Երեւանի պետական Համալսարան 3-1

Հայկազեան Համալսարան - Մանկավարժական Համալսարան 3-0

Հայկազեան Համալսարանի այս ճամբորդութիւնը Ապրիլի այս շրջանին ծրագրուելուն պատճառներէն մէկը

Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակի Հայաստանի մէջ ոգեկոչման ներկայ գտնուիլ կը միտէր: Արդարեւ,

Հայկազեան Համալսարանի ուսանողները առիթը ունեցան մասնակից դառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան

ոգեկոչման տարեկան քայլարշաւին, երբ հազարաւոր հայեր աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած`

Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան յուշակոթող կ'ուղղուին ու անմար բոցին կից ծաղիկ կը զետեղեն ի

յարգանք Ցեղասպանութեան նահատակներուն: Քայլարշաւին որպէս Հայկազեան Համալսարանի

ուսանողներ մասնակցելու հանգամանքը կ'արտացոլէր նոր սերունդին մօտ արդարութեան եւ միջազգային

ճանաչման, ինչպէս նաեւ հայկական իրաւունքներուն վերատիրանալու ցանկութիւնն ու ոգին:

Հայկազեան Համալսարանի ուսանողները առիթը ունեցան հարուստ հայկական մշակոյթին ծանօթանալու եւ

այցելելու զանազան պատմական ու զբօսաշրջային վայրեր, ինչպէս` Սեւանայ լիճ, Դիլիջան, Էջմիածին`

Զատիկի տօնին, Սարդարապատ, Գեղարդ, Գառնի, Մայր Հայաստանի յուշարձան, Խոր Վիրապ եւն.:

Հայկազեան Համալսարանի ուսանողութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց նաեւ Սփիւռքի նախարար

Հրանոյշ Յակոբեանին:

Page 13: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 62 էջ 5

Page 14: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 15: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian
Page 16: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian
Page 17: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian
Page 18: Abagetronatsoumue vorbes loudzoum lipananian tndjougin by sevag hagopian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]