8>!6$!/8b)b+6 - armenian catholic church · iol ykikjovkmbjx^k‘ bl luljo\kk^k ‘

63

Upload: tranliem

Post on 03-Mar-2019

218 views

Category:

Documents


0 download

TRANSCRIPT

ՈՂՇՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ....................................................

ԻՆՔՆԱԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԵՒ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՈՎ.......................................................................................................................................................

ՄԱՅՐԵՆԻՆ ԱՆԱՂԱՐՏ ՊԱՀԵՆՔ..............................

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ........................................................................................................................

ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ...............................................................................................................................

ԳԵՐ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ..............................................................................................................................................

ԴԱՐԵՐ Կ՛ԱՆՑՆԻՆ ԲԱՅՑ ԴՈՒ ԿԸ ՄՆԱՍ՝ Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ ...................................................................................................................................................

ՎԵՐԸՆՁԻՒՂՈՒԱԾ ՀԱՅՈՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ՝ ԽԱՉՔԱՐԸ ........

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԷՆ՝ ՁԵՌԱԳԻՐ ՄԱՏԵԱՆՆԵՐԸ ...................................................................................................................................................

ԶՄՄԱՌՈՒ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆԸ.............................................................................................................................

«ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒ ԾՆԵԱԼ ԱՆՄԱՀ ԶԻՒՐՆ ՅԻՇԱՏԱԿ ԵԹՈՂ» .....

ՏԻՊԱՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ .....................................

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՈՀՄԻԿ ԾԱԳՈՒՄՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ..........

ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՏՈՒՌԻՆ՝ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ ..............................................................................................................................

ՀԱՒԱՏՔԸ ՈՒՐԿԷ՞ ԿԸ  ԲԽԻ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲԻՒՐԵՂԱՆԱՅ ................................................................................................................................................

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՐ ՏԻԳՐԱՆ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆԻ .......

ԿՂԵՐԻԿՈՍԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՉՈՐՍ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԶՄՄԱՌՈՒՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ .......................................................................................

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝  ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ  ԿՈՉՄԱՆ  ՇՈՒՐՋ  Ս. ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆԻՆՈՐԸՆԾԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ..........................................................................................................

2

5

7

9

10

14

17

20

24

28

34

37

39

41

44

47

49

52

ԳԱԲՐԻԷԼ Թ․ Ծ․ Վ․ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՊԱՏԻՇԱՀ

ՏԻԳՐԱՆ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ

ԱՐՀԻ․ ԳԷՈՐԳ ԱՐՔ. ԽԱԶՈՒՄԵԱՆ 

ՏԻԳՐԱՆ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ

ԿԱՐՕ ԳԼԸՆՃԵԱՆ

ՎԱՐԴԱՆ ՃԱԼԼՈՒՖ

ԼԵՒՈՆ ՍՏԵՖԱՆ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՐՇԻՆԱԿ

ԿԱՐՕ ԳԼԸՆՃԵԱՆ

ՎԱՐԴԱՆ ՃԱԼԼՈՒՖ

ԼԵՒՈՆ ՍՏԵՖԱՆ

ԼԵՒՈՆ ՍՏԵՖԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹՒԻՆ

3ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ

àÔæàÚÜÆ Êúêø

«Կեանքի ճամբան ցոյց տուր ինծի եւզիս քու գաղցր ներկայութեանդ ուրախու-թեամբը լեցուր»

Գործք Առաքելոցէն մէջբերուած հե-տեւեալ աղերսագին բաղձանքով՝ կ'ուզեմողջունել  Զմմառու  ՊատրիարքականԿղերի Միաբանութեան նորընծաներն ուժառանգաւորները  ուսման  նոր  տարե-շրջանի վերամուտին, ինչպէս եւ  դպրե-վանքի «Կանչ Հրեշտակապետին» տարե-գիրքին  18-րդ  համարի  հրատարակու-թեան առթիւ: Թող Աստուածային օրհնու-թեամբ մուտք գործենք այս տարեշրջանընորընտիր տեսչութեան անձնակազմով՝ իդէմս տեսուչ հօր՝ Գերապատիւ ԳրիգորՎրդ. Պատիշահին, փոխ տեսուչ՝ Գերա-պատիւ  Տիգրան  վրդ. Փիլիպպոսեանին,հոգեւոր  առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Գէ-որգ  Արք.  Խազումեանի,  եւ  խոստովա-նահօր՝ Էմմանուէլ Եպս. Տապպաղեանի,

յուսալով որ առատ ըլլայ քահանայական կոչումներով եւ այդ կոչումին տէր կանգնածանսասան նորընծաներով՝ ըլլան անոնք Զմմառու մայրավանքին մէջ թրծուող սանե-րը, ըլլան Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի ժառանգաւորները՝ որոնք միշտ մեր ուշադ-րութեան առանցքը կը կազմեն: Իսկ՝ համանուն կրթօճախի անցնող վեց տարիներուտեսչակազմին յանձիս նախկին տեսուչ հօր՝ Գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պատղասար-եանին, եւ փոխ տեսուչ՝ Գերապատիւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանին կը մաղթեմ բեղունեւ արգասաբեր վաստակ՝ իրենց նոր առաքելավայրերուն մէջ: 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի՝հինգ նորընծաներուն, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի՝  չորս ժառան-գաւորներուն, նաեւ Հռոմ ուղարկուած հինգ միաբան ուխտեալներուն, որոնք իրենցուսումը կը կատարելագործէն յաւերժական քաղաքի Գրիգորեան համալսարանինմէջ՝ կրթական սոյն տարեշարջանի կապակցութեամբ ի խորոց սրտէ կը մաղթեմ՝անկոտրում   կամք,  անդուլ-անդադար   ջանասիրութիւն,   մտքի  պայծառութիւն   եւ 

4ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ

իմաստութիւն. իսկ՝ կոչման առընչութեամբ ամրակուռ կամք եւ անդրդուելիութիւն՝ի  մշտնջենաւորութիւնն Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան  եւ  իծաղկումն հայ եկեղեցւոյ եւ ազգի վերելքին: 

