monday 26 05 14 volume # 9 issue # 96

19
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՍՓԻԻՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈԻԹԵԱՆ ՆԱՀԱՊԵՏ ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆ (1871 Ռումանիա -1966 Նիս) ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: մշակ Յովսէփ Մալէզեան: Շատ փոքր տարիքին իր հինգ քոյրերուն ու ծնողաց հետ կը փոխադրուի Պոլսոյ Օրթագիւղ շրջանը, առաւելաբար հօրը բժշկական պաշտօնին բերմամբ Մալէզեան պիտի յաճախէր շրջանի Հայկական վարժարանը, ուրկէ պիտի ստանար նաեւ իր երկրորդական ուսումը ծանօթանալով Հայ գրականութեան ակունքներուն: Հազիւ 16 տարեկան կը կորսնցնէ իր մայրը Իսկուհի Քէհրիպարճեանը ու իր մեծ քրոջ Սաթենիկի հոգածութեան ու խնամքին տակ ան կը յաճախէ Կալաթասարայի լիսէն, ուրկէ կ՛անցնի Պոլսոյ իրաւսբանական հաստատութիւնը, զոր պիտի աւարտէր փայլուն յաջողութեամբ 1985-ին: Օրուայ Յօդուածը Երախտաւոր ազգային-հասարա- կական երկարամեայ գործիչ Վահան Մալէզեան ծնած էր Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը 1971-ին Մալէզեան աւետարա- նական ընտանիքի յարկին տակ: Հայրը եղած է ծանօթ բժիշկ, որդին պատուելի ու կրթական www.facebook.com/RAGmamoul Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 2014-ի Աւարտական Հանդէսը (Տեսնել՝ էջ 7) Հայրենի Լուրեր «Նոր Ջուղայի Օրեր» Ծրագիրը Աւարտեցաւ Մշակութային Ձեռնարկներով (Տեսնել՝ էջ 11) ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Upload: ramgavar-party

Post on 25-Mar-2016

220 views

Category:

Documents


4 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՍՓԻԻՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈԻԹԵԱՆ

ՆԱՀԱՊԵՏ ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆ (1871 Ռումանիա -1966 Նիս)

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

մշակ Յովսէփ Մալէզեան:

Շատ փոքր տարիքին իր հինգ քոյրերուն ու ծնողաց

հետ կը փոխադրուի Պոլսոյ Օրթագիւղ շրջանը,

առաւելաբար հօրը բժշկական պաշտօնին բերմամբ

Մալէզեան պիտի յաճախէր շրջանի Հայկական

վարժարանը, ուրկէ պիտի ստանար նաեւ իր

երկրորդական ուսումը ծանօթանալով Հայ

գրականութեան ակունքներուն:

Հազիւ 16 տարեկան կը կորսնցնէ իր մայրը Իսկուհի

Քէհրիպարճեանը ու իր մեծ քրոջ Սաթենիկի

հոգածութեան ու խնամքին տակ ան կը յաճախէ

Կալաթասարայի լիսէն, ուրկէ կ՛անցնի Պոլսոյ

իրաւսբանական հաստատութիւնը, զոր պիտի

աւարտէր փայլուն յաջողութեամբ 1985-ին:

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Երախտաւոր ազգային-հասարա-

կական երկարամեայ գործիչ

Վահան Մալէզեան ծնած էր

Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը

1971-ին Մալէզեան աւետարա-

նական ընտանիքի յարկին տակ:

Հայրը եղած է ծանօթ բժիշկ,

որդին պատուելի ու կրթական

www.facebook.com/RAGmamoul

Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան

Վարժարանի 2014-ի Աւարտական Հանդէսը

(Տեսնել՝ էջ 7)

Հայրենի Լուրեր

«Նոր Ջուղայի Օրեր» Ծրագիրը

Աւարտեցաւ Մշակութային Ձեռնարկներով

(Տեսնել՝ էջ 11)

ԾԱՆՕԹ

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները,

որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ,

բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ

հասցէին՝ [email protected]

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 2

1895-ին աւարտելէ ետք իր իրաւաբանական ուսումը, Պոլսոյ, Մերսինի եւ Ատանայի մէջ կը դառնայ շրջուն

իրաւաբան ու իր առաջին դատական պաշտպանութիւնը կը ստանձնէ Պոլսոյ մէջ Պանք Օթոմանին ցոյցին

օրը զուգադիպութեամբ մը:

1896-ին Մերսինի մէջ Մալէզեան հիմը կը դնէ Աղքատախնամ Հաստատութեան, օժանդակելու կարիքաւոր

ընտանիքներու: Երախտաւորին համար այս մէկը պիտի ըլլար սկիզբը իր երկարամեայ ազգային ու

