wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

20
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԵՐՉԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ (YEREVAN SHOW 2014) ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ՏՆՕՐԷՆ ՊԵՐՃ ԱՊԱՃԵԱՆ՝ “ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐԸ ՀԱՅԵՐՆ ԵՆ” Վարեց՝ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես շատ յարգուած կը զգամ նշանակուելու ոսկերչութեան ցուցահանդէսին տնօ- րէնըֈ Երկրորդը՝ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նախկին տնօրէնին, որ մեծ աշխատանք տարած էրֈ Հիմա արդէն կը փորձենք աւելի յառաջ երթալ, հասնելով միջազգային նոր չափանիշներու, ինչպէս «Vicenza Show», «JCK» միջազգային ցուցահանդէսըֈ Այն պէտք է դառնայ բարձր մակարդակի միջազգային ոսկերչութեան իրադարձութիւն՝ բազմաթիւ այցելունե- րով, յաւակնելով դառնալու աշխարհի լաւագոյններէն մէկըֈ Հարցազրոյց` ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս իմացանք, Ձեզի վստահուած է 2014 թուականի Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Երեւանի Ոսկերչա- կան միջազգային աւանդական ցուցահանդէսին (Yerevan Show) ղեկավարելու պաշտօնըֈ Կրնա՞ք յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ այդ մասինֈ www.facebook.com/RAGmamoul Հայրենի Լուրեր Երեւան - ՀՀ Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Արամ Ա.-ի, Գարեգին Բ.-ի Եւ Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի Հետ (Տեսնել՝ էջ 3) - Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նիստ (Տեսնել՝ էջ 5) Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան - «Լիբանանի Հայերը (Բ.)» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքներ (Տեսնել՝ էջ 6) - Մայիսեան Աշակերտական Գործունէութիւն Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն ներս (Տեսնել՝ էջ 9) Մշակութային Էջեր Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիա Արամ Խաչատուրեանի Եռանուագի (Տրիո) Նուագահանդէսը Լոնտոնի Մէջ (Տեսնել՝ էջ 12)

Upload: ramgavar-party

Post on 27-Mar-2016

226 views

Category:

Documents


10 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՈՍԿԵՐՉԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ

(YEREVAN SHOW 2014)

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ՏՆՕՐԷՆ ՊԵՐՃ ԱՊԱՃԵԱՆ՝

“ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐԸ

ՀԱՅԵՐՆ ԵՆ”

Վարեց՝ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես շատ յարգուած կը զգամ

նշանակուելու ոսկերչութեան ցուցահանդէսին տնօ-

րէնըֈ Երկրորդը՝ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ

նախկին տնօրէնին, որ մեծ աշխատանք տարած էրֈ

Հիմա արդէն կը փորձենք աւելի յառաջ երթալ,

հասնելով միջազգային նոր չափանիշներու, ինչպէս

«Vicenza Show», «JCK» միջազգային ցուցահանդէսըֈ Այն

պէտք է դառնայ բարձր մակարդակի միջազգային

ոսկերչութեան իրադարձութիւն՝ բազմաթիւ այցելունե-

րով, յաւակնելով դառնալու աշխարհի լաւագոյններէն

մէկըֈ

Հարցազրոյց`

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս իմացանք, Ձեզի վստահուած է 2014 թուականի Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Երեւանի Ոսկերչա-կան միջազգային աւանդական ցուցահանդէսին (Yerevan Show) ղեկավարելու պաշտօնըֈ Կրնա՞ք յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ այդ մասինֈ

www.facebook.com/RAGmamoul

Հայրենի Լուրեր

Երեւան - ՀՀ Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է

Արամ Ա.-ի, Գարեգին Բ.-ի Եւ

Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի Հետ

(Տեսնել՝ էջ 3)

- Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի

Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նիստ

(Տեսնել՝ էջ 5)

Լուրեր Սփիւռքէն

Պէյրութ, Լիբանան - «Լիբանանի Հայերը (Բ.)» Գիտաժողովը

Աւարտեց Իր Աշխատանքներ (Տեսնել՝ էջ 6)