Քանզի  քահանայական  կոչումը  սոսկ  ցանկութիւն  մը  չէ,  այլ՝  անհատականկայուն որոշում մը, որ ժամանակի ընթացքին բիւրեղանալով կը վերածուի համո-զումի. համոզումը՝ Տիրոջ կամքին անսալու եւ անոր նուիրական պատուիրաններըկատարելու եւ ճշմարիտ հաւատքը տարածելու համայն մարդկութեան: Ահա թէ ինչուԶմմառու  կղերի  միաբանութեան  վարչութիւնս՝  մեր  ուշադրութեան  կիզակէտըդարձուցած ենք նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն հոգեմտաւոր եւ բարոյա-հոգեբանական  կազմաւորումն  ու  յառաջդիմութիւնը  լրումին  հասցնելու  եւ  զայնլաւագոյն ձեւով կատարելու աշխատանքները:

Երրորդ հազարամեակի սեմին վարչութիւնս սոյն դարբնոցով չբաւարարուելովորոշում գոյացուց դպրեվանքիս համար ուրոյն մասնաճիւղ մը հիմնել Սուրիոյ Հալէպքաղաքին մէջ, որ իր ետին ունէր լուրջ պատճառներ. քանզի միաբանութեանս նոր-ընծաներուն շարքը անընդհատ համալրում կը ստանար մեծ մասամբ Սուրիայէն,արդ՝ այդ օրուայ (2010-2011) շրջանի վարչութեան որոշումը աւելի քան ճշմարտացիէր: Դժբախտաբար Սուրիական տագնապը այդ ծրագրի ընդհատման պատճառ դար-ձաւ եւ խափանեց նախաձեռնութիւնը: 

Այսօր երբ Հալէպը համեմատաբար վերատիրացած է իր երբեմնի անդորրին եւքաղաքը վերականգնման եւ վերաշինութեան ժամանակաշրջանը թեւակոխած. ուս-տի վարչութեանս հեռահար ծրագրերու շրջագիծը կ'ընդգրկէ նաեւ՝ վերստին կեանքիկոչել նշեալ դպրեվանքը, նկատի առնելով Սուրիոյ շրջաններէն դէպի Լիբանան հոսքըդժուարութիւններ եւ բարդութիւններ կը յարուցէն:

Լիայոս ենք, որ մօտ ապագային սոյն տեսլականը իրագործուի ո՛չ միայն Սուրիոյմէջ, այլ՝ իր լրումին հասնի մայր հայրենիքի հողին վրայ, որու նախապատրաստականաշխատանքները  արդէն  իսկ  ընթացքի  մէջ  են:  Տուեալ  ծրագրի  յաջողութեանը  իխնդիր՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ որոշումով եւ օրհնութեամբ առաքեցինք միա-բան մը հետեւելու եւ հսկելու Աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր ձեռնարկի գործըն-թացքին:

Բարի երթ կը մաղթեմ նոյնպէս՝ ժառանգաւորաց տարեգիրք՝ «Կանչ Հրեշտա-կապետին», որ  շուրջ չորս տասնամեակէ, որոշ յապաղումներով հրատարակուած է.անոր մշտական ներկայութիւնը կը նպաստէ մեր սաներուն հոգեմտաւոր կազմա-ւորմանն ու բարոյահոգեբանական անբասիր վարքագիծի ձեւաւորման աշխատանք-ներուն, անոնց մտահորիզոնի եւ տեսլականի հասունացմանը, որ հետագային կըսատարէ  անոնց  վառ  անհատականութեան  կազմաւորմանը,  յանուն հայ եկեղեցւոյ, 

5ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ

ազգին, միաբանութեանն ու համայն մարդկութեան. ինչպէս եւ ժառանգաւորաց՝ յար-կէն ներս ծաւալող հոգեւոր, մշակութային, կրթական, եւ դաստիարակչական ուղե-գիծը կը պարզէ ընթերցողին առջեւ: 

Կ՛ողջունեմ  պարբերաթերթի 18-րդ թիւին մէջ լոյն ընծայուած այլազան եւ այլա-բնոյթ նիւթերը, որ արտացոլումը հանդիսացաւ մեր սաներուն անխոնջ աշխատասի-րութեանը,  զոր  Աստուածային  օրհնութեամբ՝  սահմանուած  ժամանակամիջոցինհասցուցին. բարեխօսութեամբ՝ Զմմառու ցաւագին Տիրամօր, Երանելի ԻգնատիոսՄալոյեանի, եւ Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետին: 

Թող օրհնեալ ըլլան սոյն հոգեւոր դարբնոցի նորընծաները, ժառանգաւորները,տեսչակազմը, եւ բոլոր անոնք, որոնք կը նպաստեն միաբանութեանս վերելքին:

Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վ. ՄուրատեանՊատրիարքական Փոխանորդ՝ 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Եւ  Զմմառու վանքի Մեծաւոր

6ՏԵՍՈՒՉ ՀՕՐ ԽՕՍՔԸ

ÆÜøܲ¼²ð¶²òØ²Ü ºô

Ú²ð²îºôàôº²Ü àôÔÆàì

Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ ԵրանելիԻգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի «ԿանչՀրեշտակապետին» տարեգիրքը, երէց եւկրտսեր ժառանգաւորներու ստացած ուամբարած գիտելիքներու սոսկ ատաղձը,դրսեւորումը  կամ  մարմնաւորումը  չէ:«Կանչ  Հրեշտակապետին»  պարբերա-կանը անաղարտ արտացոլումն է Զմմա-ռու դպրեվանքի հասարակաց կեանքի ուգործունէութեան  հայելիական պատկե-րին,  հոգեւոր  ապրումներու,  ազգային,պատմական ու մշակութային բարձր ար-ժէքներու  թարգմանն  է:  Հայ  ԿաթողիկէԵկեղեցւոյ ապագայի տեսլականն է: Անց-եալի, ներկայ պատմութեան վերակենդա-նացումն  ու  հայ  մտքի,  հոգիի  եւ  սրտիարտացոլացումը: 

«Կանչ  Հրեշտակապետին»  պարբե-րաթերթը,  իր  37 ամեայ համեստ պատ-մութեամբ,  հակառակ  կամքէ  առկախ

որոշ ընդհատումներու, արդիւնք է անցեալի տեսչութիւններու եռանդուն հետազօ-տութիւններու, ընթերցասիրութեան, տքնաջան աշխատանքի եւ յարատեւութեան.քանզի յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան բանալին կը գտնուի յարատեւ աշխատա-սիրութեան ու անկոտրուն  կամքին մէջ: 