հասարակական վաստակին, ու նոյն տարին ան կը միանայ Վերակազմեալ Հնչակեան շարքերուն:

Շատ չանցած մատնութեան որպէս հետեւանք, Մալեզիան 1897-ին Նոյենբերին կը բանտարկուի ու կը

տարուի Էտիրնէի բանտը, ուր 6 ամիսներ ետք օտար միջամութեան ընդհանուր ներումի շնորհիւ կ՛ազատի

կալանքէն, ու կը շարունակէ իր իրաւաբանական պաշտօնը, բայց միշտ զգոյշ Պոլսոյ շրջանի Համիտեան

հետապնդումներէն:

1902-ին վերջնականապէս կը տեղափոխուի Գահիրէ, ուր իրեն կը վստահուի իրաւաբանական պաշտօն մը,

առաւելաբար իր ծանօթութեան Ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներուն:

Նստակեաց կեանքի առօրեան, կ՛առաջնորդէ Մալէզեանը Գահիրէի մէջ կազմելու իր ընտանեկան բոյնը:

Երախտաւորին նուիրեալ ու ծառայասէր բժիշկ Հայրը ծանօթ էր որպէս անձնազոհ առողջապահական

քննիչ, մանաւանդ Մէքքէ քաղաքը մեկնող ուխտաւորները կը դարմանէր համաճարակէ վարակուած,

կիսավայրենի երկիներէ գալով: Բժիշկ Մալէզեանն ալ պիտի գար հաստատուելու իր որդւոյն մօտ,

յառաջացած տարիքին շարունակելով իր քննիչի պաշտօնը:

Մալէզեանի գրական առաջին փորձը կը տպուի Արփիարեանի

«Արեւելք» օրաթերթին մէջ 1888-ին «Այվազովսքեան նկարահանդէս»ը

նկարագրական որպէս գերազանց նախընտրութեամբ իր

բանաստեղծութիւնները «Զեփիւռ» ծածկանունով լոյս կը տեսնեն

«Արեւելք»ի կողքին «Մասիս» թերթին մէջ եւս: 1890-ին լոյս կը տեսնէ

բանաստեղծութիւններու իր առաջին ժողովածուն «Մրմունջք»

խորագրով ու ապա 1892-ին երկրորդ ժողովածուն «Անիծիալ»ը

վիպերգը:

Հազիւ 20 գարուններ բոլորած, երիտասարդ իրաւաբանական ճիւղի

ուսանողին գրական վերելքը պիտի գնահատուէր Արփիարեանի,

Օտեանի, Բաշալեանի, Կամսարականի, Չօպանեանի եւ Գրիգոր

Զօհրապի նման մտաւորականներու եւ գործիչներու կողմէ, որոնք

յաճախ բժիշկ Մալէզեանի բնակարանը կը հաւաքուէին գրական

երեկոյթներու Հհամար երախտաւոր Մալէզեանի ստեղծագործական

վաստակը աւելի եւս խթանելու:

Վահան Մալէզեան

Իսկ Վահան Մալէզեան արդէն դարձած էր Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի դատական ատեաններու փնտռուած

մէկը, որ զինք դարձուցած էր հանրայայտ ատենոյ եգիպտահայ գաղութէն ներս: Հետզհետէ ան իր

մասնակցութիւնը պիտի բերէր գաղութի կեանքին, ազգային եկեղեցական ծրագիրներուն գիտակից

կուսակցական հանգամանքով:

Եգիպտոսի վերակազմեալ տարրը Միհրան Տամատեանի, Վահան Թէքէեանի ու ԱպաՀի դարձած էին

Մալէզեանի հասարակական կեանքի գործակիցները: Երախտաւորին գրական բեղմնաւոր գործունէութիւնը

Եգիպտոս տեղափոխուելէն ետք կը բնորոշուի յատկապէս մամուլի մէջ իր բերած մասնակցութեամբ: Ան

նաեւ լոյս կ՛ընծայէ արձակ եւ չափածոյ բազմաթիւ երկեր: Իսկ ՀԲԸՄիութեան մասին գրած «Աչքի Փուշը»

յօդուածաշարքը ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ երկամեայ միութեան, ու կը հրաւիրուի դառնալու

Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ատենադպիրը ու ընդհանուր քարտուղարը, պաշտօն մը, որ իր

գաղափարի ընկերոջ երախտաւոր Տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանի Օսմանեան կայսրութենէն ներս

խորհրդարանի անդամ դառնալէն ենք թափուր մնացած էր:

1908 Հոկտեմբեր 31-ին Մալէզեան պիտի դառնար Հիմնադիրներէն մին, Աղեքսանդրիոյ մէջ կեանքի կոչուած

