ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 17

6
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ... ԳՐԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՄՍԱԹԵՐԹ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2012, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ Ուրֆա ... ( եդեսիա ) Եօթնեղբայրներու հայրենիք ... Ուրֆայի օդը շնչած հերոսներու ծննդավայր... Եօթնեղբարեան հերոսներու շառաւիղները հասան Երուսաղէմ, ﬕնչև Կազա Պաղեստին, յետոյ Աﬔրիկա... Սաղիմահայ ﬔր սերունդը այդ շառաւիղէն կը յիշէ ﬔր մանկութեան հերոսներէն լուսահոգի Գերշ. Տէր Վաղարշ եպիսկոպոսը, որ Պարոն Տէրէն Հայոց Վանք կ՚երթար բազմած իր ձիուն վրայ, գլուխը բարձր... եթէ ﬓար Ուրֆա՝ հերոսներու ընտանիքին զաւակը այդպէս պիտի ընթանար Ուրֆայի փողոցներուն մէջէն... Իր նախնիներուն արիւնը երակներուն մէջ, ﬔր Հերոսն էր նաև Սուրբ Յարութեան Լոյսի օրերուն... ով կը համարձակէր սխալիլ և հայերուն սահմանը անցնիլ Վաղարշ Սրբազանին ներկայութեան... Սակայն խօսելէ առաջ Ուրֆայէն Երուսաղէմ հասած ﬔր հայրենակիցներուն մասին, ես կ՚ուզեմ անդրադառնալ Ուրֆայի (Եդեսիոյ) և Երուսաղէﬕ կապը քրիստոնէութեան առաջին տարիներուն, երբ «Նախավկայ և ի Քրիստոս անդրանիկ հաւատացեալ Աբգար թագաւոր» նամակ կը ղրկէ, խնդրելով որ Տէրը Յիսուս Քրիստոս այցելէ Հայաստան և բուժէ զինք, նաև գծագրիչ մը, որ Քրիստոսի դէմքը նկարէ... Յիսուսի անձեռագործ պատկերը կտաւի վրայ կը հասնի Աբգար թագաւորին...։ 19րդ դարուն լուսանկարչութիւնը Երուսաղէմ կը հասնի եկեղեցւոյ սպասաւոր Երջանկայիշատակ Եսայի Պատրիարքի ձեռքով։ 1865ին կը բացուի լուսանկարչութեան առաջին վարժարանը։ Դարձեա՛լ հայերն են, որ այս անգամ Սուրբ Քաղաք կը բերեն լուսանկարչութեան արուեստը։ ... ԵԹԷ ՀԱՅ ԵՍ ԵԿՈՒՐ ՈՒ ՄԻ ՛ ՀՊԱՐՏԱՆԱՐ... Այստեղ կարևոր է յիշել, որ ոչ ﬕայն Երուսաղէﬕ մէջ այլ Պոլսոյ մէջ առաջին լուսանկարչատունը կը հիﬓուի Բերայի (Պէյօղլու)ի մէջ, հայազգի Բասկալ Սեպահի կողմէ 1857ին, որ պարգևատրուած էր սուլթանին կողմէ Մէճիտէի երրորդ աստիճանի շքանշանով։ Հայերը անպայման իրենց զաւակներուն կը սորվեցնէին որևէ արհեստ կամ արուեստ, լուսանկարչութիւնը այդ արուեստներէն մէկն էր։ Եւ այսպէս լուսանկարչութիւնն ալ հայերն իրենց հետ տարին ամէնուրեք , տուին աշխարհահռչակ լուսանկարիչներ, պարգևատրուեցան մրցանակներով... ﬔր կոտորածով ﬔր լոյսը սփռուեցաւ... ﬔր սփռուելով՝ աշխարհ շահեցաւ...։ ԹԻՒ 17

Upload: anoush-nakashian

Post on 12-Mar-2016

217 views

Category:

Documents


2 download

DESCRIPTION

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 17

TRANSCRIPT

Page 1: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 17

Ա Ն Դ Ր Ա Դ Ա Ր Ձ . . . ԳՐԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՄՍԱԹԵՐԹ

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2012, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

! Ո ւ րֆա . . . (եդեսիա ) Եօթնեղբա յ րներո ւ հայրենիք . . . Ուրֆայի օդը շնչած հերոսներու ծննդավայր... ! Եօթնեղբարեան հերոսներու շառաւիղները հասան Երուսաղէմ, մինչև Կազա Պաղեստին, յետոյ Ամերիկա... Սաղիմահայ մեր սերունդը այդ շառաւիղէն կը յիշէ մեր մանկութեան հերոսներէն լուսահոգի Գերշ. Տէր Վաղարշ եպիսկոպոսը, որ Պարոն Տէրէն Հայոց Վանք կ՚երթար բազմած իր ձիուն վրայ, գլուխը բարձր... եթէ մնար Ուրֆա՝ հերոսներու ընտանիքին զաւակը այդպէս

պիտի ընթանար Ուրֆայի փողոցներուն մէջէն... Իր նախնիներուն արիւնը երակներուն մէջ, մեր Հերոսն էր նաև Սուրբ Յարութեան Լոյսի օրերուն... ով կը համարձակէր սխալիլ և հայերուն սահմանը անցնիլ Վաղարշ Սրբազանին ներկայութեան...! Սակա յն խօսե լ է առաջ Ո ւրֆա յ էն Երո ւսաղէմ հասած մեր հայրենակիցներուն մասին, ես կ՚ուզեմ անդրադառնալ Ուրֆայի (Եդեսիոյ) և Երուսաղէմի կապը քրիստոնէութեան առաջին տարիներուն, երբ «Նախավկայ և ի Քրիստոս անդրանիկ հաւատացեալ Աբգար թագաւոր» նամակ կը ղրկէ, խնդրելով որ Տէրը Յիսուս Քրիստոս այցելէ Հայաստան և բուժէ զինք, նաև գծագրիչ մը, որ Քրիստոսի դէմքը նկարէ... Յիսուսի անձեռագործ պատկերը կտաւի վրայ կը հասնի Աբգար թագաւորին...։! 19րդ դարուն լուսանկարչութիւնը Երուսաղէմ կը հասնի եկեղեցւոյ սպասաւոր Երջանկայիշատակ Եսայի Պատրիարքի ձեռքով։ 1865ին կը բացուի լուսանկարչութեան առաջին վարժարանը։ ! Դարձեա՛լ հայերն են, որ այս անգամ Սուրբ Քաղաք կը բերեն լուսանկարչութեան արուեստը։

... ԵԹԷ ՀԱՅ ԵՍ ԵԿՈՒՐ ՈՒ ՄԻ ՛ ՀՊԱՐՏԱՆԱՐ...

! Այստեղ կարևոր է յիշել, որ ոչ միայն Երուսաղէմի մէջ այլ Պոլսոյ մէջ առաջին լուսանկարչատունը կը հիմնուի Բերայի (Պէյօղլու)ի մէջ, հայազգի Բասկալ Սեպահի կողմէ 1857ին, որ պարգևատրուած էր սուլթանին կողմէ Մէճիտէի երրորդ աստիճանի շքանշանով։ Հայերը անպայման իրենց զաւակներուն կը սորվեցնէին որևէ արհեստ կամ արուեստ, լուսանկարչութիւնը այդ արուեստներէն մէկն էր։! Եւ այսպէս լուսանկարչութիւնն ալ հայերն իրենց հետ տարին ամէնուրեք, տուին աշխարհահռչակ լուսանկարիչներ, պարգևատրուեցան մրցանակներով... մեր կոտորածով մեր լոյսը սփռուեցաւ... մեր սփռուելով՝ աշխարհ շահեցաւ...։