Տեսչութիւնը գիտակից՝ բազմամեայ հոգեմտաւոր աւանդութիւնները շարունա-կելու իր առաջադրանքին, անգամ մը եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը վերահաստատէվճռակամութիւնը, հոգ չէ թէ համեստ միջոցներով, ընթանալու  ինքնազարգացման եւյարատեւութեան ուղիով:

Զմմառու Հայ Կաթողիկէ ընծայարանը, իր հիմնարկութենէն ի վեր, միշտ յանձ-նառու եղած է պատրաստելու հայ ժառանգաւորները առաքելական հոգիով, ինչպէսնաեւ հայ ժողովուրդի համար կազմաւորել առաքինի քահանաներ, որոնք կարողըլլան կաթողիկէ հաւատքը վառ պահելու հայ ազգին մէջ: Գրիգոր Պետրոս Զ. Ճերան-

7ՏԵՍՈՒՉ ՀՕՐ ԽՕՍՔԸ

եան (1812-1840) Կաթողիկոսը իր կտակին մէջ կը գրէր. «Ամէնքը պարտաւոր են ամէնբանով նորընծայարանին յառաջդիմութեան օգնել՝ պատրիարքները, Աթոռին եպիս-կոպոսները եւ բոլոր ուխտեալ քահանաները, որովհետեւ այդ միջոցաւ ժողովուրդինարժանընտիր  պաշտօնեաներ  նուիրելով  մեր  հօտին  մեծապէս  օգտակար  եղածկ՛ըլլանք»: 

Զմմառու  ընծայարանը  պատասխանատուութեան  բարձր  գիտակցութեամբքայլ կը պահէ ժամանակի մարտահրաւէրներուն, օրուայ պահանջքներուն եւ հայժողովուրդի աճող կարիքներուն հետ: Արդարեւ, ան իր սաներուն հոգեմտաւոր կազ-մաւորման ծրագրին մէջ, կը հետապնդէ ժառանգաւորներու մարդկային որակի ձեւա-ւորում, ինչը՝ կը նշանակէ ազատ, հզօր եւ հաւասարակշռուած անձի կերտում: 

Նոյնպէս ընծայարանիս գործունէութեան կարեւոր եւ էական բաղադրիչն է,ապագայ  հոգեւորականի,  որպէս  կղերականի  կապի  ամրապնդումը  մեր  ՏիրոջՅիսուսի Քրիստոսի հետ՝ հասարակաց աղօթքներով, հոգեւոր առաջնորդութեամբ եւԱստուածաշունչի ընթերցումով:

Յոյժ կարեւոր է նաեւ հասարակաց կեանքը: Ընծայարանին մէջ է, որ ժառան-գաւորը  սովորութիւն  կը  դարձնէ  զանազանել  ընդհանուրին  բարիքը  գերադասելանձնական բարիքէն: Ընծայարանին մէջ է, որ ժառանգաւորը կը վարժուի իր եղբօրմէջ տեսնել Քրիստոսի ներկայութիւնը, ամրապնդել ծառայութեան ոգին, կարեկցիլտկարին եւ տառապեալին: Այս բոլորի կողքին ժառանգաւորը կ՛ունենայ հոգեւոր,ազգային եւ մշակութային ինքնազարգացման հնարաւորութիւն: 

Լիայոյս ենք, որ յառաջիկայ տարիներուն, մեր հասարակութիւնը կը վերագտնէիր երբեմնի լուսաւոր կերպարը եւ մեր ընծայարանը կը հարստանայ նորանոր կոչում-ներով, որոնք ալ իրենց կարգին՝ ընծայարանիս պարբերաթերթը առաւել հետաքըրք-րական ու խորիմաստ յօդուածներով կը ծաղկեցնեն, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է,որ կը վերակենդանանան Միաբանութեանս անցեալի փառաւոր էջերը: 

Հ. Գրիգոր Վրդ. ՊատիշահՏեսուչ՝

Ս. Միքայէլ ընծայարանիեւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի

8ՓՈԽ-ՏԵՍՈՒՉ ՀՕՐ ԽՕՍՔԸ

زÚðºÜÆÜ ²Ü²Ô²ðî

ä²ÐºÜø

Ակնյայտ ճշմարտութիւն է, որ  լեզունայնպիսի կենդանի օրկանիզմ է, որ յարա-տեւ կատարելագործման ու բիւրեղացմանկարիք ունի: Սա չի նշանակեր, որ լեզունիւրաքանչիւր օր հրաժարելով իր նախկինարտայայտչաձեւերէն ու բառարմատներէնպիտի որդեգրէ նոր ձեւեր, բառեր եւ դառ-նայ  անճանաչելի,  այլ  նախկին  ձեւերըյղկելով պիտի ձեւաւորէ աւելի մշակուածեւ  առօրեայ  պահանջներուն  համահունչլեզու, ուր գիտութիւնը, արուեստն ու մշա-կոյթը կը գտնեն իրենց ինքնադրսեւորմանարդի ձեւերը:

Զարգացման այսպիսի բարդ հոլովոյթանցած հայոց լեզուն, պատմական ինչ որմէկ պահուն, երբ պետականութիւնը կոր-սընցուց, գրեթէ կանգ առաւ բնականոն այսընթացքէն ու տրոհուելով մասնատուեցաւԲարբառներու, դադրելով միասնական լե-զու ըլլալէ:

Աշխարհաքաղաքական  զարգացումներու  բերումով  Հայ ազգը  զարթօնքի  շրջանթեւակոխեց աշխարհագրականօրէն մասնատուած երկու՝ արեւմտահայութեան եւ արե-ւելահայութեան համապատասխանաբար նաեւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայե-րէնի: Առաջինս «կը» ճիւղին պատկանող Պոլսահայ բարբառը հիմք ընդունեց, ուր ներկանկը կազմուի «Կը, Կու» ձեւերով. իսկ երկրորդը «ում» ճիւղի բարբառախումբին պատկանողԱրարատեան  բարբառը:  Այսպիսով  յառաջ  եկան  երկու  գրական  աշխարհաբարլեզուներու, որնցմէ իւրաքանչիւրը անցաւ զարգացման ինքնուրոյն ուղի, անկախ միւսիհոլովոյթէն:

