ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 6

6
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ... ԳՐԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՄՍԱԹԵՐԹ ՕԳՈՍՏՈՍ 2011, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ Օգոստոս ամսուն մէջ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը կը նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր երկինք Վերափոխուելու Տօնը: Անթիւ են աղօթքները նուիրուած Սուրբ Կոյս Մարիամին , Սուրբ Աստուածածինին , ինչպէս նաեւ բազմաթիւ են Անոր նուիրուած երգերն ու տաղերը, գովաբանութիւնները : Ան ոչ միայն Հայ Եկեղեցւոյ սուրբերուն մէջ ամենասիրուածն է այլ նաեւ հայ ժողովուրդին մէջ ունի իր մեծ դերը միջնորդելու Աստուծոյ՝ ժողովուրդին ակնկալելիքներուն եւ սպասումներուն համար: Այս Տօնին առանձնայատկութիւնը այն է , որ Օգոստոսին հասունցող խաղողին օրհնութիւնը կը կապուի Անոր հետ , բերքի օրհնութեան եւ նուիրաբերման գաղափարը կայ այնտեղ, որ ժողովուրդին կողմէ անուանուած է Խաղողօրհնէք: Հայաստանի մէջ ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուին Աստուածամօր անունը կրող եկեղեցիները: Իսկ մենք սաղիմաբնակներս դարձեալ կը տարբերինք: Մենք ոչ միայն կ'աղօթենք Աստուածամօր նուիրուած եկեղեցիին մէջ, այլ Աստուածամօր գերեզմանին վրայ կառուցուած եկեղեցիին մէջ: Որո՞ւն կը դիմեն մանկիկները իրենց ուրախութեան, ցաւին կամ նեղութեան ժամանակ, բնականաբար իրենց մայրիկներուն: Իսկ որո՞ւն կը դիմեն մայրիկները... Մեր ծնած օրէն մեր մօր կաթին հետ մեր օրօրին հետ լսած ենք Աստուածամօր ուղղուած մեր մայրերուն աղօթքներն ու խնդրանքները. ԹԻՒ 6 Աստուածամա՜յր... զոհաբերութեան, գեղեցկութեան եւ բարութեան անգերազանցելի օրինակը...: Այո՛, Աստուծոյ ընտրեալ կինը բոլորիս տիպարն է, ՄԱՅՐԸը, եւ Երուսաղէմը դա՛րձեալ իր յատուկ տեղն ունի այդ առումով: Երբ կը քալենք Քրիստոսի հետքերով Խաչի ճամբայէն՝ Գողգոթա, Գերեզման եւ Համբարձման լեռ, Աստուածամօր արցունքով կ'առաջնորդուինք, Իր Որդին մեր փրկութեան համար խաչուեցաւ իսկ Ան կու լայ մեր մեղքերուն համար... ...Եւ կ'երեւայ մեզի միշտ իր անուշ նայուածքով ու մեղմ ժպիտով... Իր աչքերուն մէջ է մեր խնդրանքը, օրհնութիւնը միշտ շրթներուն վրայ... Որպէս հայ քրիստոնեայ հայկական վարժարաններուն մէջ մեզի կը դասաւանդուի մեր կրօնը, գոնէ մենք Սաղիմահայերս առաջին դասարանէն մինչեւ մեր աւարտելը շաբաթը մէկ պահ կրօնի դաս ունեցած ենք։ Անոր հետ մէկտեղ բախտաւոր ենք այն առումով, որ կ'ապրինք երկրի մը մէջ, ուր մեր Տէրը՝ Քրիստոս քարոզեց, Ոսկէ խաչ վզիդ լինի պահապան Նարօտ կապեր է ծառէն Տէր Պապան: Քուն եղիր բալաս, ինծի ալ քուն տուր, Սուրբ Աստուածամայր անուշիս քուն տուր:

Upload: anoush-nakashian

Post on 15-Mar-2016

241 views

Category:

Documents


3 download

DESCRIPTION

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 6 -August

TRANSCRIPT

Page 1: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 6

Ա Ն Դ Ր Ա Դ Ա Ր Ձ . . . ԳՐԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՄՍԱԹԵՐԹ

ՕԳՈՍՏՈՍ 2011, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Օգոստոս ամսուն մէջ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը կը նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր երկինք Վերափոխուելու Տօնը: Անթիւ են աղօթքները նուիրուած Սուրբ Կոյս Մարիամին, Սուրբ Աստուածածինին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ են Անոր նուիրուած երգերն ու տաղերը, գովաբանութիւնները: Ան ոչ միայն Հայ Եկեղեցւոյ սուրբերուն մէջ ամենասիրուածն է այլ նաեւ հայ ժողովուրդին մէջ ունի իր մեծ դերը միջնորդելու Աստուծոյ՝ ժողովուրդին ակնկալելիքներուն եւ սպասումներուն համար: Այս Տօնին առանձնայատկութիւնը այն է, որ Օգոստոսին հասունցող խաղողին օրհնութիւնը կը կապուի Անոր հետ , բերքի օրհնութեան եւ նուիրաբերման

գաղափարը կայ այնտեղ, որ ժողովուրդին կողմէ անուանուած է Խաղողօրհնէք: Հայաստանի մէջ ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուին Աստուածամօր անունը կրող եկեղեցիները: Իսկ մենք սաղիմաբնակներս դարձեալ կը տարբերինք: Մենք ոչ միայն կ'աղօթենք Աստուածամօր նուիրուած եկեղեցիին մէջ, այլ Աստուածամօր գերեզմանին վրայ կառուցուած եկեղեցիին մէջ: Որո՞ւն կը դիմեն մանկիկները իրենց ուրախութեան, ցաւին կամ նեղութեան ժամանակ, բնականաբար իրենց մայրիկներուն: Իսկ որո՞ւն կը դիմեն մայրիկները... Մեր ծնած օրէն մեր մօր կաթին հետ մեր օրօրին հետ լսած ենք Աստուածամօր ուղղուած մեր մայրերուն աղօթքներն ու խնդրանքները.

ԹԻՒ 6

Աստուածամա՜յր... զոհաբերութեան, գեղեցկութեան եւ բարութեան անգերազանցելի օրինակը...: Այո՛, Աստուծոյ ընտրեալ կինը բոլորիս տիպարն է, ՄԱՅՐԸը, եւ Երուսաղէմը դա՛րձեալ իր յատուկ տեղն ունի այդ առումով: Երբ կը քալենք Քրիստոսի հետքերով Խաչի ճամբայէն՝ Գողգոթա, Գերեզման եւ Համբարձման լեռ, Աստուածամօր արցունքով կ'առաջնորդուինք, Իր Որդին մեր փրկութեան համար խաչուեցաւ իսկ Ան կու լայ մեր մեղքերուն համար... ...Եւ կ'երեւայ մեզի միշտ իր անուշ նայուածքով ու մեղմ ժպիտով... Իր աչքերուն մէջ է մեր խնդրանքը, օրհնութիւնը միշտ շրթներուն վրայ... Որպէս հայ քրիստոնեայ հայկական վարժարաններուն մէջ մեզի կը դասաւանդուի մեր կրօնը, գոնէ մենք Սաղիմահայերս առաջին դասարանէն մինչեւ մեր աւարտելը շաբաթը մէկ պահ կրօնի դաս ունեցած ենք։ Անոր հետ մէկտեղ բախտաւոր ենք այն առումով, որ կ'ապրինք երկրի մը մէջ, ուր մեր Տէրը՝ Քրիստոս քարոզեց,

Ոսկէ խաչ վզիդ լինի պահապանՆարօտ կապեր է ծառէն Տէր Պապան:Քուն եղիր բալաս, ինծի ալ քուն տուր,Սուրբ Աստուածամայր անուշիս քուն տուր:

Page 2: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 6

Արդար էր Նոյ Նահապետը եւ Աստուած զինք ընտրեց, որ կեանքը շարունակուի ջրհեղեղէն յետոյ ալ...:Աստուած Մարիամ անունով աղջիկ մը ընտրեց, Իր Որդիին աշխարհ գալուն համար, եւ այդ դեռատի աղջիկը դարձաւ Աստուածամայր, որուն կը հաւատանք ու կը պաշտենք:

Բայց ինչո՞ւ Մարիամը դարձաւ Աստուծոյ ընտրեալը...