Հայ Սաhմանադրական Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, որ կարճ ժամանակի մէջ պիտի ծաւալէր

Հայապահման կարեւոր ծրագրում, մանաւանդ վերակազմակերպելով Վանի կուսակցական վիճակը, որ

1915-ին Հերոսամարտով փայլուն էջ մը պիտի բանար Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին կարեւոր

երեւոյթով:

Իսկ աւելին, Մալէզեանի ծրագրումով կարելի կը դառնայ Պոլսոյ մէջ մանաւանդ կազմաւորել

Սահմանադրական Ռամկավար շրջանակ ու մամուլ: Նոյնիսկ կ՛առաջարկուի իրեն դառնալ Վանի

կառավարիչ, բայց Մալէզեան կը մերժէ այդ մէկը, գիտնալով կուսակցական հակադրութիւնը, որ կրնայ

դաւադրութեան սարքել երիտթուրքերու մօտ, ու կը վերադառնայ Գահիրէ: 1912-ին լոյս կը տեսնէ

«Կեդրոններ» ժողովածուն, ուր ամփոփուած են Մալէզեանի չափածոյ երկերը:

Որպէս քերթուած նաեւ Մալէզեանի գրիչէն ելած է «Փառք Միութեան» ՀԲԸՄիութեան քայլերգը ծանօթ որպէս

Աւետիս Հայեր:

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 3

ՀԲԸՄիութեան ընդՀանուր քարտուղարի պաշտօնով ան յաճախ

ճամբորդութիւն կը կատարէր Մերձաւոր Արեւելքի զանազան

շաջանները, ուսումնասիրելու Միութեան համար ծրագրուած

կրթական օճախներու կարելիութիւնը, մանաւանդ Օսմանեան

կայսրութեան տարածքին կարիքաւոր Հայ ընտանիքներու

օժանդակութեան: Մալէզեանի համար դժուար պիտի չըլլար այս մէկը

քանի ինք արդէն ծանօթ էր այդ շրջաններուն Պոլիս գտնուած

ժամանակաշրջանին: Մալէզեանի ջանքերով նաեւ կարելի եղաւ

Արեւելեան Եւրոպայի մանաւանդ Պուլկարիոյ մէջ կազմել

ՀԲԸՄիութեան մասնաճիւղեր, իսկ աւելին ան Բարեգործականի

Կեդրոնական Վարչական Ժողովի կազմին որոշում առնել տուաւ

Եգիպտոս գտնուած շրջանին, որ Բարեգործականը ըլլայ հոգատարը

Արեւմտեան Հայաստանի Հայկական ծուխերու եկեղեցիներուն կից

վարժարաններուն:

Կարեւոր առաքելութիւն մը եղաւ նաեւ Վանի վարժարանի հովանաւորութիւնը Բարեգործականի կողմէ,

որուն տնօրէնի պաշտօնը կը վարէր Վահան Մալէզեանի գաղափարի ընկերը, ականաւոր կրթական մշակ

Յովսէփ Գույումճեանը: Իսկ Ալեքսանդրէթի Նուպարեան վարժարանը իսկական դարբնոց մը եղաւ շրջանի

Հայ պատանիներն ու մանաւանդ Մուսա լեռցի ընտանիքներու զաւակները խթանելու ՀԲԸՄիութեան

անդամակցելու:

Երախտաւոր Մալէզեան ՀԲԸՄիութեան բերած նպաստը այս շրջանին եղած էր բարենպաստ ու գործնական,

մանաւանդ Միութեան անդամակցութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի եւ Օսմանեան կայսրութեան շրջաններէն

ներս տարուէ տարի կը կրկնապատկուէր: Պէտք է ըսել, որ Պոլսոյ մէջ Տոքթ. Տաղաւարեանն ալ իր

պետական հանգամանքին կողքին նաեւ կը շարունակէր նպաստել Բարեգործականի աշխատանքներուն ու

մանաւանդ անդամագրութեան: Իսկ Մալէզեան յաճախ իրեն ընկերակցող կ՛ընտրէր Միութեան

գանձնապահը Մկրտիչ Անդրանիկեանը շրջելու միութենական առաքելութեամբ:

Պէտք է ըսել որ ՍաՀմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան նպաստը մեծ եղաւ այս շրջանին

Բարեգործականի ծրագիրները իրականացնելու, Մալէզեանի գաղափարի ընկերները եղած էին Տոքթ.