Պատմական  շրջապտոյտս  ընդարձակելու  փոխարէն  պիտի  փորձեմ  միտքերսկեդրոնացնել  ապագայի  հանդէպ  որոշ  հեռանկար  մը  ուրուագծելու  ուղղութեամբ.Համաշխարային փորձը ցոյց կու տայ, որ լեզուները ինչպէս եւ մարդիկ, միմեանց հանդէպանողոք են եւ երբ երկու լեզուներ միմեանց բախուին, ապա ոչ թէ իրար խառնուելով նորլեզու մը  յառաջ կը բերէն, այլ անոնցմէ հզօրը կը  յաղթէ եւ կ'ոչնչացնէ միւս տկարին:Կրնայ պատահիլ,  որ  որոշ  բառեր կամ որոշ ասոյթաձեւեր պարտուող լեզուէն անցնին 

9ՓՈԽ-ՏԵՍՈՒՉ ՀՕՐ ԽՕՍՔԸ

յաղթողի: Այս ճշմարտութենէն մեկնած կրնանք պատկերացնել մեր լեզուի հզօրութիւնըերբ ամենաքաղաքակիրթ ժողովուրդներէն մինչեւ ամենաբարբարոսները հարիւրամ-եակներ շարունակ ասպատակելով հանդերձ մեր երկիրը չի կրցան մեր լեզուն դուրս մղելշրջանառութենէն, նոյնիսկ թրքական ամենաբիրտ միջոցները անզօր գտնուեցան Հայե-րէնի հանդէպ: Այսպիսի ճշմարտութիւնը մեզի մեծ  յոյս եւ վստահութիւն կը ներշնչէապագայի նկատմամբ, սակայն իրատես ըլլալով պէտք է նշենք, որ այդ ժամանակ Հայըկ'ապրէր ու կ'արարէր իր հայրենի հողին վրայ, իսկ այսօր հայութեան մեծամասնութիւնը,նկատի ունիմ արեւմտահայութիւնը եւ արեւելահայութեան մէկ մասը, հայրենազուրկ եւաքսորեալ վիճակի մէջ է եւ իւրաքանչիւր օր հայոց լեզուն գոյապայքար կը մղէ աշխարհիմեծագոյն մշակոյթներու հետ, որոնց արդի լեզուական ու պետական միջոցները անհա-մատեղելի են մեր համեստ հնարաւորութիւններուն հետ: Սփիւռքահայերս ամենօրեայայս պայքարը ցայսօր սիրայօժար կը տանինք, իւրաքանչիւր գաղութ իր ուժերուն ներածսահմաններուն մէջ: Գոյապայքարը դարձած է մեր ամենօրեայ վիճակը եւ մենք այլելքչունինք:  Այժմ՝  համաշխարհայնացման  այս  ժամանակաշրջանին,  երբ  փոխուած  ենուծացման վտանգի ձեւերն ու եղանակները ու դարձած են աւելի անողոք ու վտանգաւոր,մենք առաւել կարիքն ունինք հայրենի մեր պետութեան աջակցութեանը՝ դիմագրաւելուայն  փորձութիւնները,  հոսանքն  ի  վեր  մեր  թիավարութիւնը  շարունակելու,  մինչեւակունքը  այդ  աղբիւրին՝  մինչեւ  արեւմտահայաստանի  մասնակի  թէ  ամբողջականազատագրումը, որմէ ետք արեւմտահայերու տունդարձի շնորհիւ մեր լեզուի ճիւղերըմիմեանց միախառնուելով յառաջ կրնան բերել հայկական միացեալ պետականութեանմիասնական պետական լեզուն: Քանզի այսօր արհեստական եղանակով հնարաւոր չէմիասնական լեզու ստեղծել:

Մինչեւ այդ հայոց մայրենին անհնար է պատկերացնել առանց արեւմտահայերէնիեւ  արեւելահայերէնի: Ասոնք հայ ազգի ճախրող արծիւի երկու թեւերն են, առանց մէկունմիւսը կը դառնայ անզօր: Ակնյայտ է, որ ներկայիս մէկ թեւը աւելի ուժեղ է, քանզի հայոցպետականութեան կողն է, բայց առանց այդ միւսն առանձինը անկատար է ու խեղճացած:Ճակատագրի բերումով հայկական պետականութիւնը այսօր կը գոյատեւէ Հայաստանիարեւելեան հատուածի մէկ մասին վրայ, ինքնաբերաբար ծաղկեցնելով արեւելահայե-րէնը, սակայն արեւմտահայերէնն ալ ծաղկելու եւ զարգանալու տեղ եւ իրաւունք ունի,նոյնինքն մեր հայրենի իշխանութիւններու հովանիին ներքոյ, քանզի մեր  լեզուի այսերկու ճիւղերը, միմեանց հարստացնելու եւ միմեանց լրացնելու անսպառ աղբիւրներ ենեւ հոն ուր կը կաղայ արեւմտահայերէնը իր ետին կը զգայ արեւելահայերէնի հզօր շունչըեւ նոյնը հակառակ ուղղութեամբ: Ուստի եկէ՛ք պետական յատուկ հոգատարութեանտակ վերցնենք արեւմտահայերէնը, վասնզի այդ լեզուով արարած են Վարուժանն ու,Սիամանթօն, Զոհրապն ու Սեւակը եւ դեռ ինչպիսիներ, որոնք պիտի գան համալրելուանոնց անաւարտ շարքերը:

Հ. Տիգրան Վրդ. Փիլիպպոսեանփոխ-տեսուչ

Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի

10ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ÊØ´²¶ð²Î²Ü

Ժամանակի թելադրանքին համահունչ, զինուած արդի անհրաժեշտ գիտելիք-ներով, ինչպէս նաեւ միաբանութեանս անցեալի հարուստ փորձով գօտեպնդուած՝Զմմառու կղերի միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանն ու Երանելի ԻգնատիոսՄալոյեան դպրեվանքը, հայակերտումի եւ մարդակերտումի ուրոյն դարբնոց դարձածէ: Իրարմէ անբաժան այս երկու՝ հայակերտում եւ մարդակերտում հասկացողութիւն-ները ժառանգաւորաց ամենօրեայ գործունէութեան առանցքը կը կազմեն: Նախքանկուսակրօն քահանայի կերպարի ձեւաւորումը, այստեղ հայ մանուկն ու պատանինկը դաստիարակուին տիպար ու պիտանի անհատ դառնալու ոգիով: Այստեղ անոնցմէջ կը սերմանուի քրիստոնեայ կղերականի որակական յատկանիշները: Ինքնաճա-նաչողութեամբ եւ ինքնամաքրմամբ միայն մարդ արարածը, յատկապէս հոգեւորա-կան անհատը, կրնայ մերձենալ Աստուծոյ եւ իր կարգին մերձեցնել իր հօտը՝ զԱստ-ւած: Ուստի անհրաժեշտ է ունենալ որակեալ հոգեւորականներ, արժանի իրենց կոչ-մանը:

Զմմառու կղերի միաբանութեան դպրատունը հաստատուած ըլլալով հանդերձսփիւռքեան կարեւորագոյն գաղթօճախներէն մէկուն՝ Լիբանանի մէջ, այն համայնսփիւռքեան գաղութներուն կը մատակարարէ հայ կաթողիկէ որակեալ վարդապետ-ներ, որոնք իրենց վարքով եւ ծաւալած աշխատանքով պատիւ կը բերէն հայ եկեղեցւոյեւ հայ ժողովուրդին: Պատկանելիութեան հարցով Զմմառու կղերի միաբանութեանդպրատունը նոյնպէս չի սահմանափակուեցաւ համայնքային նեղ պարունակին մէջ,այլ  դարձաւ  նեղհամայնքային  եւ  խտրական  նկրտումներէ  վեր  համախմբող  եւհամատեղող կրօնական, ազգային հաստատութիւն:

Օրհնեալ  է Զմմառու կղերի միաբանութիւնը եւ  օրհնեալ  են հոն  ծառայած եւծառայող Աստուածանուէր եւ ազգանուէր միաբանները, որոնք Տիրոջ կամօք իրենցուխտ լրումը պիտի նշեն Մայր հայրենիքի Սուրբ հողին վրայ:

11ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԽՕՍՔԸ

Ðයôàð ²è²æÜàð¸àôº²Ü

²ÜÐð²ÄºÞîàôÂÆôÜÀ

Ի՞նչ է հոգեւոր առաջնորդութիւնը 

Թերեւս  հարց  ծագի  ըսելով՝  «պէտքչունիմ  հոգեւոր  առաջնորդութեան.  եսունակ  եմ  ինքզինքս  կառավարելու.  գի-տեմ ուր կ'երթամ. Արդ պէտք չունիմ, որմէկը առաջնորդէ զիս»:

Մասամբ  իրաւացի  է,  որովհետեւխելքով օժտուած մէկն է եւ կարողութիւնըունի մտածելու եւ ըմբռնելու. բայց բաւա-կա՞ն է արդեօք: Այս կը նմանի այն մար-դուն, որ կը մտադրէ Արարատ լեռը բարձ-րանալ  առանձին,  (թէեւ  ամէն  մարդ  չիկրնար բարձրանալ Արարատ լեռը) որով-հետեւ ունի այդ կարողութիւնը , սակայնբաւարա՞ր է արդեօք միայն կարողութիւնունենալ. Հարկաւոր չե՞ն որոշ միջոցներ,մանաւանդ  առաջնորդի մը, որ գիտէ ճա-նապարհը եւ կրնայ ուղղել զինք: Առան-ձին բարձրանալը խոհեմութի՞ւն է. արկա-ծախնդրութիւն չէ՞ :

Փորձառութենէ մեկնած` Սուրբ Հոգւոյ շնորհքներով լիացած Եկեղեցին, կը պատ-ւիրէ իւրաքանչիւր քրիստոնեային, որ կը ձգտի դէպի բարձր կատարները խոյանալ,հոգեւոր կեանքի մէջ հոգեւոր առաջնորդ մը ունենալու: 

Եկեղեցին կը հաւատայ, թէ Աստուած   կ՝ուզէ փրկել մարդը այլազան միջոց-ներով. հետեւաբար  Եկեղեցին կը նկատէ հոգեւոր առաջնորդը, որպէս լաւագոյն մի-ջոցը այդ ձեռնարկին յարմար: Նաւավարն անգամ պէտք ունի բեւեռացոյցի եւ փա-րոսի՝ խաղաղ ափերը հասնելու համար, մանաւանդ փոթորիկներու եւ խաւարայինալեկոծութիւններու ատեն: Սակայն ոչ ոք լաւագոյն դատաւորն է իր անձին, ոչ ալամէն մարդ կոչուած է ուրիշին առաջնորդ ըլլալու:

Ուրեմն հոգեւոր առաջնորդութիւնը  էական է: Էական է,  որովհետեւ հոգեւորհայրը  առանձին  չէ:  Հոգեւոր  առաջնորդութեան  մէջ  երեք  ազդակներ  կը  գործեն՝ 

12ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԽՕՍՔԸ

առաջնորդուողը, առաջնորդ հայրը եւ մանաւանդ սուրբ Հոգին, որ առաջին տեղը կըգրաւէ: Ասոր համար շատ կարեւոր է, որ նախքան հոգեւոր առաջնորդին դիմելը, մէկըՍ. Հոգւոյն   դիմէ եւ Անոր շնորհքները հայցէ: Սուրբ Հոգւոյ  շնորհքը մեծապէս կընպաստէ եւ կարեւոր դերակատարութիւն կ'ունենայ այդ միջոցին: Ս. Յովհաննէսկ'ըսէ՝ «հողմը կը փչէ, հոն ուր կ՝ուզէ. դուն կը լսես անոր ձայնը, բայց չես գիտեր, թէուրկէ կու գայ եւ ուր կ՝երթայ» ( Յով. 3,8 )  

Հոգեւոր Առաջնորդութեան Նպատակը   

Ի՞նչ օգուտ ունի հոգեւոր առաջնորդութիւնը: 

Սրբութեան կը հասցնէ: Սրբութենէն աւելի վեհ ի՞նչ կրնայ ըլլալ: Այս նպատակինհամար սակայն կարեւոր է ցանկութիւնը. բաղձանքը պէտք է սուրբ ըլլալու եւ միան-գամայն առաջադրութիւններ առնել անկեղծութեամբ ու լրջութեամբ  հոն հասնելու:Ճիշտ է, առաջին քայլերը յաճախ դժուար կ՝ըլլան, բայց պէտք է հաւատալ, որ երբ մէկըառաջին քայլը կ'առնէ, ապա Աստուծոյ օժանդակութեամբ հարիւր քայլ առաջ կ'ընթա-նայ: Ուստի արժէ ուրեմն նման քայլ մը առնել: 

Մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ ունի կարողութիւնը եւազատութիւնը զԱստուած սիրելու կամ մերժելու: Մարդը միշտ կարող է, երբ ուզէ,հնարք մը  գտնել Աստուծոյ  հետ  յարաբերութեան մէջ մտնելու  եւ արտայայտելու Անոր հանդէպ յարգանք ու սէր:  Բայց եթէ ան  կ՝ուզէ լիապէս եւ ամէն օր հաստատել 

13ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԽՕՍՔԸ

այդ յարաբերութիւնը ուրեմն անհրաժեշտ է, որ  ան հաւատարիմ մնայ իր  առաջադ-րանքներուն զորս թելադրուած էր իրեն: Այս կարողութեան շնորհքը եւ հաւատար-մութեան վիճակը, միայն հոգեւոր առաջնորդութիւնն է, որ ատակ է հաղորդելու իրեն,երբ անոր կու տայ արդիւնաւէտ միջոցները յառաջ ընթալու՝ հոգեւոր կեանքին մէջ:

Կատարելութեան հասնելու միջոցները

Հոգեւոր առաջնորդութեան մէջ ,երեք էական նախապայմաններ  հարկաւոր ենհասնելու կատարելութեան :

Նախ անկեղծութիւնը:  Ընդունինք,  որ  Հոգեւոր  հայրը  կամ առաջնորդը  որեւէակնկալութիւն չի սպասեր մէկէ մը. ինք առաջնորդուողին հետն է կամ կողքին է,պարզապէս՝ անոր օգնելու համար եւ ոչ թէ անոր տեղ որոշումներ կայացնելու եւ գոր-ծադրել տալու: Ինք՝ հոն է, որպէս հոգւոյ բժիշկ. եթէ անոր չպարզուին հարցերն ուկասկածները անկեղծութեամբ եւ յստակօրէն, ինք կարող պիտի չըլլայ կռահելու զա-նոնք եւ պէտք եղած ախտաճանաչումը կատարելու:

Երկրորդ՝ խոնարհութիւնը : Ո՞վ չունի իր թերութիւնը կամ պակասութիւնը: Եթէամէնքս մեղաւոր ենք, ուստի մեր թերութեան հետեւանքով է, եւ կամ գիտակցուածսխալներով: Շատ անգամ կ'ուզենք քօղարկել զանոնք, բայց անօգուտ. «չկայ ծածուկբան մը որ չյայտնուի, կամ գաղտնիք մը որ երեւան չգայ» (Ղուկ. 12, 2): Իսկ եթէ յայտ-նուին անոնք, ապա ի նպաստ մեր բարիքին է, որովհետեւ առիթ պիտի ունենանքզանոնք դարմանելու անով իսկ հաճելի ըլլանք Քրիստոսի եւ նմանինք իրեն, Ինք, որ«Աստուծոյ կերպարանքով էր, յափշտակութիւն չհամարեց ըլլալ հաւասար Աստուծոյ:Բայց ունայնացուց իր անձը, առաւ կերպարանքը ծառայի եւ եղաւ նման մարդոց,  խո-նարհեցոյց իր անձը, հնազանդեցաւ մինչեւ մահ, մինչեւ մահը՝ Խաչին վրայ» (Փիլիպ.2, 6): Խոնարհութեան պակասն է, որ կը հեռացնէ երէցը փոքրէն, հարուստը աղքատէնեւ մարդը Աստուծմէ: Ասոր համար է  ,  որ  յաճախ կը տեսնենք հաւատացեալներ,որոնք կը թերանան զիրար ներելու եւ մերձենալու ապաշխարութեան սուրբ խոր-հուրդին:

Երրորդ՝  հեզութիւն, քաղցրութիւն կամ  հլութիւն: Յիսուսի երանիներէն մէկն է:«Երանի հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատթ. 5, 5): Հեզըխոնարհաբար կ՝ընդունի կատարել այն ինչ կը խնդրուի իրմէ եւ անոր փոխարէն վար-ձատրութիւն կը ստանայ: Երբ հոգեւոր առաջնորդը խրատէ զինքը եւ ինչ, որ առաջար-կէ կատարելու, ան անյապաղ կ՝անսայ անոր եւ կը գործադրէ. այն ատեն ան կը ժա-ռանգէ երկիրը, այսինքն կը վարձատրուի, որովհետեւ հեզ է, նման սուրբ Պետրոսի,որ ջուրերուն վրայ քալեց: Պետրոս խնդրեց Յիսուսէն ըսելով՝ «Տէր, եթէ դուն ես, հրա-մայէ ինծի, որ մօտդ գամ ծովուն վրայ քալելով: Յիսուս ըսաւ անոր՝ Եկուր: Պետրոսնաւակէն իջաւ, քալեց ջուրերուն վրայ եւ եկաւ Յիսուսի մօտ» (Մատթ, 14, 28):

14ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԽՕՍՔԸ

Պետրոսին հեզ ու հլու վարմուն-քին  արդիւնքն  էր,  որ  հրաշքով  մըվարձատրուեցաւ: Նոյնպէս ալ Առաջ-նորդ հօր դիմելը, իրմէ խրատ հայցելըեւ  իրեն  սրտբաց  արտայայտուիլընշաններ  ու  ապացոյցեր  են,  թէ  այդանձը հեզ է ու փափաք ունի կատար-եալ  ըլլալու  եւ  սրբութեան  ձգտելու:Այսպիսին  յստակ կ'երեւայ, որ լրջու-թեամբ կը մօտենայ կեանքին եւ ճիշտուղեգիծով հունաւորած զայն: Այնու-հետեւ  կը  կազմակերպէ  զայն  եւ  կըջանայ, որ իր հոգեւոր կեանքը աւելիսուրբ  ու  պտղաբեր  դառնայ:  Ասորհամար, ան կը քննէ ու կը զննէ, թէ ի՞նչեն արգելքները, ի՞նչ են այն վատ սո-վորութիւնները,  թերութիւններն  ումոլութիւնները,  որոնք  կը  խոչընդո-տեն իր յառաջդիմութիւնը: Այն ատեն,անոր կը մնայ ձեռք ձգել ազդու միջոց-ները զանոնք յաղթահարելու:  Այդ միջոցներն  են՝ ինչպէ՞ս  բարիք ընել իր շուրջին-ներուն, միշտ ուրախ տրամադրութեամբ ապրիլ  եւ ջանալ, որ ամէն սիրտ ճանչնայսրբազան հանգամանքը Յիսուսի եւ անոր թագաւորութիւնը տարածուի ամենուր:  