ԹԻՒ 17

Page 2: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 17

! ...Եւ Ուրֆայէն Մարտին՝ ջարդ, կոտորած աւեր ու փլուզում տեսած որբուկ մը, 160 հոգինոց գերդաստանէ մը մինակ մնացած, ոտաբոպիկ և անօթի այդ տեսարանները իր մտքին մէջ պիտի հասնէր Երուսաղէմ, որպէսզի Ուրֆայի իր հերոս նախնիներուն բռնած զէնքը փոխարինէր ուրիշ զէնքով մը՝ լուսանկարչական գործիքով, որպէսզի իր նկարներուն ցուցահանդէսները իր որդին Երուսաղէմէն հասցընէր Փարիզ, Նիւ Եորք, Թօրոնթո, Սէն Տիակո։ Կարևոր է գիտնալ թէ ինչ զէնք ուր և երբ պիտի գործածես։ Մեր արուեստը, մեր մշակոյթը, մեր հանճարը եղան մեր զէնքերը... ինչ լաւ պիտի ըլլար եթէ զէնքն իսկապէս միայն այդպէս գործածուէր, սակայն...! Կը թուար թէ խաղաղ էր կեանքը. դպրոցական տարիք ունեցողները դպրոց կը յաճախէին, փոքրերը տունը, տան բակը կամ պարտէզը կը խաղային, մայրեր իրենց զաւակներով կը զբաղէին, հայրեր՝ իրենց գործերով։ 1895ի ջարդերէն քսան տարի անցած էր... Զուարճասէր, հաւաքոյթներ ու հանդէսներ, ուրախութիւն սիրող աշխատասէր ՈՒՐՖԱՑԻն չէր մոռցած այն։ «Եօթը թիթեղ լեցուն ոսկի, մի՛ հաւատար թուրքին խօսքին»։ Սկսած էին զինուիլ, մեծ զգուշութեամբ զէնքեր կը բերուէին, ձեռնառումբեր կը պատրաստուէին... Ուրֆացիները պատրաստ էին անակնկալներու։ Չէին սխալած...։ 1915 թուականի կէսերուն խաղաղ կարծեցուած Ուրֆան ալ դարձաւ արիւնլուայ։ Աքսորեալները Ուրֆայէն կ՚անցնէին հասնելու Տէր Զօր, Ռաս էլ Այն, անշուշտ եթէ հասնէին։Ուրֆան մեծ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ... Հերոսական պատմութիւն։! 1910ին ծնած Եղիա Գահուէճեանը հազիւ հինգ տարեկան էր Մեծ Եղեռնին, կը յիշէ թէ ինչպէս մայրը ձեռքէն բռնած կը տանէր Աստուածածին եկեղեցին, ուր բարբարոսները ողջ-ողջ այրած էին հազարաւոր հայեր 1895ին։! Հիմա ալ առնելով իր փոքր զաւակները կը բռնէ աքսորի ճամբան, վերջին անգամ հօրը ձայնը Եղիան կը յիշէ ջրհորի մը խորերէն, ուր հայրն ու մեծ եղբայրը ապաստան գտած էին։ Մայրը կը կանչէ. «Յարութի՜ւն, Յարութի՜ւն, մենք կ՚երթանք, վիճակնիս վիճակ չէ»։ «Աստուած հետերնիդ ըլլայ, Աստուած հետերնիդ ըլլայ, զաւակներուս ուշադրութիւն ըրէ»։ Եղիան կը համտեսէ աքսորի ճամբուն բոլոր տառապանքները՝ սովը, յոգնութիւնը, հարազատներու կորուստը։ Մայրը ուժասպառ՝ ինն ամսական զաւակին՝ Գէորգին, որուն