Տաղաւարեանն ու Մկրտիչ Անդրանիկեանը:

Վրայ կը հասնէր Համաշխարհային Ա. Պատերազնը, որուն պիտի յաջորդէր Հայ ժողովուրդի Օսմանեան

Թուրքին բնաջինջ ծրագիրը ու մանաւանդ տեղահանութիւնն ու կալուածներու Թալանը թափառական

դարձած Հայութեան:

Մալէզեանի քոյրերուն երկուքը արդէն մահացած էին 1915-էն առաջ, իսկ երկուքն ալ իրենց ընտանիքներով

տեղահանութեան չարչարանքը համտեսելով կը գտնուէին թշուառ վիճակի մը մէջ: Ընտանեկան

կորուստները սուգի մատնած էին բոլորանուէր երախտաւորը ու ան իր գրական վաստակին միջոցաւ

կ'արտայայտէ իր յուզումը, արձակ իր գրութիւնները անփոփելով «Տարագրի մը օրագրէն» հատորին մէջ

(1915):

Տեղահան ու այրի եւ որբ դարձած արեւմտահայութեան կարիքներուն անշուշտ պիտի փութար

Բարեգործականի ղեկավար տարրը, որուն մղիչ ուժը կը հանդիսանայ Մալէզեան: Տեղահանութեան

պատճառաւ արաբական անապատները կորսուած որբերուն փրկութեան ծրագիրը վստահուած էր այս

շրջանին Ռամկավար Ռուբէն Հերեանին: Որբահաւաքի կարեւոր այս ծրագրին համար Հերեանին պիտի

օժանդակէր Մալէզեան, որ սկզբնական շրջանին եկած էր Եգիպտոս, Բարեգործականի նպաստընկեալ

օժանդակութեան համար: Իսկ աւելի ուշ Բարեգործականի Եգիպտոսի կեդրոնին կողմէ, ընդհանուր ծրագիր

մը մշակուեցաւ Մալէզեանի կողմէ օժանդակելու Հայ որբանոցներուն, ու նպաստելու մանաւանդ Սուրիոյ

Հայկական վարժարաններուն, ուր բերուած էին տեղահան որբերը:

1920-ական թուականներուն սփիւռքահայ զանգուածին իրավիճակը տարբեր երեւոյթ ստացած էր,

Հայաստանը խորհրդայնացած էր, 1922-ի Իզմիրի աղէտը եկած էր դատարկելու վերջնականապէս Թուրքիոյ

տարածքը իր Հայ բնակչութենէն ու ՄուսթաՖա Քեմալի 1923-ի Յունուար 1-ի Թուրքիոյ Հանրապետութեան

հռչակումով, միջազգային շահերը տարբեր երեւոյթ մը ստացած էին:

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 4

Արդէն Պօղոս Նուպար Փաշան տեղափոխուած էր Փարիզ, ուրկէ կը ղեկավարէր ազգային

պատուիրակութեան ծրագիրները: Մալէզեան շուրջ 15 տարի վարելով ՀԲԸՄիութեան ընդհանուր

քարտուղարութիւնը անձնուիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ, արժանի դարձաւ եգիպտահայ ատենոյ

գաղթահայութեան բարձր գնահատանքին ու մեծարանքին:

1923-ին կ՛որոշէ իր ընտանեկան բոլոր պարագաներով տեղափոխուիլ Եւրոպա ու հաստատուի Պրիւքսել,

դառնալու իր մօտ ազգականին իրաւական գործերու խորհրդատուն, անոր առեւտրական գործառնութեան

օժանդակելու: Անշուշտ Եւրոպայի տարածքին գտնուող Հայկական գաղութները ունէին բարեկեցիկ

եռուզեր, ու Մալէզեան մասնակից կը դառնայ ազգային հասարակական կեանքին: Պօղոս Նուպարի

պնդումներուն տեղի տալով ան կը ստանձնէ ՀԲԸՄիութեան ընդՀանուր տնօրէնի պաշտօնը ու ապա քանի

մը տարի ետք կը տեղափոխուի Փարիզ, ուր կը գործէր Բարեգործականի Կեդրոնական Վարչական ժողովը,

դառնալով Վարիչ-պատուիրակը տնօրէնի պաշտօնի կողքին: Այս շրջանին նաեւ Փարիզ կը գտնուէր

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամ եւ նախկին խորհրդարանի անդամ Միքայէլ

Պապաջանեանը, որ անդամ էր նաեւ Բարեգործականի Կեդրոնական Վարչական Ժողովին ու կը գործէր

ՌԱԿ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ հանգամանքով: Մալէզեանի հետ Պապաջանեան որպէս

գաղափարի գործակից կը ծրագրէ ՌԱԿ-ի ատենոյ եւրոպական կառոյցներու ամրապնդման Եւրոպայի

տարածքին, դարձնելով Բարեգործականը համահայկական կարեւոր կառոյց մը:

Վարիչ տնօրէնի հանգամանքով Մալիզեան կը շրջի նախ Մերձաւոր Արեւելք, ու մանաւանդ մօտէն կը