- Մայիսեան Աշակերտական Գործունէութիւն

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն

ներս

(Տեսնել՝ էջ 9)

Մշակութային Էջեր Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիա

Արամ Խաչատուրեանի Եռանուագի (Տրիո)

Նուագահանդէսը Լոնտոնի Մէջ (Տեսնել՝ էջ 12)

Page 2: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 2

ձեւականօրէն Երեւանի մէջ, այս տարիֈ Ես կը հաւատամ Հայ Ոսկերիչներու Միութեան առաքելութեան,

որուն անդամն եմ տարիներէ ի վերֈ AJA-ը ընկերային համացանց է աշխարհի բոլոր հայ ոսկերիչներուն

համարֈ Հպարտ եմ հայ եւ սփիւռքահայ ըլլալուս համարֈ Մանաւանդ, բազմաթիւ նոր առիթներ ընծայելու

իմ հաստատութեանս, որ Մոսկուա բերուեցաւ շնորհիւ մեր նախագահ Գագիկ Գէորգեանի՝ դառնալով

ամենէն կարեւոր ոսկերչական պիտակներէն մէկըֈ Հայ Ոսկերիչներու Միութիւնը, ըլլալով միաժամանակ

տեղական եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւն, համաշխարհային առումով ալ խիստ կարեւոր էֈ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քանի՞ երկիրներէն կը կարծէք որ ոսկերչական հաստատութիւններ պիտի մասնակցին Yerevan Show-ինֈ

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես իմ տեսակէտս փոփոխութեան ենթարկած եմֈ

Մասնակիցներու քանակը չէ կարեւորը՝ այլ որակըֈ Որակաւոր

նախագծողներ, որակաւոր հաստատութիւններ, ցուցադրողներ,

որոնք կրնան ներգրաւել նաեւ որակաւոր գնորդներֈ Այդ ամենէն

կարեւորն էֈ Մենք կը նախատեսենք 150-200 ցուցադրող

հաստատութիւններու մասնակցութիւնը ցուցահանդէսինֈ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որպէս նշանաւոր հայ ոսկերիչ եւ «Պերճիօ» հիմնարկի սեփականատէր, կարեւոր դեր կը խաղաք ինչպէս Հայ Ոսկերիչներու Միութեան (AJA), այնպէս ալ Ոսկերիչներու Համաշխարհային Համադաշնակցութեան (IBJO) մէջֈ Միաժամանակ, մասնագիտական ջերմ կապերու մէջ էք Ռուսիոյ Ոսկերիչներու «Կիլտ»ի նախագահ Գագիկ Գէորգեանի հետ՝ ցուցադրելով ձեր “գլուխ-գործոցները” ռուսահայ «Էսթեթ» հաստատութեան մէջ…ֈ

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Երբեմն դժուար է մի քանի գլուխներ ունենալֈ Որպէս

գործադիր փոխ-տնօրէն եւ բազմաթիւ քննարկուելիք հարցեր,

ղեկավարութեան փոխանցման վերաբերեալ, որ տեղի պիտի ունենայ

Պերճ Ապաճեան

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայ ոսկերչութեան համար կարեւոր իրադար-ձութիւններով լի այս ժամանակներուն մէջ, ի՞նչ է Ձեր խօսքն ու պատգամը մեր ընթերցողներունֈ

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մենք՝ հայերս, դարեր շարունակ ոսկերչութեան

արուեստին մէջ ենք եւ ողնաշարը կը հանդիսանանք

համաշխարհային ոսկերչութեան…ֈ Աշխարհի լաւագոյն

ոսկերիչները հայերն են, որոնք կը շարունակեն մեր թանկագին

ժառանգութիւնըֈ Կոչ կ’ուղղեմ որ մեր ոսկերիչները դուրս գան

“նստարանային” իրավիճակէն եւ առեւտրականներ դառնան իրենց

մտահորիզոնը լայնացնեն եւ գան այսպիսի ոսկերչական մեծ

իրադարձութեան, Մայր Հայրենիքի մէջֈ

Մոսկուա, Ռուսիա

Page 3: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

Հայրենի Լուրեր

Երեւան

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է

ԱՐԱՄ Ա.-Ի, ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.-Ի ԵՒ

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ-Ի ՀԵՏ

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանն երէկ հանդիպում մը ունեցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն

Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի հետ: Այս մասին կը

յայտնէ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Ամենայն Հայոց Հայրապետի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Կաթողիկոս-Պատրիարքի հետ Նախագահը քննարկած է պետութեան եւ հայոց եկեղեցիներու միջեւ

հաստատուած սերտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայրենիքին եւ Սփիւռքին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցներն անդրադարձած են հայոց ազգային կեանքի մէջ Հայաստանեայց

Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հայապահպան կարեւոր դերակատարութեան ու համահայկական

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 3

Page 4: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

խնդիրներու լուծման գործին մէջ բոլոր Նուիրապետական Աթոռներու, թեմերու եւ կառոյցներու ամենօրեայ

ջանքերուն: Կարեւորուած է նաեւ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու մասնակցութիւնը ՀՀ

Նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած

ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, այդ ուղղութեամբ եւ

ընդհանրապէս՝ համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման գործին մէջ հայոց եկեղեցիներու կողմէն

Սփիւռքի մէջ, միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ իրականացուող աշխատանքը:

Հանրապետութեան Նախագահը Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկոսի ու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի հետ

վերոնշեալէն բացի քննարկած է սուրիական ճգնաժամի պատճառով այդ երկրի մէջ ծանր կացութեան մէջ

յայտնուած մեր հայրենակիցներու ներկայ վիճակի եւ անոնց ցուցաբերուող աջակցութեան հետ կապուած

հարցեր:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը աշխարհասփիւռ

հայութեան բարօրութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու

կարեւոր գրաւական է, եւ այսուհետ եւս պէտք է շարունակել ու առաւել արդիւնաւէտ դարձնել ջանքերու

համադրումը ազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 4

Page 5: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏ

Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ երէկ Երեքշաբթի 27 Մայիս 2014-ին տեղի

ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 23-րդ նիստը:

Խորհուրդի նիստը վարեց Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Նիստին

մասնակիցները շնորհաւորեցին խորհուրդի կազմին նոր ընդգրկուած անդամներ՝ Հայաստանի Ազգային

Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը եւ ՀՕՄ-ի նոր

ներկայացուցիչ Վիքի Մարաշլեանը:

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 5

Նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհուրդի անդամներուն տեղեկացուց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան

շրջանի տեղական մարմնի ատենապետ ընտրուած է Անդրանիկ Բաղդասարեանը: Հիմնադրամի գործադիր

տնօրէն Արա Վարդանեան ներկայացուց գործադիր վարչութեան հաշուետուութիւնը՝ 2013 թուականին

կատարած աշխատանքներուն մասին:

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Page 6: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Հաղորդագրութիւն

«Լիբանանի Հայերը (Բ.)»

Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Լիբանանի

Հայերը (Բ.)» գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:

Արդարեւ, 14 Մայիս 2014ի երեկոյեան պաշտօնական բացումէն ետք, յաջորդող երկու օրերուն՝ 15 եւ 16

Մայիս 2014ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ, գիտաժողովը գումարեց չորս նիստեր՝ 16 զեկոյցներով:

Ընդհանուր առմամբ եղան տասնութ ելոյթներ՝ իբրեւ գիտական ուսումնասիրութիւններ եւ դասախօսութիւն:

Ներկայացուած նիւթերն էին՝ Դոկտ. Հուտա Քասաթլի՝ «Լուսանկարիչ Յովսէփ Մատէնեանը՝ Լիբանահայ

Լուսանկարիչներու Ենթախորքին Վրայ», Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան՝ «Արեւմտահայերէնի Խնդիրներ

Լիբանահայ Համայնքին Մէջ», Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան՝ «Լիբանահայ Դպրոցի Հայագիտական