անհնար էր այլևս գրկած տանիլ կը ձգէ աղբիւրի մը մօտ , յուսալով, որ ազնուասիրտ քիւրտ մը գտնելով հոգ կը տանի մանկիկին, բայց պէտք էր փրկել նաև Եղիան... յարմար առիթ մը ներկայանալուն պէս զաւակը կը յանձնէ քիւրտի մը ըսելով. «Ի սէր Աստուծոյ, առ այս տղան, ուշադրութիւն ըրէ, որ ողջ մնայ»։! Այդ Եղիային վերջին յիշողութիւնն է մօրմէն, երբ գիւրտին հետ բլուրին գագաթը հասած էին զէնքի կրակոցներուն հետ «Աստուած» բացագանչող աղաղակներ կը լսեն... Հարիւրաւոր կանանց և երեխաներուն ձայները ականջին մէջ Եղիան հնազանդ իր ճակատագրին և մօր կամքին կը հեռանայ քիւրտին հետ։! Թէև լոգցած էր ու կուշտ բայց առտուն կ՚արթննայ բոլորովին որբացած իր ընտանիքէն և անտեղեակ գալիքէն։ Երկու շաբաթ ետք փոքրիկ Եղիան կը վաճառուի երկու ոսկիի դիմաց ասորի ընտանիքի մը Մարտինի մէջ։ Երկաթագործ մարդուն հետ իր արհեստանոցը կ՚երթար ու հսկայ փքոցը կ՚աշխատցընէր իր փոքրիկ ձեռքերով։ Բայց ազնիւ մարդիկ էին և ինք գոնէ անօթի չէր մնար։ ! Արդէն 1917ն էր։ Եղիային կեանքին ամենատխուր տարին թերևս։ Երկաթագործին կինը կը մահանայ և նոր անսիրտ կինը առանց ազդուելու փոքրիկին աղաչանքներէն, խնդրանքներէն և ապա դիմադրութենէն, փողոց կը նետէ արդէն որբացած փոքրիկը։! Դժուար տարիներ էին ոչ միայն որբուկներուն այլ բոլորին համար։ Մարդիկ անօթութենէ գազանացած՝ նոյնիսկ մարդու միս կ՚ուտէին...։! Գազանն իր գազանութիւնը պիտի ընէ, բայց երբ մարդն է գազանացած... ! Ձմեռնամուտ էր, շուարած, յուսահատած, մրսած, անօթի Եղիան կը հանդիպի իրեն հաց խոստացող երիտասարդներու, որոնք... մարդակերներ էին։! Եթէ Աստուծոյ կամքն էր իր ողջ մնալը, ապա թուրքին ճիրաններէն ազատած Եղիան՝ մարդակերներէն ալ պիտի ազատէր։ Տառապանքը միայն ֆիզիքական չէր այլև հոգեկան։ Շատերու նման ինք ալ մուրացկանութիւն կ՚ընէ... Պիտի ապրէր... ! ...Եւ Մարտինի մէջ էր, երբ ուզեց մօտենալ բարձրաստիճան սպայի մը ողորմութիւն խնդրելու համար, ետևէն հայ տղայ մը կը զգուշացնէ. «Սա այն հրէշն է, որ պատճառ դարձաւ մեր ժողովուրդին տառապանքներուն, չմօտենաս»։ Մարդակերպ գազանը՝ Էնվէր փաշան էր... ամենամեծ ՀԱՅԱԿԵՐներէն, ոճրագործներէն մէկը... որբերու, անտունիներու և անտէրներու պատճառ եղողներէն մէկը։ Իր և իր նման հրէշներու արիւնոտ ձեռքով չէ՞ր, որ Եղիան կորսնցուց իր բոլոր հարազատները,