հետեւի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերելքով: Իր որոնումը կը դառնայ Վահան Թէքէեանի

ուղարկուիլը Մելգոնեան ու ապա Յակոբ Օշական: Տնօրէնի պաշտօնին կը հրաւիրէ Դոկտ. Յակոբ

Թոփճեանը, որուն վաստակին ծանօթ էր վաղուց մեր երախտաւորը:

Ամերիկահայ գաղութի հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ Բարեգործականը

ու այդ մէկը կարեւոր նկատելով Մալէզեան քանի մը անգամներ այցելեց Միացեալ ՆաՀանգներ, գտնուելով

ԳալիՖորնիա, ուր նորահաստատ Հայութեան համար կարեւոր եղած խթանումը ՀԲԸՄիութեան

մասնաճիւղերուն:

Կարեւոր եղաւ ՀԲԸՄիութեան հեռաւոր Արեւելքի մէջ մասնաճուղերու որոնումը, մանաւանդ Կալկաթայի

եւ Սինկափուրի մէջ: Այդ ծրագրին Համար 1927-ին Մալէզեանի ջանքերով ուղարկուեցաւ Ռամկավար

Ազատական յայտնի ղեկավար եւ հրապարակագիր Հրաչ Երուանդը, որ կարճ ժամանակի մէջ կրցաւ

իրականացնել իր առաքելութիւնը:

40 երկար տարիներ (Եգիպտոս, Փարիզ եւ Նիւ Եորք) անխոնջ ծառայեց երախտաւոր Մալէզեան

Բարեգործականի վերելքին որպէս զոհաբերող առաջնորդ: 1947-ին ան հանգստեան կը կոչուի իր

պաշտօնէն ու կը հաստատուի Ֆրանսայի Նիս քաղաքը, ուր կը շարունակէ իր գրական

ստեղծագործութիւնը:

Բարեգործականի տնօրէնութեան պաշտօնին առընթեր միայն կրցած էն լոյս ընծայել 1927-ին «Անցած

Օրեր» յուշագրութիւնը:

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 5

Թարգմանութիւններ եւս կատարած է «Անրի Պարպիւս»էն, «Վիքթոր Հիւկոյ»էն «Մորիս Մեթրէրլինկ»էն, իսկ

իր բանաստեղծութիւններէն նմոյշներ թարգմանուած են Ֆրանսերէնի եւ ռուսերէնի:

Ան աշխատած է նաեւ մամուլի Հրատարակութիւններուն . «Արեւելեան Մամուլ», «Ծաղիկ», «ԱնաՀիտ»,

«Բանբեր Գրականութեան եւ Արուեստի»ու «Շիրակ» ամսագրին:

Մալէզեանի գրական վաստակին մաս կը կազմեն նաեւ հետեւեալ գործերը.

«Կարապի Երգը» (1949, բանաստեղծութիւններու ժողովածու)

«Մեծ Հայրս Յովսէփ Մալէզեան Պատուելին» (1949)

«Հոգիի Ձայներ» (1949)

«Ճամբուս Վրայ» (1950, յուշագրութիւններ եւ նամակներ)

«Ճամբուս Ծայրը» (1954-55, 2 Հատոր, յուշեր եւ յօդուածներ):

1956-ին ան կ՛արժանանայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի սրբատառ կոնդակին Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջին

կարքի շքանշանով:

1961 Հոկտեմբեր 1-ին Նիսի մէջ հանգամանօրէն կը նշուի մեծ եռախտաւորին ծննդեան 90-ամեակը,

ներկայութեամբ Փարիզի ատենոյ առաջնորդ Սերովբէ Եպս. Մանուկեանի, ու գաղութահայ գործիչներու եւ

մտաւորականներու: Պոսթոնէն ներկայ կ՛ըլլայ ու խօսք կ՛առնէ «Պայքար» օրաթերթի ատենոյ խմբագիր

Ընկ.Անդրանիկ Անդրէասեանը: Այս առիթով մեծ երախտաւորին ղրկուած շնորհաւորական գիրերու մէջ էր

նաեւ «Արտասահմանի հետ Բարեկամութեան եւ Մշակոյթի Կապի Հայկական Ընկերութիւն» կառոյցի

շնորհաւորագիրը ստորագրուած նախարարուհի Բերսաբէ Գրիքորեանի ու հայրենադարձ Պատրիկ

Սելեանի (նախկին եգիպահայ)կողմէ:

Մալէզեան իր 73 տարիներու հարուստ գրական եւ հասարակական արխիւը նուիրեց Հայաստանի

գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, իսկ Հայաստանի նամակադրոշմներու ճոխ հաւաքածոն ալ

Երեւանի գիտական թանգարանին:

Նիսի մէջ 95 տարեկան յառաջացած տարիքին, ազգապահպանման դրօշակիր երախտաւորը յաւիտեան

պիտի փակէր իր աչքերը, ծառայասիրութեան տիպար եւ օրինակելի վաստակ մը թողելով իր ետին:

Լոս Անճելըս, ԱՄՆ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 6

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 7

Ուսումնական տարեշրջան մը եւս հասաւ իր աւարտին: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-

Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը հունձք մը եւս յանձնեց կրթական աւելի բարձր

հաստատութիւններու:

Առ այդ, Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէսը, նախագահութեամբ

Լիբանանի Կա թողիկէ Վարժարաններու նախագահ հայր Պութրոս Ազարի:

Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի

նախագահ՝ գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան, գերապատիւ հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ

քոյրեր, պետական երեսփոխան Ժան Օղասապեան, նախկին նախարար մեթր Ժագ Չուխատարեան,

Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչը, հիւրեր, ծնող ներ, հարազատներ ու բարեկամներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ աւարտական դասարանի երեք բաժանմունքներու՝ ընկերատնտեսական,

կենսաբանական եւ ընդ հանուր գիտութեան բաժանմունքներու 23 շրջանաւարտներու մուտքով: Յայտագիրը

կ՛ընդգրկէր, չորս լեզուներով արտասանուած ուղերձներուն կողքին, շրջանաւարտներու պար «Pop Eye Joe»,

անոնց խմբերգները՝ արաբերէն լեզուով «Թալլու Հպապնա» եւ հայերէն լեզուով «Կարմիր Կապոյտ Ծիրա

նագոյն» երգով, ուր անոնք հպարտութեամբ պարզեցին հայկական փառապանծ դրօշը, փոքրերու

պարախումբին գաւառական պարը, Անթոնի Ղըրայէպի եւ Յակոբ Բամպուքճեանի կատարողութեամբ

կիթառի նուագակցութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներուն՝ մօր նուիրուած խմբային ասմունքը, որուն

աւարտին անոնք իրենց ձեռքի վարդերը նուիրեցին իրենց թանկագին մայրերուն, իսկ հայրերուն՝

գնահատանքի յուշա տախտակ:

Հայերէն լեզուով ուղերձին մէջ Մեղրի Ճիլաքեան յիշեց, թէ «դպրոցական կեանքը կը սկսինք լալով,

որովհետեւ կը հեռանանք մեր տան ու ծնողական ջերմութենէն, եւ կ՛աւարտենք նոյնպէս արցունքով՝

ուրախութեան եւ յուզումի արցունքով»: Ան շեշտեց, որ դպրոցէն ներս իրենք օժտուեցան նախանձելի

սկզբունքներով, շնորհիւ ուսուցիչներուն եւ կրթական այս հաստատութեան մէջ ծառայող բոլոր

դաստիարակներուն, որոնց միշտ պիտի յիշեն երախտագիտութեամբ:

Լուրեր Սփիւռքէն

Պէյրութ, Լիբանան

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2014-Ի

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

«24 ԱՊՐԻԼ 2015 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ԵՒՍ ՓԱԿ ԿԸ ՄՆԱՆ

ՅԱՐԳԵԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅԻՇԱՏԱԿԸ» Կ՛ԸՍԷ ՀԱՅՐ ՊՈՒԹՐՈՍ ԱԶԱՐ

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 8

Ներկաներէն Տեսարան մը

Անգլերէն լեզուով ուղերձ կարդաց Քրիսթ Լթըէյֆ, որ ըսաւ, թէ «բոլորս

անհամբեր կը սպասէինք աւարտական դասարան հաս նելու եւ

«ազատութեան» տիրանալու, բայց այսօր երբ դէպի ետեւ կը նայինք

վարժարանէն ներս մեր անցուցած տարիներուն, հոն կը գտնենք մեր

կերտած բարեկամութիւնները, մեր ամբարած գիտելիքները եւ մեր

յաջողութեան բանալիները»:

Ֆրանսերէն լեզուով ուղերձին մէջ Յակոբ Տէր Եղիայեան վերյիշեց

զիրենք գիտելիքներով զինելու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն

երախտաշատ առաքելութիւնը, իրենց նեցուկ կանգնած ծնողները, եւ առ

այդ բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն,

տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն:

Օրուան նախագահ՝ հայր Պութրոս Ազար շնորհակալութիւն յայտնեց

վարժարանիս տնօրէնութեան, որ հակառակ բոլոր

մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, մեծ ջանք կը թափէ

ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելու նոր սերունդին:

Արաբերէն լեզուով ուղերձին մէջ Մարալ Թորոսեան խօսեցաւ բաժանումի այս պահուն մասին, երբ այլեւս