Դասանիւթերու Ուսուցիչը», Դոկտ. Օհաննէս Կէօքճեան՝ «Անտեսուած Բնագաւառ Մը՝ Լիբանահայ

Համայնքին Դերը Հակամարտութեան Լուծման մէջ (1975-1990)», Ռուբէն Աւշարեան՝ «Լիբանահայ

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 6

Լուրեր Սփիւռքէն

Պէյրութ, Լիբանան

Page 7: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

Երեսփոխանները Լիբանանի Խորհրդարանին Մէջ. Արժեւորում Մը՝ Ներսէն», Դոկտ. Իրինա Փափքովա՝

«Լիբանահայ Եկեղեցին Եւ Իր Միջավայրը», Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան՝ «Հասարակաց Դատեր.

Լիբանահայերը Եւ Լիբանանի Մայիս 6ի Նահատակաց Ու Անկախութեան Տօները», Դոկտ. Քլոտ

Մութաֆեան՝ «Հայ Եւ Լիբանանեան Միքանի Դաշինքներ Խաչակիրներու Ժամանակ», Դոկտ. Վահրամ

Շէմմասեան՝ «Մուսա Լեռան Հայութեան Տեղաւորումը Լիբանան, 1939-1940», Դոկտ. Ճէյմս Սթոքըր՝ «Մ.

Նահանգներու Կառավարութիւնը Եւ Լիբանահայ Համայնքը (1943-1975», Դոկտ. Արման Եղիազարեան՝

«Լիբանանի Հայ Համայնքը Եւ Մոդելային Սփիւռքի Խնդիրը Հայ Իրականութեան Մէջ», Հրաչ Քեսթէնեան՝

«Հայ Ուսանողական Կեանքը Սուրիական Բողոքական Քոլէճին Մէջ (1885-1920)», Եղիկ Թաշճեան՝ «Երրորդ

Ուղին Լիբանահայութեան Մէջ, 1956-1960», Վահագն Քէշիշեան՝ «Լիբանահայ Պետական Պաշտօնեաները»,

Արազ Գոճայեան՝ «Հանրային Անդրադարձը՝ Տագնապներու Ժամանակ. Կեզիփարքի Դէպքերուն

Անդրադարձը Լիբանահայ Երիտասարդութեան Մօտ», Շանթ Վարդանեան՝ «Սուրիահայ Գաղթականները

Լիբանանի Մէջ»:

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 7

Պաշտօնական բացման հանդիսութեան, Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան խօսեցաւ «Լիբանահայ Համայնքի

Կենսական Դերը. 1950ականներու Յիշատակներ Պէյրութահայութենէն» նիւթով, իսկ գիտաժողովի փակման

օրը, Տիար Վիգէն Աւագեան հանրային դասախօսութեամբ մը ներկայացուց «Պատմական Պտոյտ Մը Պուրճ

Համուտի Մէջ» նիւթը: Գիտաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Յուշամատեան Կայքէջի Houshamadyan

հատորի շնորհանդէսը՝ Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Արուեստի Ցուցասրահին մէջ եւ Պուրճ Համուտի

լուսանկարներու ինչպէս նաեւ լիբանահայ երգիչ-երգչուհիներու, երգչախումբերու փոքր եւ մեծ

ձայնապնակներու ցուցահանդէսը՝ Հայկազեան Համասլարանի Մաթոսեան Արուեստից Ցուցասրահին մէջ:

Գիտաժողովին մասնակիցները լաւապէս կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն, մանաւանդ որ

անոնք մօտէն շփում ունէին այդ նիւթերուն, կարծես մասնակիցն ու բաղադրամասը ըլլային անոնց:

Page 8: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Ազատ, անմիջական, երկար եւ խորունկ քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն վերահաստատուեցաւ

լիբանահայութեան տիպականութիւնը՝ Սփիւռքի իրականութեան մէջ:

Գիտաժողովի ընթացքին շեշտուեցաւ այն որ լիբանահայութիւնը գիտական ուսումնասիրութեան բազում երեսակներ