Page 3: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 17

ծանօթները, հայրը, մայրը, չորս եղբայրներն ու երեք քոյրերը... տունն ու տեղը, անոնց պատճառով չէ՞ որ այսօր մուրացկան է ինք։! Վերջապէս անոնք չե՞ն պատճառը, որ օր մը որբահաւաքներ նաև զինք առին ու տարին Ուրֆայի որբանոցը։! Փնտռեց իր տունը, բակը, հարազատներուն և բարեկամներուն տունը... ամէնուրեք աւերակ էր... մեռելներ... դիակներ... խենթեցած վերապրողներ... վշտահարներ... ամէն անցնող խումբի մէջ հարազատ մը ուզեց գտնել և երբեք չգտաւ... յետոյ շատ ուշ լսեց, որ այդ դիակներուն մէջ էին նաև իր հայրն ու եղբայրը, որոնց կախած էին Սամոսատի դրան մօտ, դաւաճաններու մատնութեամբ ...! ...Եւ այդ ցաւը սրտին մէջ, փոքրիկ Եղիան կը տեղափոխուի որբանոցէ որբանոց։ Հալէպ ապա Լիբանան և 1923ին ուրիշ որբերու հետ American Near East Relief Foundation նախաձեռնութեամբ կը հասնի Նազարէթ։ ! Դիւրին չէին որբանոցին մէջ անցուցած օրերը, անօթի ալ կը մնային, սակայն բախտակիցներով շրջապատուած ըլլալը կը մեղմացընէր ցաւը։ Արդէն այն տարիքին էին, որ որբանոցէն դուրս նոր կեանքի մասին պէտք է մտածէին։! Հոգատար դաստիարակներու ձեռքին տակ իւրաքանչիւրը կը փորձէր արհեստ մը ձեռք բերել։ Այդպէս ալ Եղիան Գրիգոր Պօղոսեանի հոգատարութեան տակ կը ծանօթանայ լուսանկարչութեան։ Այդ կ՚ըլլայ սկիզբը։ 1926ին 8-10 որբերու հետ կու գայ Երուսաղէմ՝ Հայոց Վանք։ Կը վարձեն մայրիկ մը, որ իրենց ճաշը կ՚եփէր, զգեստները կը լուար։ Եղիան գործի կը մտնէ Երուսաղէմի յայտնի լուսանկարիչ Պարոն Թումայեանին քով, ապա անոնց մեկնումի որոշումէն ետք կը գնէ լուսանկարչատունը. աշխատասէր երիտասարդը մէկը կը դարձընէ երեք, սակայն...! Առանձին էր... տխուր։ Փշրուած մանկութիւն... Բացի նկարչութենէ իր սփոփանքը կը գտնէր իր վրձինին մէջ, բարեբախտաբար քանի մը կտաւներ պահուած են։ ! Գրելու պահուս ՛՛եթէ՛՛ներու շարք մը կը խճճուի ուղեղիս մէջ... գիտենք թէ որքան տաղանդներ լոյս աշխարհ չեկան, ընդհատուեցաւ անոնց կեանքը, գիտենք թէ որքան շնորհալիներ պարզապէս առիթը չունեցան զարգանալու...պատերազմը ոչ միայն մարդկային հոգիներ խլեց, այլև ողջ մնացողներէն շատերուն հոգին սպաննեց... քանիներ թառամեցան դեռ չծաղկած... Եղիա Գահուէճեանին պարագային, ան բախտը ունեցաւ վերապրելու, արհեստ մը սորվելու, որ շատ ուշ պիտի գիտնար, որ այդ արհեստէ շատ աւելի բարձր էր, սակայն մնալով իր

երկրին մէջ արդեօ՞ք ուրիշ պիտի ըլլար իր ճակատագիրը, թերևս հարուստ ընտանիքի զաւակը իր ուսումը շարունակէր գեղանկարչութեան մէջ, այդպէս կ՚ըսեն իրմէ մնացած քանի մը գեղանկարները... թերևս ՛՛մանտօլին՛՛ նուագող-երգող հայրիկն ու մեծ հայրիկը երաժշտութեան հետևէր... այսօր կարևոր չէ անիկա... աւերը գործուած էր, բայց ատկէ վերականգնիլն ալ ուրիշ շնորհ մըն էր Աստուծմէ տրուած։! Եղիան կ՚որոշէ Հալէպ երթալ և փորձել գտնել իրենց մեծ գերդաստանէն ողջ մնացած գոնէ մէկ անձ... առանձնութիւնն ու կարօտը կ ը խեղդէին ե ր իտասարդ արո ւ եստագէտ լուսանկարիչին հոգին... մէկ-մէկ կ՚առնէր լուսանկարչական գործիքը ու կը նկարէր այն բոլորը ինչ սրտին կը խօսէին.. տեսարաններ, դիմանկարներ, որո՞ւ և ի՞նչ կը տեսնէր անոնց մէջ... հայրենիքը թէ՞ ընտանիքէն մնացորդներ... արդեօք որբին կարօտը սփոփանք կը գտնէր այնտեղ...։! Հալէպի մէջ հաստատուած հայերուն և ուրֆացիներուն թիւը շատ էր։ Գոյութիւն ունէր նաև Ուրֆայի Հայրենակցական