Աստուածամայրն ալ եղեր է մանուկ եւ ունեցեր է մայրիկ... սակայն ան տարբեր էր մեր բոլորէն եւ անոր համար Աստուած զինք ընտրեց, որ Իր Որդիին Մայրը դառնայ: Ըստ մեր եկեղեցիին աւանդութեան եւ Գրիգոր Տաթեւացի Մեծ Սուրբին. «Դաւիթի թագաւորական ցեղէն Յովակիմը ամուսնացած էր քահանայական ցեղէն Մաթան քահանային երրորդ դուստր Աննային հետ: Արդար եւ անարատ կեանք մը կ'ապրէին Յովակիմն ու Աննան: Աղօթքով եւ պահքով կ'անցընէին իրենց կեանքը եւ չէին հեռանար Աստուծոյ խօսքերէն ու օրէնքներէն: Իրենց ամբողջ ստացուածքը կը բաժնէին երեք մասի, առաջինը կը նուիրէին Աստուծոյ տաճարին, երկրորդը՝ աղքատներուն եւ երրորդ բաժինով կը հոգային իրենց կարիքները: Քսան տարի անցած էր իրենց ամուսնութենէն եւ տակաւին զաւակով չէին օրհնուած: Բայց այդ ալ պատահական չէր, որովհետեւ աշխարհի Փրկիչին մայրը, ինքն ալ հրաշքով պիտի ծնէր: Յովակիմն ու Աննան միշտ տաճար կ 'երթային զոհ մատուցանելու եւ զաւակ մը կը խնդրէին Աստուծմէ, որուն ուխտած էին նուիրել Տիրոջը: Մօտ էր Տիրոջ տաճարի Նաւակատիքի տօնը, եւ ինչպէս Իսրայէլի բոլոր որդիները, այդպէս ալ Յովակիմը իր ազգականներուն հետ կ'երթայ տաճար ընծաներ մատուցանեելու: Յովակիմին կը դիմաւորէ Աբիաթար քահանայապետը ու կ'ըսէ. «Արժանի չես դուն Աստուծոյ ընծայ մատուցանելու, որովհետեւ զաւակ չես տուած Իսրայէլի»:

չարչարուեցաւ, թաղուեցաւ եւ Յարութիւն առաւ, սակայն այս բոլորը արդեօ՞ք բաւական են իսկապէս քրիստոնեայ մեծնալու, դաստիարակուելու համար: Դժբախտաբար մեր կրօնական դաստիարակութիւնը խորութիւն չէ ունեցած. հեքիաթի նման մենք սորված ենք Ադամն ու Եւան «Արգիլուած խնձորը» կերան. մանուկ մը ծնաւ Բեթղեհէմի այրին մէջ, որ հրաշքներ պիտի գործէր... սակայն ի՞նչ է հաւատքը, ինչո՞ւ Աստուծոյ Միածին Որդին՝ Երկնի ու Երկրի Թագաւորը պիտի չարչարուէր, հալածուէր ու խաչուէր մեզի համար եւ դեռ մինչեւ այսօր Իր հետեւորդները կը հալածուին նոյն երկրին մէջ. այդ բաւական չէ մենք քրիստոնեաներս մէկ բռունցք ըլլալու փոխարէն իրարու բռունցք կը բարձրացնենք, նիւթականացնելով ամէն սրբութիւն: Սաղիմահայ Երիտասարդ, անդրադարձա՞ծ ես արդեօք թէ ինչու է մեր անընդմէջ պայքարը այստեղ, պայքար որուն շատերը չդիմացան ու հեռացան... եւ արտաքին պայքարներուն միացած մեր ներքին պայքարները... շա՛տ է, շա՛տ... ու մենք կը պայքարինք. կը պայքարինք ապրելու համար, կը պայքարինք ՀԱ՛Յ մնալու համար, կը պայքարինք քրիստոնէավայել կեանք ապրելու համար...:

Այս խօսքերը մեծ վիշտ կը պատճառեն Յովակիմին. տուն չի դառնար, այլ կ'երթայ անապատ, քառասուն օր արտասուալից կ'աղօթէ Աստուծոյ, յուսալով որ Տէրը կը լսէ իր աղօթքը եւ իրեն զաւակ մը կը պարգեւէ: Իր աղօթքին մէջ խորացած Յովակիմը տեսիլք մը կ'ունենայ, ուր Հրեշտակապետը կ'երեւայ ու կը մխիթարէ զինք ըսելով. «Մի նեղուիր քահանային խօսքերէն Յովակի՛մ, որովհետեւ ձեր ամլութիւնը հրաշքի համար է. ինչպէս Սառան ամուլ մնաց մինչեւ 90 տարեկան, ապա ծնունդ տուաւ Իսահակին: Նոյնպէս Ռեփեկան երկար ամլութենէ ետք ծնունդ տուաւ Յովսէփին: Աստուած լսեց քու աղօթքներդ, ընդունեց ընծաներդ եւ ուխտդ: Տուն գնա, Աննան քեզի համար մանուկ մը պիտի ծնի, որուն պիտի անուանես Մարիամ: Ձեր ուխտին համաձայն մանուկը պիտի նուիրէք Աստուծոյ: Եւ վերադարձիդ որպէս նշան, Երուսաղէմի դռներուն քով պիոի հանդիպիս կնոջդ»:

Page 3: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 6

Կ'ըսուի թէ. «Երբ Մարիամ վեց ամսական կ'ըլլայ, ոտքի կը կենայ, եօթը քայլ կ'առնէ եւ կը վերադառնայ մօր գիրկը: Աննան կ'ըսէ. «Կենդանի է Տէրը, Աստուծոյ պարգեւ իմ աղջիկս ոտքը գետին պիտի չդնէ մինչեւ

չտանիմ զինք Տիրոջ տունը»: Երբ Մարիամ կ'ըլլայ մէկ տարեկան, Յովակիմը կը հրաւիրէ քահանաներ, դպիրներ, ծերեր եւ մեծ բազմութիւն, Մարիամը կը յանձնէ քահանայապետին: Ան կ'օրհնէ փոքրիկը եւ կ'ըսէ. «Մեր հայրերու Աստուած, օրհնէ այս մանուկը, եւ ան անուանի թող ըլլայ բոլոր ազգերուն մէջ»: Իսկ երբ կը դառնայ երեք տարեկան, իրենց ուխտին համաձայն, ծնողքը զինք բազում ընծաներով տաճար կը տանին: Ի զարմանս բոլորին տակաւին ոտքը գետին չդրած երեք տարեկան Մարիամը, առանց որեւէ մէկուն օգնութեան կը բարձրանայ տաճարին բազում բարձր աստիճաններէն դէպի մեծ սեղան: Զաքարիա Քահանայապետը կ'օրհնէ փոքրիկը եւ անոր կը

տեղաւորէ տաճարին կից օթեւաններուն մէջ, ուր կը դաստիարակուէին հրեայ աղջիկները կնութեան տալու համար:

Նոյնպէս Աննան մեծ ողբի մէջ էր իր ամուսինին համար: Սուգի հագուստներ հագած՝ կ'աղօթէր. «Մեր Հայրերուն Տէր Աստուած, յիշէ իմ տառապանքներս եւ օրհնէ զիս, ինչպէս որ օրհնեցիր Սառային արգանդը եւ Իսահակ որդին տուիր անոր»: Հրեշտակապետը կ'երեւայ նաեւ Աննային եւ կ'ըսէ. «Տէրը լսեց քու աղօթքներդ. պիտի յղանաս եւ մանուկ մը ունենաս, որուն անունը յայտնի պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհին: Գնա Երուսաղէմի ՛՛ոսկի դռներուն՛՛ քով եւ որպէս նշան հոն պիտի հանդիպիս Յովակիմին, որ անապատէն վերադարձած պիտի ըլլայ»: Աննան կը յղանայ եւ աշխարհ կը բերէ Ամենաօրհնեալ Ծնունդը: Ինչպէս Հրեշտակապետը ըսած էր Մարիամ կ'անուանեն, որ կը նշանակէ լուսաւորեալ... եւ Անկէ կը ծնի Լոյսը աշխարհի՝ լուսաւորելու մարդկային խաւարը:

Յովակիմն ու Աննան իրենց ուխտը կատարած կը հեռանան, Աստուծոյ ծառայութեան թողնելով փոքրիկ Մարիամը, որ օրէ օր կ'աճի օրէնքի եւ բարիքներու մէջ, հրեշտակային երգեցողութեան տակ: Ան ջերմեռանդ սիրով կը սիրէ Աստուած, սպասաւորութիւն կ'ընէ Աստուծոյ տաճարին մէջ բէհէզ ու ծիրանի կը մանէ եւ միշտ հաղորդակցութեան մէջ կը մնայ հրեշտակներուն հետ: Երբ կ'ըլլայ տասնեւչորս տարեկան ինչպէս կարգն էր տաճարին, Քահանայապետը կը կամենայ միւս կոյսերուն նման ամուսնացնել նաեւ Մարիամը: Սակայն Մարիամ կը մերժէ եւ կ'ըսէ. «Ծնողքս զիս Աստուծոյ նուիրած են եւ ես ուխտած եմ կոյս մնալ, պէտք է այստեղ մնամ եւ ծառայեմ Աստուծոյ»: Քահանայապետը կ'աղօթէ Աստուծոյ ... Եւ ահա ձայն մը երկինքէն կ'ըսէ. «Հաւաքէ բոլոր պատուաւոր տղամարդիկը , որոնք ամուսնանալու եկած են եւ խորանին վրայ դիր անոնց գաւազանները, այն տղամարդուն գաւազանը, որ ծաղկի՝ Մարիամը անոր կնութեան տուր»: Քահանայապետը կը կատարէ Տիրոջ կամքը: Յովսէփ անունով արդար անձի մը գաւազանը կը ծաղկի եւ Սուրբ Հոգիին շնորհը կ'երեւի անոր վրայ: Քահանայապետը կ'օրհնէ Կոյսը եւ կը յանձնէ Յովսէփին: 41 տարեկան էր Յովսէփ, կինը մահացած էր եւ ունէր չորս որդի եւ երեք դուստր: Յովսէփ Մարիամին կը տանի Նազարէթ՝ իր տունը: Իսկ ինք այնտեղէն կ'երթայ Բէթղեհէմ ամուսնութեան պատրաստութեան:

Յովսէփի տունէն ոչ շատ հեռու աղբիւր մը կը գտնուէր (յետոյ կոչուեցաւ Կոյս Մարիամի աղբիւր) ուրկէ Մարիամ ջուր կ'առնէր միշտ.: Օր մըն ալ սովորականին նման Մարիամ կը վերադառնայ աղբիւրէն ու կ'երթայ իր սենեակը աղօթելու: Գաբրիէլ Հրեշտակապետը կ'երեւայ եւ կ'ըսէ. «Ուրախացի՛ր, ո՛վ շնորհընկալ, Տէրը քեզի հետ է: Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ դուն Աստուծմէ շնորհ գտար։ Պիտի յղանաս եւ որդի մը ունենասս ու անունը Յիսուս պիտի դնես։ Ան Բարձրեալի Որդի պիտի կոչուի։ Անոր թագաւորութիւնը վախճան պիտի չունենայ։ Քու ազգական Եղիսաբէթն ալ յղի է իր ծերութեան մէջ, Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ»։

Page 4: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 6

Մարիամ գաղտնի կը պահէ իր տեսիլքը Յովսէփէն եւ անոր զաւակներէն եւ կը խնդրէ այցելել Եղիսաբէթին:Եղիսաբէթ՝ արդէն վեցամսեայ յղի էր. երբ կը լսէ Մարիամի ողջոյնը, որովայնին մէջ մանուկը կը խաղայ (Յովհաննէս Մկրտիչը): Մարիամ երեք ամիս կը մնայ Եղիսաբէթին տունը: Երբ կը վերադառնայ Յովսէփին քով, արդէն յայտնի էր իր հրաշափառ վեց ամսական յղութիւնը:

Արդար եւ բարի մարդ էր Յովսէփ. ան չուզեր խայտառակել Մարիամը, կը մտածէ առանց աղմուկի արձակել զայն: Այս մտորումներուն մէջ էր, երբ Աստուծոյ հրեշտակը կ'երեւայ երազին մէջ եւ կ'ըսէ. «Յովսէփ Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամին քովդ պահելու, որովհետեւ անոր մէջ ծնուածը Սուրբ Հոգիէն է: Ան Որդի մը պիտի ծնի եւ անունը Յիսուս պիտի դնես, որովհետեւ Ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը իր մեղքերէն»: Կայսեր հրամանով Յովսէփն ու Մարիամը Բեթղեհէմ կը հասնին մարդահամարի համար. Մարիամին ծննդաբերութեան ժամանակը հասած է. այր մը կը գտնեն ու կ'ապաստանին այնտեղ, ուր համեստ պայմաններու մէջ կը ծնի Երկնքի եւ Երկրի Թագաւորը,...

Այո, իմ Սիրելի Սաղիմահայ, այդ բոլորը կարծես վերջացան մեր մանկութեան հետ, երբ մեր թոթովախօս շրթներով կը պատմէինք մանուկ Յիսուսին Ծնունդը. երբ Ծնունդին կը փնտռէինք ա մ ե ն ա փ ա յ լ ո ւ ն ա ս տ ղ ը ե ր կ ի ն ք ի ն ո ւ կ ը հաւատայինք թէ այդ ճիշդ նոյն աստղն է որ կ'առաջնորդէ Բեթղեհէմ: ...Սակայն արդեօք սորվեցա՞նք շնորհակալ ըլալ Տիրոջ, կամ աղօթել ու խնդրել, եթէ այո, ապա ինչու այս անտարբերութիւնը այսօր. Ինչո՛ւ այս լճացումը այսօր , ինչո՛ւ պարպուեցաւ Երուսաղէմը, ուր խոր

հաւատքով դարեր այցելեցին հայ ուխտաւորներ, ուր մեր նախնիները նոյնպիսի հաւատքով կառուցեցին ու պահեցին այս բոլորը: Իսկ այսօ՞ր... ի՛նչ պիտի արձանագրէ մեր նոր սերունդը... ի՛նչ պիտի արձանագրէ Երուսաղէմի պատմութեան այս օրերու էջը , դատարկուած Վա՞նքը իր շրջակայքով, դատարկուած Մեծ Բա՞կը, իր ազգային դէմքը կորսնցուցած ներկան... ջանանք մեր ազգային դիմագիծը պահել, դիւրին է կորսնցնելը, պահելն է դժուար...: Պակսած է հաւատքը, աղօթքը, խոնարհութիւնը Աստուծոյ հանդէպ... իսկ ինչպէս Աստուծմէ խնդրեցին Յովակիմն ու Աննան, ինչպէս Աստուծոյ խօսքին հնազանդեցաւ Մարիամը, մեր պապերն ալ ապրած են այդպէս, մի՞թէ հրաշք չէր Գրիգոր Լուսաւորիչին տասներեք տարի ողջ մնալը Խոր Վիրապին մէջ, Տրդատ Թագաւորին բուժումը, Մեսրոպ Մաշտոցի հայերէն տառերուն տեսիլքը... ի՛նչով յաղթեցինք Վարդանանց ճակատամարտին եթէ ոչ հաւատքով... ու պատմութիւնը կը շարունակուի, հասանք 20րդ դար տեսանք ջարդ, երկրաշարժ, պատերազմ բայց նաեւ՝ Յաղթանակ ու Անկախութիւն... որովհետեւ հաւատացինք մեր հայրերուն սուրբ հաւատքով,

Page 5: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 6

որովհետեւ հրաշքի հաւատացող մեր ժողովուրդը դիմացաւ իր Աստուածատուր Շնորհներով ու պիտի դիմանայ Միայն Հաւատքը Անսասան Մնայ...:

Այո, այսօր մենք կորսնցուցած ենք մեր հաւատքը հրաշքի նկատմամբ, յանձնած ենք մեր լեզուն, հաւատքը խորութիւն կը սիրէ, ոչ թէ ցուցամոլութիւն... մշակոյթ չի պահուիր աննպատակ եւ անիմաստ հաւաքոյթներով... ո՞րն է մեր տեսլականը այսօր... Գաղութ մը անձնական շահերով չի ղեկավարուիր, ղեկավար ըլլալ կը նշանակէ ժողովուրդին ծառայել. պաշտօն ունենալ չի նշանակեր անձնական վրէժներ լուծել...: ...Եւ ինչո՞ւ Աստուած ընտրեց Մարիամը, որ ըլլայ իր Որդւոյն Մայրը... Ինչպէս կը կարդանք Աւետարանին մէջ. «...որովհետեւ Ան իր հայեացքը դարձուց Իր աղախինին խոնարհութեան վրայ»։

Օրինակ առնենք Աստուծոյ Ընտրեալին խոնարհութենէն, որ Տէրը լսէ մեր աղօթքը, մեր խնդրանքը Աստուածամօր միջնորդութեամբ... Խոնարհ ըլլանք իրարու հանդէպ... փոքրը՝ մեծին, մեծը՝ փոքրին, քանի որ «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, իսկ խոնարհներուն շնորհ կը պարգեւէ»։ Հպարտութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը կը քանդեն ամէն սրբութիւն՝ ընտանիք, սէր, բարեկամութիւն. կը սերմանեն՝ նախանձ եւ ատելութիւն...։ Իսկ խոնարհութիւնը ծնունդ կու տայ սիրոյ, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան...։ Ինչպէս մարմնի ամէն մէկ անդամը իր կարեւոր գործը ունի, այդպէս ալ որպէս մէկ մարմին՝ իւրաքանչիւր ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ իր դերը ունի, իր գործը ունի, գիտակից ու ողջախոհ ըլլանք թէ որն է մերը, որպէսզի չկաղայ ընդհանուր գործունէութիւնը: Սթափինք սիրելի «Մնացորդաց Սաղիմահայութեան». պահենք Երուսաղէմի Հոգին, Մեր Հոգին... ...Պահենք Երուսաղէմը, որ մեր յաջորդները նոյն հոգիով ու հաւատքով շարունակեն մեր նախնիներուն գործը։ Անհաւատ այս դարուն մէջ աղօթենք եւ հաւատանք հրաշքի, որովհետեւ միայն ՀՐԱՇՔը կը փրկէ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ... Տիրամօր մեզի համար թափած արցունքները թող թրջեն այն կարծրացած սիրտերը, որոնց համար նիւթը փոխարինած է ՀՈԳԻԻՆ...:

5

Page 6: ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ - 6

Հեղինակութեամբ եւ Պատրաստութեամբ՝ Անուշ ՆագգաշեանիՀեռ։ 054 464 29 09

Email: [email protected]

Աստուծոյ ընտրեալ, դուն կին վեհագոյն,Դուն Աստուածամայր, եւ մայր բոլորին,Չկրցայ մօրս իմ ցաւը յայտնել,Ես Քեզի եկայ, պատկերիդ առաջԾնրադրեցի լուռ, աղօթեցի Քեզ,Քեզի եկայ ես, որ աղօթքիս հետՍիրտդ մայրական իմ սիրտը կարդայ...Դուն, որ վեհօրէն կրցար դիմանալԱնխօս նայելու Որդւոյդ խաչուելուն,Արդեօք Դուն որո՞ւն պատկերին առաջՊիտ' աղօթէիր, երբ Քեզմէ ծնաւՓրկիչն աշխարհին, Աստուծոյ Որդին...Բողոք չունիմ ես, ի՞նչ բողոքեմ Քեզ,Երբ որ Դուն տեսար անդիմանալին...Ունիմ լոկ աղօթք եւ ապաշխարանք.

Սակայն երբ Քեզի իմ սիրտը բացի,Մօրըս արցունքը Քու աչքէդ ինկաւ...

Ա.Ն. 

6

Սիրելի Մարիամ-ներ, Մարի-ներ, Մարինէ-ներ, Մարիանա-ներ, բոլորիդ անուան օրը շնորհաւոր ըլլայ...։