ունի տակաւին, որոնք կը սպասեն խորաթափանց պրպտողներու:

Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան նաեւ մեծաթիւ ունկնդիրներ, ինչ որ

կ'արտացոլացնէ նման գիտաժողովներու հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը, որ սկսած է գիտական

հետաքրքրութեան վերածուիլ մանաւանդ երիտասարդ համալսարանականներու եւ համալսարանաւարտներու մօտ:

Յատկանշական այլ երեւոյթ մըն էր երիտասարդ համալսարանաւարտներու մասնակցութիւնը: Արդարեւ, գիտաժողովի

վերջին նիստը ամբողջութեամբ տրամադրուած էր իրենց եւ անոնք փայլուն յաջողութեամբ ներկայացուցին իրենց

այժմէական ու ցարդ չուսումնասիրուած նիւթերը: Այս առումով, անոնք նոր փորձառութիւն շահեցան: Անոնց շփումը

փորձառու եւ երէց մասնագէտներու հետ հասումնացման կարեւոր գործօն կրնայ հանդիսանալ անոնց համար: Կը

յուսանք որ անոնք առաւել ամուր քայլերով կը յառաջանան իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ, յառաջ բերելով

համալսարանաւարտ, հայեցի մտաւորականներու նոր խաւ մը:

Կեդրոնը շնորհակալ է բոլոր մասնակիցներուն՝ զեկուցողներուն, որոնք ուշագրաւ նորութիւններ, չարծարծուած նիւթեր

մատուցեցին, ինչպէս նաեւ՝ ունկնդիր հասարակութեան, որ յատուկ մթնոլորտ յառաջացուց եւ աւելի ծաւալուն դարձուց

գիտաժողովին անմիջական արդիւնքները:

Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնի չորրորդ գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Սուրիոյ Հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը

ծրագրուի կայացնել 2015 Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են

այս առնչութեամբ:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի

Ուսումնասիրութեան Կեդրոն:

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 8

Page 9: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 9

Jri F9iyu4gepj, 26 Tg7jrjh, kg9jhf9yu gughxyupjuh xg96g0 ju9g7gkyui j9 ehy7pys igbtgif9;fvjh2 MSf9ajh BghdoM/ F9i9y9x be1rgh2=h fk2 g4gif9khf9o 4g9yufvgh Sglgh P=2=fghj ijrghx9jjh g5afu yu9 kf8j yuhfvgu aglj wy3ghvyuto/ 9-9x xgrg9ghj g4gif9khf9o aglo wy3ghvfvjh 8-9x xgrg9ghj g4gif9khf9yuh, y9yh2 3yrkgvgh tj4k sg5 ;glfn yurtgh yu lg79fhgrj9yupfgh aglo j9fhv lydjhf9yuh t=a [ j9fh2 gn j9fhv ig9djh wy3ghvfvjh 7gay9x xgrg9ghjh/

Պէյրութ, Լիբանան

Tg7jrfgh G4gif9kgigh Dy90yuh=yupjuh :=79yupj Sglgh P=2=fgh Sg9zg9gh=h hf9r

Ef8yuh [ tf8yugagh g43gkgh2o io 4g9yuhgiyuj Sglgh P=2=fgh Sg9zg9gh=h hf9r/ Jhc;=r kg9frijbejh g7x;=r gn yuryuthgigh kg9f49aghj gug9kjh hy7h pgwys yu f5ghxys io 4g9yuhgiyuj tf9 dy90yuh=yupjuho j h;grk lg7 g4gif9kjh/ Kg9figh tf9 09gdj9o i’ohxd9i= 6f5hg9ihf9yu 4g92 to, y9 tf0 e0g3hx9yupfgte yu ;gkgr3ghgkyuyupfgte io dy90gx9fh2 bghyh2/ Tg7jr gtryugh 09gdj9hf9=hm g5gajhom kg9figh ;ky7k to igbtgif9;fnh =9, y9 kf8j yuhfvgu Yu9egp, 23 Tg7jr 2014-jh/ G5gu1kfgh ighyu3 zgtf9=h sg9zg9ghj egio lgug2yug0 =jh g4gif9khf9o, ghyh2 io 3g7kg7jh yu io p5s5g7jh j9fhv yu9g3yupfh=h/Աշակերտները շուտով lgh9gig52f9ys wy3gx9yufvgh2 MZyu9p +n :gnnyupM 49agho/