Page 4: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 17

Միութիւն, որուն ատենապետը երկրէն ծանօթ էր իր ընտանիքին։ Միհրան Հերարտեանը կը խոստանայ օգնել։ Եղիան հարազատ մը գտնելու նոր յոյսով կը վերադառնայ Երուսաղէմ. անհամբեր կը սպասէ լուրի մը. շաբաթներ ետք նամակ մը կը ստանայ ու հարցումներու տարափը ուղեղին մէջ կը փութայ Հալէպ... արդեօք իսկապէս քո՞յրն էր... արդեօք պիտի ճանչնա՞յ զինք... ճանապարհը կը թուի անվերջանալի, իսկ Հալէպի Ուրֆայի Հայրենակցական Միութեան երկսեռ վարժարանին սենեակներէն մէկուն մէջ հաւաքուած մեծ թիւով վերապրողներուն մէջ կին մը նոյն մտահոգութիւններով կը սպասէր ճամբէն եկողին... ինք տարիքով աւելի մեծ ըլլալով աւելի լաւ պիտի յիշէր ու ճանչնար եղբօրը։! Վերջապէս կը հասնի... երիտասարդ, միջահասակ գեղեցիկ կին մը կը փաթթուի Եղիային... արդեօք կարևո՞ր էր այդ պահուն հարազատ քոյր-եղբայր ըլլալը... այդ զարհուրելի կոտորածներէն ետք բոլորը որբեր էին և... քոյր-եղբայրներ... սակայն արեան կանչը չէր կրնար խաբել... Կինը դիմելով ներկաներուն կ՚ըսէ.« Եթէ ասիկա եղբայրս Եղիան է, ապա ճակատին խաչաձև սպի մը պիտի ունենայ, մանկութեան ինկած էր և հետքը մնացած էր»։ Ապա մատներով ետ կը տանի Եղիային առատ մազերը և... ո՜վ Հրաշագործ Աստուած քոյր ու եղբայր կը գիրկընդխառնուին արտասուալից համբոյրներով։ ! Վերջապէս Եղիան շատ բան կ՚իմանայ իր մեծ քրոջմէն՝ Ազնիւէն։ Փոքր էր, հօր ու մօր անունները չէր յիշեր, որովհետև հայրիկ ու մայրիկ կ՚ըսէր, սակայն քոյր եղբայրներուն անունները լաւ կը յիշէր։Երբ որբանոց կը տանին բնականաբար չէր յիշեր նաև ընտանիքին մականունը, և այն հարցումին թէ հայրդ ինչ կ՚աշխատէր կը պատասխանէ, որ սուրճ կը վաճառէր, ճիշդ է հայրը կը զբաղէր սուրճի վաճառականութեամբ։ Ուրեմն Եղիային կու տան Գահուէճեան մականունը։ ! Իսկ Ազնիւը գիտէր, որ իրենք Սիւլուքճեան էին, քաղաքէն դուրս իրենց պապերը