Ի վերջոյ՝ հոգեւոր առաջնորդութիւնը, զոր ներկայիս կը կոչեն «Հոգեւոր ընկերակ-ցութիւն» կամ «խղճմտանքի ուղեցոյց» ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ միջոց մը հաւատարիմ ուհաստատ մնալու հաւատքի մէջ:

Արհի. Տէր Գէորգ Արք. ԽազումեանՀոգեւոր Առաջնորդ

Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի

15ՅԻՇԱՏԱԿ

¶ºð© ²Ü¸ð²ÜÆÎ Ì© ìð¸©

Îè²Üº²ÜÆ ÚÆÞ²î²ÎÆÜ

Դարերու  ընթացքին  եղանհոգեւորականներ,  որոնք  իրենցնշանակալի  աւանդը  բերին  հայիրականութեան մէջ: Ահա այդպի-սին  էր  Հայր  Անդրանիկ  Ծ.  Վրդ.Կռանեանը, որու թողած գրականժառանգութիւնը հարստացուց հայմշակոյթի  գանձարան-շտեմարա-նը:

Ան իր ողջ կեանքն ու կենսա-փորձը ի սպաս դրաւ հայ գրակա-նութեան ծաղկմանն ի խնդիր. տի-րապետելով (Հայերէն, Ֆրանսերէն,Իտալերէն, Անգլերէն եւ Լատիներէն) լեզուներուն՝ ծաւալեց թարգմանչական աշխա-տանքներ:

Զմմառու կղերի միաբանութեան ականաւոր դէմքերէն մին՝ հանդիսացող հայրԱնդրանիկը ծնած է 1929 թուականին Պէյրութ: Ան ինքզինք ամբողջովին նուիրեցԶմմառու կղերի միաբանութեան, որու հնամենի վանքին մէջ սնելով եւ անոր սրբա-տաշ քարերու խնկաբոյր բուրմունքէն ներշնչուելով ստեղծագործեց բազում եւ բազ-մաբովանդակ հատորներ, ըլլան անոնք՝ Աստուածաբանական, Ծիսական, Հայրա-բանական, խոհական, քննադատական եւ այլ բնագաւառի աշխատասիրութիւններ,որոնցմէ յիշատակութեան արժանի են 1999-ին «Անապահով օրեր» հատորը, որ Լի-բանանեան պատերազմի առօրեայէն քաղուած էջեր են։ Հայոց քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, 2001-ին՝ «Հայ Ծիսական Պաշտամունք». 2011-ին՝ «Խօսէ՛ ինծի ՀայԵկեղեցիի մասին» եւ այլ արժէքաւոր հատորներ: 

Մտաւորական  եւ  հասարակական  գործիչ՝  Հայր  Անդրանիկը  խմբագրած  է«Մասիս» շաբաթաթերթը եւ «Աւետիք» Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան պաշտօ-նաթերթը:  Եզակի աշխատասիրութիւն  է  իր  առձեռն  «Բառգիրք  Հայերէն  Լեզուի»բառարանը, զոր շրջանառութեան մէջ է:

Որպէս մանկավարժ դաստիարակած է սերունդներ՝ ուսուցանելով գրաբարը, զորներկայիս  քիչերուն  վիճակուած  է անոր իմացութիւնը: Քանիցս պարգեւատրուած է 

16ՅԻՇԱՏԱԿ

Լիբնանի Հայկազեան Համալսարանիտեսչութեան  կողմէ՝  եւ  որպէս  հա-մանուն  համալսարանի դասատու  եւ որպէս  «Հայկազեան  ՀայագիտականՀանդէս»ի  անխոնջ  աշխատակից  եւխմբագրակազմի անդամ:

Բազում  պարգեւներ  Ստացած  էորոնցմէ կարեւորագոյնը Հ. Հ. Նախա-գահ՝  Սերժ  Սարգսեանի  կողմէ  2014թուականին «Մովսէս Խորենացի» շքա-նշանով:

Զմմառու  կղերի  միաբանութեանյենասիւներէն մին հանդիսացող՝ լու-սահոգի  Հայր  Անդրանիկ  Ծ.  Վրդ.Կռանեան, Չորեքշաբթի 27 Սեպտեմ-

բեր  2017  առաւօտեան  իր  մահկանացուն  կնքեց,  որու  մահուան  բօթը  խոր  վշտիմատնեց հայութեան ընդհանրապէս եւ միաբանութեանս հայրերուն մասնաւորաբար:Անոր կորուստը անդառնալի վէրք բացաւ համայն հայութեան սրտերուն մէջ:

Միաբանութեանս մխիթարութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ Ս. Միքայէլ ընծայարանիեւ Եր. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաները՝ դառնան Հայր Անդրանիկի եւ իրնման անձնուրաց նուիրեալ հայրերու արժանաւոր յաջորդները եւ միաբանութեանսջահը վառ պահեն զայն փոխանցելով դարերուն: 

Հ. Տիգրան Վրդ. Փիլիպպոսեանփոխ-տեսուչ

Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի

ºð²ÜºÈÆ Æ¶Ü²îÆàê زÈàÚº²Ü

¸äðºì²ÜøÐÇÙÝáõ³Í 2001

18ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

¸²ðºð ΰ²ÜòÜÆÜ ´²Úò ¸àô

ÎÀ ØÜ²êª ê© Øºêðàä زÞîàò

Հայաստան աշխարհի քրիս-տոնէացումէն  շուրջ  մէկ  դարետք՝ երանել Մեսրոպ Մաշտոցերբ  սկսաւ  աւետարանի  լոյսըտարածել՝  նկատեց,  որ  Հայաս-տանի  որոշ  գաւառներու  մէջյատկապէս  Գողթն  Գաւառիհայութիւնը տակաւին հեթանո-սական կրօնի սովորութիւններըկը կիրարկէր, այս մէկը խորա-պէս  յուզեց  անմահն  Մաշտոցիդիւրաբեկ  հոգին  եւ  խոր  վիհբացաւ անոր սրտին մէջ: Եւ երբպրպտելով իմացաւ այս աղէտինտուն  տուող  պատճառը  հայոցգրաւոր լեզուի չգոյութիւնն էր, եւոր  եկեղեցւոյ  մէջ  արարողու-թիւնները  կը  կատարուէին այդօրերու  շրջանառութեան  մէջդրուած  լեզուներով՝  ըստ  աշ-խարհագրական  դիրքին  եւ  իշ-խող  տէրութիւններուն  ազգու-թեանը՝ ապա իմաստուն մարդուշրջահայեաց հեռատեսութեամբկողմնորոշուելով ախտաճանա-չումը կատարեց՝ ստեղծել հայոցհամար  գիրեր՝  որով  կարենար