Ehyupjuho 0g8iyuh =9, 1xo tf8t [ lysgryuh, lgqfnj tphyny9k io kj9=9 be1rg7djjh t=a/ Ju9g2ghcju9 xgrg9gh j9 xgrkjg9gijh ohif9givyupfgte 3teyuf-vgh j9fhv k9gtgx9yug0 rf8ghhf9yuh 4yu9a/ J9fhv kf8f9o d9gufn= fu g;9gh2hf9o kf8guy9fn= fk2 hfkyufvgh ehyupfgh dj9io/ Ty5vg0 j9fhv g519fg7 xgrf9h yu ;g9kgighyupjuhhf9o, ghyh2 i’otey43h=jh ehyupfgh df8fviyupjuho/ Vgki5kfn=h, sgbfn=h, 3g8gn=h 7ydhg0, i=r19jh ghyh2 xg96fgn eyny9yufvgh j9fhv rf8ghhf9yuh 4yu9a [ ju9g2ghcju9o ef9g0 yukfnj2o 4g9fnys rf8ghjh s9g7, tjgrhgeg9 qg4fvjh, 3hxgvjh yu 31rfvgh/ #g8f9yu f9i9y9x wyun to rirgu [ g7r ghdgt j9fhv tjgvgh yuryuvjchf9o, jri i=r19= fk2 yu9g3 yu 3ghxgsg5 k9gtgx9yupfgte sf9gxg96gh sg9zg9gh/

Page 10: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 10

Eft eg969gvgh hgfu )g8ji xgrg9ghj g4gif9khf9o j9fhv 6f52jh t=igigh bghd [ hyuj9fvjh 9-9xj g4gif9khf9yuh, jri sf9ajhhf9r gn wy3gxg96fvjh t=igigh 0g8ji hyuj9fnys ghyhv/ Yu lhcfv bghdo, lhcfv sf9ajh ghdgt tf9 49aghgug9khf9yuh lgtg9, y9t= fk2 0g8ji xgrg9ghj g4gif9khf9o f9dfvjh MSf9ajh BghdoM f9do/ &g7kgd9j gug9kjh eft eg969gvgu Sg9zg9ghjr Kh19=hyuljhm Kji> Ignjhg Hgqg9fgho/ Gh 39g3yurfv g4gif9khf9o [ 7gay8yupjuh yu eg9j f9p tg8pfv ghyhv, tg8pfnys y9 g;gdg7jh ghyh2 onngh dy901h tg9tjh sg9zg9ghjr/ G;g g4gif9khf9o xgrg9gh g5 xgrg9gh 49afvgh yu xjkfvjh j9fhv jri ;gk9grkg0 6f5g7jh g43gkgh2hf9h yu d0gd9yupjuhhf9o, y9yh2 3hgt2ys yu qg4giys bfkf8yug0 =jh rf8ghhf9yuh s9g7/ Gughxyupjuh xg96g0 6f5g7jh g43gkgh2hf9yu [ d0gd9yupfgh vyuvglghx=ro g7r kg9j fur g;gvyuvfv tf9 g4gif9khf9yuh yuhfvg0 r=9h yu lfkg2929yupjuho MD0gd9yupfgh [ G9yufrkjM bghgbgh tg9bf9yu lghx=;/