իրենք միաս նաբար պիտի չնստին այս գրասեղաններուն վրայ: Այս գրասեղանները որոնք ականատես

եղած են իրենց ուրախութեան, տխրութեան, ձախողութեան եւ յաջողութեան: Ան երախտագիտութիւն

յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք առաքեալներ են նուիրումի, զոհողութեան եւ գուրգուրանքի:

Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան

Ան իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով ըսաւ, թէ «այսօր կ՛աւարտէք Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը

եւ կը պատսպար ուիք այս խաչին հովանիին ներքոյ, որ պիտի շարունակէ մնալ կեանքի ծառը, որ լեցուն է

բարիքներով եւ օրհնութիւններով»: Գերապատիւ հայրը մէջբերեց Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապին խօսքը, որ

երիտասարդները մղեց ըլլալու արշալոյսին պա հակները եւ 3-րդ հազարամեակի սուրբերը, հետեւաբար ան

ըսաւ՝ «մի խաբուիք երեւոյթներէն, այլ գացէք էականին, որպէս զի ձեր ուրկանները ծովուն խորքը նետելով

որսաք իրականութիւնները, որոնք կը գոհացնեն միտքը եւ կը հանգստացնեն խիղճը»:

Տեսաերիզի ցուցադրութեամբ ներկաները դիտեցին 2013-2014 կրթական տարեշրջանի աւարտին

շրջանաւարտներուն հրաժեշտի պահերը, անոնց բաժանումը եւ վերջին զանգինհետ իրենց ուրախութեան եւ

տխրութեան վայրկեանները:

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 9

Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Այսօր հրաժեշտի օր է, բայց օր է նաեւ

ցնծութեան: Յառաջիկային դուք պիտի անցնիք ձեր կեանքի երկրորդ հանգրուանին, որ սկիզբն է նոր

հորիզոններու եւ իրագործումներու: Այլեւս դուք պիտի ըլլաք ձեր ծրագիրներուն ճարտարապետը եւ

նկարագրին կերտիչը: Այս նկարագիրը բացարձակ արտացոլացումն է ձեր ներքինին, հետեւաբար, զայն

դարձուցէք բիւրեղեայ, դէմ դնելով չարին ու խաւարին, մերժելով յոռի հրա պուրիչ երեւոյթները, եւ փարեցէք

լաւին, գեղեցիկին ու ճշմարիտին, եղէք ուղղամիտ ու պարկեշտ, յամառ` ձեր աշխատասիրութեան մէջ եւ

միշտ ձգտեցէք հասնելու գագաթին: Հաւատացէ՛ք... կը հասնիք, որովհետեւ կամենալը` կարենալ է»:

Ան սրտի անհուն ուրախութեամբ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ մեր ձգտումներուն գոհացում տալու

համար եւ ի տես աշակերտութեան թիւի յարաճուն յաւելումին, յառաջիկայ տարեշրջանին հանդիսաւոր

կերպով բացումը պիտի կատարենք վարժարանիս 4-րդ յարկին, որ առիթ պիտի տայ նաեւ իրականացնելու

Շրջանաւարտներուն հետ

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 10

ակադեմական նորարարական ծրագիրներ, ինչպէս՝ «ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող

աշակերտներու բաժանմունք» (Special Education Department) եւ «ամերիկեան ծրագրի բաժանմունք» (American

Program):

Տիկ. Պոյաճեան նաեւ շնորհակալութիւն յայնտնեց եւ յուշանուէրով մը պատուեց հայր Պութրոս Ազարը,

որուն ջանքերուն շնորհիւ յառաջիկայ տարուան Ապրիլ 24-ին, երբ հայ ժողո վուրդը պիտի նշէ Մեծ Եղեռնի

100-ամեակը, Լիբանանի տարածքին գործող 365 կաթողիկէ վարժարանները եւս այդ օր փակ պիտի պահեն

իրենց դռները` զօրակցելով հայկական հարցին եւ յարգելու յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն

նահատակներուն:

Տնօրէնուհին դպրոցին կողմէ յուշանուէրը

Հայր Պութրոս Ազարին յանձնած պահուն

Աւարտական դասարանի լաւագոյն երեք միջիններ ապահոված աշակերտները ստացան մրցանակներ,

տրամադրուած «Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեան» Ֆոնտին կողմէ: Այնուհետեւ, կատարուեցաւ

վկայականաց բաշխումը:

Յայտագիրի աւարտին վարժարանին վահանը յանձնուեցաւ 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու,

որպէսզի անոնք շարունակեն այս վարժարանին գոյերթը ապահովել եւ տարուէ տարի մեր մտաւոր