իրենց խաղողի այգիներուն մօտ ճահճոտ տեղ մը պատրաստած էին, որուն մէջ տզրուկներ (սիւլուք) կը բազմացնէին և կը վաճառէին սափրիչներուն, այն ժամանակ սափրիչները նաև բժշկութեամբ կը զբաղէին։ Այդ պատճառով ալ կոչուած էին Սիւլուքճեան։! Ազնիւին մտահոգութիւնը կ՚ըլլայ եղբօրը ընտանիք կազմելը, անպայման ուրֆացի օրիորդի մը հետ։ Եւ թէև Յակոբ Տէվէճեանը չէր ուզեր, որ իր աղջիկը, որ նոյնպէս Ազնիւ կը կոչուէր, ուրիշ երկիր հարս երթար, այնուամենայնիւ 1936ին երջանիկ բոյն մը կը կազմեն Եղիան և Ազնիւը։ Կ՚ունենան հինգ զաւակ, տղաներուն կու տայ հօր և ինն ամսական աղբիւրին մօտ մօր ձգած եղբօր անունները Յարութիւն և Գէորգ։ Իսկ աղջիկները՝ Մարի, Արփինէ, Աստղիկ։ Զաւակներն ալ կը կազմեն ընտանիքներ, իրենց ողջութեան կ՚ունենան 15 թոռ 5 ծոռ, այսօր բնականաբար աւելցած է թիւը։! Սակա յ ն Մի ջ ի ն Արևե լ ք ի քաղաքական անկայուն պայման-ներուն մէջ չէր կրնար խաղաղ ըլլալ նաև Եղիա և Ազնիւ Գահուէճեան-ներուն կեանքը... 1947ին մօտակայ պատերազմին վտանգը նախատեսելով անոնք կը հաւաքեն իրենց ապրանքը իրենց խանութներէն և սնտուկներու մէջ կը բերեն ապահով պահելու համար Հայոց Վանքին մէջ։! Ապա այդ սնտուկները տունէ տուն փոխադրուելով փակուած կը մնան երկար տարիներ և օր մը երբ Գէորգ տղան ու հարսը Համբարձման տան կառատունը կարգի դնելու ատեն կը գտնեն տարիներ առաջ իրենց հօր՝ Եղիայի նկարած ժապաւէններուն սնտուկը։! Ըստ հայկական սովորութիւններուն երբ աղջիկ ուզելու կ՚երթային այսպէս կը դիմէին.«Ձեր պարտէզէն վարդ մը քաղելու եկած ենք»։ Գէորգը չէր սխալած ոչ թէ վարդ այլ ՅԱՍՄԻԿ քաղելով։ Գէորգին կնոջ Յասմիկին յամառ պնդումներովը ժապաւէնները լոյսի կու գան և առաջին անգամ 1991ին կը ցուցադրուին Երուսաղէմի American Colony պանդոկին մէջ։ Ցուցահանդէսը յաջող էր և աղմուկը՝ մեծ։ Ցուցահանդէսները կը յաջորդեն մէկը միւսին և 1999ին Եղիա Գահուէճեանին մահէն երկու ամիս