G;g sf9ajh ghdgt onngnys 9-9x xgrg9ghj g4gif9khf9o f9dfvjh sg9zg9ghjr yu %GI-j 2g7nf9dhf9o/ Aglf9yu wy3ghvtgh g9g9y8yupfh=h fk2 g4gif9khf9o eg969gvgh sg9zg9ghjr r9glo yu9 kf8j ;jkj yuhfhg9 MSf9ajh BghdMj hyuj9yug0 6f5hg9io [ g4gif9khf9yuh 6f5g7jh g43gkgh2hf9yu [ d0gd9yupfgh vyuvglghx=ro/ Egvtgh 31r2o ig9xgv 8-9x xgrg9gh=hm Rfugi Py9yrfgh, gh j9 31r2jh t=a 7gay8yupjuh, wg7nyuh g;gdg7 [ eg9j f9p tg8pfv j9 xgrohif9hf9yuh/ G;g vyuvgx9yufvgu 3kgrgnji to, ;gk9grkyug0 9-9x xgrg9gh=hm Vyn=9 Rgtghnfghj iy8t=, yu9 io hf9ig7gvh=9 tf9 49aghgug9khf9yuh hig9hf9o, x;9yvgigh 12 kg9yugh ohpgv2jh sg9zg9gh=h hf9r/ G;g eft eg969gvgh tf9 49aghgug9khf9o [ t=i g5 t=i d9gignjh t1kfhgnys g9kgryugnjv gc2f9ys wy3ghvfvjh j9fhv f9g3kgdjkgigh [ 4hy9lgigngigh 31r2f9o/

Page 11: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 11

Ghyh2 j9fhv 6f5g7jh g43gkgh2hf9yu [ 3y7bf9yu ohxt=a=h tfbj wy3ghvfvjh j9fhv ju9gvyuvg0 djkfnj2hf9o/ Htgh vyuvglghx=r to igbtgif9;fnyu ljthgigh h;gkgih = g4gif9kjh g5jp oh0g7fn, y9 j9 tkg0fngif9;o [ hf9g43g9lo g9kg7g7k=, hgfu bg9dgvh= ghy9 kfrhfnyu-xjkfnyu ig9y8yupjuho [ kfrg0o, ry9sg0o igt f9fugig7g0o ig9fuy9 cgwys hf9ig7gvh= yu egvg7g7k=/ Sglgh P=2=fgh sg9zg9ghj kh19=hyupjuhh yu yuryuvcgigbto b9glyug0 lg79fhfgv lgugk2ys io 4g9yuhgifh j9fhv g5g2fnyupjuho, 6dkfnys tj4k eg9jjh, df8fvjijh yu srftjh/

P8pgijv

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Page 12: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 12

Մշակութային Էջեր

Լոնտոն, Մեծն Բրիտանիա

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԵՌԱՆՈՒԱԳԻ

(ՏՐԻՈ) ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍԸ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ

Նախաձեռնութեամբ Հ.Բ.Ը. Միութեան Լոնտոնի մասնաճիւղին հովանաւորութեամբ ՀՀ Մեծն Բրիտանիայի

Դեսպանութեան,Մեծն Բրիտանիայի և Իռլանտայի Թեմի Առաջնորդարանին և Մեծն Բրիտանիայի Հայոց

Համայնական Խորհուրդին Արամ Խաչատուրեան Եռանուագը Համերգով մը պիտի նշե Արամ

Խաչատուրեանի Ծննդեան 110-ամեակը այսօր՝ Չորեքշաբթի, 28 Մայիս, 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7.30-

ին, Սուրբ Եղիշե եկեղեցի-համերգասրահին մեջ:

Խաչատուրեան Եռանուագն իր անդրանիկ նուագահանդեսը տուաւ Լոնտոնի մեջ, դարձեալ Հ.Բ.Ը.Մ.ի

նախաձեռնութեամբ, չորս տարի առաջ, արժանանալով ունկնդիրներու և քննադատներու բարձր

գնահատանքին:

Մայիս 28-ի համերգը բացառիկ առիթ մը պիտի տայ լոնտոնահայութեան, ունկնդրելու հայ անուանի

երաժիշտներու առինքնող ստեղծագործութիւնները, զորս պիտի կատարեն աշխարհի լաւագոյն

արուեստագէտներէն՝ Արամ Խաչատուրեան Եռանուագի անդամները, յանձինս Արմինէ Գրիգորեանի,