զարգացման պաշտպան հանդիսացող վահանը իրենց կարգին փոխանցել գալիք սերունդներուն:

Հանդիսութեան աւարտին, շրջանաւարնտերը ուղղուեցան դէպի դպրոցին շրջափակ, ուր

շնորհաւորութիւններ ընդունեցին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հրավա ռութիւն:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ

Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Հայրենի Լուրեր

«ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ՕՐԵՐ» ԾՐԱԳԻՐԸ

ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՎ

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 11

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Սպահանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի եւ Երեւանի Մեսրոպ

Մաշտոցի անուան Մատենադարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ իրականացուող «Նոր

Ջուղայի օրեր» ծրագիրի ծիրէն ներս Մայիս 24-ին տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկներու շարք, որմով

եզրափակուեցաւ ծրագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ

տեղեկատւութեան գրասենեակը:

Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Սուրբ Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցւոյ հիմնադրման 350-ամեակին

նուիրուած հանդիսութեան մասնակիցները ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան

մասնաւորապէս նշեց. «Հայոց Եկեղեցու եւ հայ ժողովրդի պատմութիւններն այնպէս սերտօրէն են

միահիւսուած, որ առանձին-առանձին հնարաւոր չէ դրանք ներկայացնել: 400-ամէայ պատմութիւն ունեցող

ժողովուրդը Նոր Ջուղայում կառուցել է Ամենափրկիչ եկեղեցին, եկեղեցին պահել է համայնքը: Բառերն

անզօր են հաղորդելու, նկարագրելու մշակութային այն առեղծուածը, որ պահել, պահպանել ու

սերնդեսերունդ փոխանցել է մեր լեզուն, պատմութիւնը, մեր գոյատեւման խորհուրդը: Այսօր մեր հարեւան

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ստեղծել է բոլոր պայմանները, որ պահպանուի եւ անխաթար մնա

մեր մշակոյթը: Ես խորին շնորհակալութիւն եմ եայտնում Իրանի պետութէանը, Հհ-ում նրա մեծարգոյ

դեսպանին այն մթնոլորտի համար, որ ստեղծել են Ջուղայում, Իրանում, որպէսզի հայը իրեն հայ զգայ»:

ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. Մոհամմատ Ռէյիսին,

ողջունելով ներկաները, աւելցուց. «Այս երեք օրուան ձեռնարկները ցոյց կու տան մեր ժողովուրդներու

մշակութային ընդհանրութիւնները: Նոր Ջուղան կարեւոր դեր կը խաղայ Իրանի հասարակական,

քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեանքին մէջ: Բոլոր զբօսաշրջիկները անպայման կ’այցելեն Նոր

Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցի, որ իրաւամբ կը համարուի Իրանի հայ համայնքի հոգեւոր, ազգային,

մշակութային եւ հասարակական գործունէութեան գլխաւոր կեդրոնը»:

Ելոյթ ունեցան նաեւ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ տէր Բաբգէն եպս. Չարեանը, ՀՅԴ անդամ, ծնունդով

ջուղայեցի Հրանդ Մարգարեանը, Սպահանի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի նախագահ Նոյել

Մինասեանը:

Ցուցադրուեցաւ Ռուբէն Գէորգեանցի` Նոր Ջուղայի հայ համայնքին եւ Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ

պատմութեան նուիրուած «Նոր Ջուղա. լինել» շարժանկարը:

Ելոյթ ունեցաւ Սպահանի «Կոմիտաս» երգչախումբը խմբավար Արմէն Ամիրխանեանի գլխաւորութեամբ:

Հնչեցին Կոմիտասի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Ռոպերթ Պետրոսեանի, Աշոտ Ղազարեանի

ստեղծագործութիւնները: Մեներգեցին Աննա Մայիլեանը եւ Գոռ Ամիրխանեանը:

Ի լրումն հանդիսութեան` Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահի ճեմասրահին մէջ բացուած էր «Նոր

Ջուղայի հայ համայնքն անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներում» խորագիրով ցուցահանդէս:

Ներկայացուած էին Նոր Ջուղայի տարազներ, հարսանեկան հագուստներ, մաշիկներ, գօտիներ, գլխարկ:

Առանձին հաւաքածուներով ցուցադրուած էին սեղանի հիւսկեն ու ասեղնագործ ծածկոցներ, թաշկինակներ,

օձիքներ, եկեղեցական ոսկեհիւս վեղարներ, գիրքեր Նոր Ջուղայի մասին, թերթեր եւ ամսագրեր, արխիւային

այլ նիւթեր: Վահանակները կը ներկայացնէին յայտնի նորջուղայեցիներու եւ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ

հոգեւոր հայրերու կենսագրութիւնները, լուսանկարները:

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 96, էջ 12

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]