Page 5: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 17

առաջ լոյս կը տեսնէ “Jerusalem through my father’s eyes” որդուն՝ Գէորգ Գահուէճեանին գիրքը։ ! Եղիա Գահուէճեանին կեանքին երջանիկ պահերն էին երբ «Մանտօլին»ը ձեռքը կը նուագէր ու կ՚երգէր շրջապատուած իր զաւակներով ու թոռներով։ Երգացանկին առաջին երգն էր «Գնդակ որոտաց Նոյեմբեր ամսին, պաշարուած ենք մենք սիրուն իմ Սօսէ»ն։ Բայց ուրիշ էր արդէն, ինք այլևս պաշարուած չէր, այլ շրջապատուած իր սիրելիներով և գնդակի որոտումին տեղ ընտանիքին մեծ ու փոքրին պահանջի ու վրէժի ձայներն էին։

! 1985ին National Geographyի կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ֆիլմի մը մէջ, Եղիա Գահուէճեանը ներկայացաւ իր ընտանիքով։ Անոր յուշերը ցնցեցին աշխարհը, մեծ աղմուկ յառաջացուցին ու մանաւանդ տակնուվրայ ըրին ոճրագործներուն աշխարհը։! Եղիա Գահուէճեանը ձգեց տուն ու հայրենիք ու նորը կառուցեց իր ուզած ձևով Երուսաղէմի մէջ։ Հարստացուց սաղիմահայ կեանքը ոչ միայն կազմելով առողջ ընտանիք, ունենալով թոռներ ու ծոռեր, այլև Սուրբ Քաղաքին բերաւ իր մեծ ներդրումը հարստացնելով 20րդ դարասկիզբի Երուսաղէմը անկրկնելի նկարներով, մարդկային կերպար-ներով։! Տուներ կը կառուցուին ու կը քանդուին, մարդիկ կը ծնին ու կը մեռնին, կարևորը մեր մնայուն տունն է Վերը՝ Հոն։ Եսայի Պատրիարքով մուտք գործեց լուսանկարչութիւնը Երուսաղէմ։ Ուրֆայէն բռնի արտագաղթած, զանազան փորձութիւններէ անցած հայ որբուկը Երուսաղէմը նկարեց հայու աչքերով, նկարներ, որոնց ժապաւէնները համեստօրէն պահուած կը մնային, բայց լոյս աշխարհ եկան իր արհեստը ժառանգած որդուն՝ Գէորգի և կեսուրհօր արուեստը գնահատող հարսին՝ Յասմիկին ջանքերով...։ Թող Եղիա

Գահուէճեանի հոգին ալ լոյսերու մէջ հանգչի ՎԵՐը՝ ՀՈՆ, ուր չկան աւերողներ ու քանդողներ , մարդասպաններ ու մարդակերներ , ուր հոս չարչարուողները՝ ՀՈՆ հանգիստ կը գտնեն...։

! Շատ բարբարոսներ եկան ու անցան այս անցողիկ աշխարհէն . . . Դարեր կ՚անցնին , ինչ պիտի ձգէ թուրքը , բարբարոսութեան քանի մը էջեր... այսօր իր առողջ մտաւորականներն են, որ դէմ ելած են իրեն, անոնց մէջ արեան կանչ կայ... հայու արիւն։ Իսկ ինք կ՚ապրի սուտերու և խաբկանքի տագնապին մէջ անընդհատ փորձելով փաստել անիրա-կանը։! Այո մենք հող կորսնցուցինք ,

տուինք մէկ ու կէս միլիոն նահատակ... բայց չկորսնցուցինք ինքնութիւն, սրբութիւն, պատիւ... չկառուցեցինք արեան վրայ...։ Մենք լոյս տուինք աշխարհին, տուինք տաղանդ ու հանճար... Աշխարհը հարստացուցինք...։

5

Page 6: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 17

Հեղինակութեամբ և Պատրաստութեամբ՝՝ Անուշ ՆագգաշեանիՀեռ։ 054 464 29 09

Email: [email protected]/anoushn

Ոչինչ ունիմ,Լոկ հոգի մը,Սակայն հարուստ...Այդ ալ մարդիկԹէ մտերիմԹէ անծանօթ,Միշտ փորձեցինԸնել բաժինԻրենց աղքատՉար խաղերուն։Մերթ լեցուեցանԱնկէ յորդողԲարի շունչով,Մերթ չկրցանԶայն ըմբռնել,Եւ յոգնեցանՎեհ սլացածԱյն բարձունքէն,Ուրկէ հոգիսՉհասկցուած՝Անխոնջ ժպտաց,Նոյնիսկ չարին,Զինք հեգնողին,Եւ ուրիշին

ԴժբախտութեամբՈւրախացողԱնաստուածին։ՅափշտակողՁեռքին տուաւԻ՛ր պատառը...Տիրոջ խօսքինՄի՛շտ հնազանդ,Երեսն դարձուցԿեանքէն հասածԱպտակներուն...Ու լո՜ւռ ժպտաց,Լոկ խնդրելովՆոյն Տիրոջմէն՝Միայն ներում...Քանզի քսանԴար է արդէն,Դեռ չեն գիտերԹէ ինչ կ՚ընեն...

Ոչինչ ունիմ,Լոկ հոգի մըՇա՜տ տառապած՝Բայց... անհատնում...։