Կարէն Շահգալդեանի և Կարէն Քոչարեանի Համերգին իր մասնակցութիւնը պիտի բերե նաև Լոնտոնի

Արքայական Օփերայի երգչուհի Սոփրանօ Անոյշ Յովհաննիսեան Ստորև կու տանք քանի մը մեջբերում այն

յօդուածեն, զոր գրած ենք ատենին, Խաչատուրեան Եռանուագի Լոնտոնի մեջ 22 Մայիս, 2010-ին տուած

առաջին նուագահանդեսի առիթով:

Page 13: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

«Սովորական համերգի մը կամ գեղարուեստական հաւաքոյթի մը մասին գրելը դիւրին է: Բայց ինչ որ տեղի

ունեցաւ Ս. Եղիշե եկեղեցի-համերգասրահին մեջ շաբաթ, 22 Մայիսին, սովորական ածականով

տարազուելու տուեալներեն բոլորովին զուրկ էր և կրնար միմիայն ՀԻԱՍՔԱՆՉ բառով բնութագրուիլ: Իսկ

«հիասքանչ» նուագահանդեսի մը մասին գրելը չափազանց դժուար է: Հարազատ գոյներով ինչպե՞ս վրձնել

Խաչատուրեան Եռանուագին պարգևած երաժշտական գերագոյն վայելքին պատկերը. պատկեր, որ

հարուստ էր յոյզերու և ապրումներու ռոսլինեան և սարեանական գոյներով: Ի՞նչ տարազ հագցնել այն

գգացումին, որ կը ծնի դաշնամուրի, ջութակի և թաւջութակի առինքնող ու հմայիչ ձայներու կրքոտ

գիրկընդխառնումեն…: Բառերով ինչպե՞ս ներկայացնել այն գգացումը, որ ամբողջ էութիւնդ կը վերածե մեջդ

կուտակուած ապրումներու համագումարեն ծնած յոյզերու ծովու մը, ուր ձայնային հիասքանչ ալիքներ,

գեղեցիկ հուրիներու պես ձեռք ձեռքի բռնած, կը պարեն»:

«Եռանուագի գործիքներեն ժայթքող ձայնային ջրվեժները, բնականաբար, կը պատկանին առաջին հերթին

զիրենք յօրինող երաժիշտներուն: Խաչատուրեան Եռանուագին մեծութեան գաղտնիքներեն մեկն ալ այն է,

որ անոր անդամները գիտեն խորասուզուիլ այդ հեղինակներու ապրումներուն մեջ, ներթափանցել անոնց

գգացումներուն ներաշխարհը, մտնել կատարուող ստեղծագործութեան խորքը, քաղել հոն ամբարուած

զգլխիչ երաժշտական թրթիռները, մերուիլ անոնց հետ և ապա՝ կատարողական անթերի վարպետութեամբ

բաշխել զանոնք ունկնդիրներուն՝ յօրինողին ապրումները համաձուլելով իրենց ապրումներուն հետ»:

«Մայիս 22-ին, Խաչատուրեան Եռանուագին անդամները, յանձինս Արմիե Գրիգորեանի, Կարեն

Շահգալդեանի , Կարեն Քոչարեանի՝ երեքն ալ հռչակաւոր արուեստագետներ իրենց բնագաւառներուն մեջ,

անգամ մը ևս ստեղծեցին գրեթե կատարելութեան հասնող երաժշտական միասնութիւն մը, որ ծնաւ

իւրաքանչիւր արուեստագետի նրբազգացողութեան, կատարողական վարպետութեան և «հնչիւններու

ջերմութեան» միաձուլումեն: Ընդգծենք նաև այն, որ այսօր աշխարհի մեջ չկայ trio մը, որ ունենայ

Խաչատուրեան Եռանուագին հարուստ նուագացանկն ու ոճային այլազանութիւնը»:

Ասատուր Կիւգելեան

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 13

Page 14: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 15: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 16: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98
Page 17: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98
Page 18: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98
Page 19: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98
Page 20: Wednesday 28 05 14, volume # 9, issue # 98

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]