ամրապնդել քրիստոնէական հաւատը, որը հայ ժողովուրդի նկարագրային խառ-նուածքին համահունչ կրօն էր:

Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց օրուան կաթողիկոս՝ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորչիտոհմի վերջին ներկայացուցիչ՝ Ս․ Սահակ Պարթեւին որու հաւանութիւնը ստանալէետք՝ երկուքով դիմեցին հայոց Վռամշապուհ արքային, վերջինս իր ամբողջականաջակցութիւնն  ու  նեցուկը  ի  սպաս  դրաւ՝  սրբազան այս  գործի  յաջողութեանն  իխնդիր:

19ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Գործը ընթացք առաւ աշակերտներ համախմբելու աշխատանքով, որոնք ղըր-կուեցան Ասորիք, Բիւզանդիոն, Եգիպտոս եւ այլուր՝ ուսումնասիրելու այդ օրերուկարեւորագոյն  լեզուներու  քերականական  կանոնները,  որպէսզի  ամենաանթերիձեւով ստեղծուէր հայոց այբուբենը: Երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքը ի միբերուելով՝ ստեղծեցին հայոց լեզուամտածելակերպին համահունչ 36 հնչիւնները:Այժմ պահն էր այդ հնչիւններուն ձեւ տալու, այստեղ էր, որ նախախնամութիւնը իրմիջամտութիւնը կատարեց՝ Տիրոջ հրեշտակը Երանելի Մաշտոցին տեսիլքով երեւ-ցաւ եւ իրեն յանձնեց 36-հնչիւնին համապատասխանեցուած ձեւերը:

Հայոց աշխարհը ցնծութեան մէջ կը խայտար, նոր ժամանակաշրջան, նոր ծրագ-րեր մշակելով իրագործելու հնարաւորութիւններ ստեղծուած էին: Աստուածաշունչիթարգմանութեամբ պանծաց հայոց եկեղեցին եւ քրիստոնէական հաւատը ամրակուռեւ անխախտ հիմերու վրայ դրուելով փառաւորուեցաւ Քրիստոսի վարդապետու-թիւնը, զոր մինչեւ օրս կը լուսաւորէ, կ՛ուղղէ, կ՛ազնուացնէ եւ կը յղկէ հայուն միտքնու հոգին եւ զինք արդար եւ ճշմարիտ ճանապարհ կ՛առաջնորդէ:

Հայ ժողովուրդը իր սքանչագործ վարդապետին սրբացուց, այս մէկը ունէր իրարդարացի պատճառները, որոնցմէ կարեւորագոյնը՝ որ Ան հայոց ոսկեղինիկ այբու-բենը ստեղծեց յանուն քրիստոնէական հաւատի անսասանութեան, ամրապնդման եւկայացման:

20ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Սոյն տեսակէտի ամենավառ փաստը՝ որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց այնքան մտած-ւած եւ ուսումնասիրուած հնարքով կարգաւորած է հայոց այբուբենը, որ երբ զայնբուրգանման զետեղենք, ապա անոր երեք անկիւններէն դուրս կու գայ՝ Հայրը, Որդինեւ Ս. Հոգին:

Իսկ ազգային դիտանկիւնէն եթէ նայինք, ապա կը տեսնենք թէ գիրերու գիւտովհայը ունեցաւ՝ այնպիսի հզօր կռուան՝ դիմակայելու բոլոր դժուարութիւններուն եւխոչընդոտներուն որոմք կը ցցուին հայուն առաջ:

Միթէ՞ ազգի մը ինքնուրոյնութիւն տուող անձէն աւելի Սուրբ մէկը կրնայ ըլլալ:Դարեր կ՛անցնին բայց դու կը մնաս՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց:

ԿԱՐՕ ԳԼԸՆՃԵԱՆ  Տիրացու՝ Զմմառեան Ուխտի

Եղբ. Կարօ ԳլընճեանԿարօ Բարսեղ Գլընճեան, ծնած է 11 Մարտ 1991-ին,Հասաքէ  –  Սուրիա:  Կրթութիւնը  ստացած  է  Հայառաքելական Լիուա, Հայ կաթողիկէ Մուահատէ,Ասորի Օրթոտոքս Ամալ եւ Պետական Երկրորդա-կան վարժարան, որմէ շրջանաւարտ եղած է ստա-նալով  գիտական  Պաքալորիան:  Համալսարանիմէջ հետեւած է ուսողութեան դասերու: 2010 Օգոս-տոսին ընդունուած է Զմմառեան ՄիաբանութեանԵրանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքը ուխ-տելով դառնալ միաբան վարդապետ: Իմաստասի-րական ուսումները կատարած է Հռոմ՝ Յիսուսեան-ներու «Գրիգորեան» համալսարանէն ներս: 2014-ինկը  վերադառնայ  Զմմառ,  ուր  կը  շարունակէ  իրԱստուածաբանական ուսումները Ս. Պօղոս կաճա-ռէն  ներս:  2016  Յունիսին,  հետեւելէ  ետք  «ՀայոցՊատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռաուսուցմանխտացեալ դասընթացքին, ստացած է անոր համա-պատասխան  վկայագիրը  Երեւանի  ՊետականՀամալսարանի «Հայագիտական հետազօտութիւն-ներ»-ու հիմնարկէն: Այժմ իր Աստուածաբանականաւարտաճառը կը պատրաստէ՝ Ս․ Պօղոս Կաճա-ռէն ներս։

21ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

ìºðÀÜÒÆôÔàô²Ì вÚàôÜ

ÊàðÐð¸²ÜÆÞª ʲâø²ðÀ

Պատմութեան  ընթացքին հայաստանը մեկնած իր աշխարհագրական  դիրքէնդարձած է կռուախնձոր մեծ տէրութիւններու միջեւ. այսուհանդերձ մնացած է կան-գուն եւ անսասան իր սուրբ լերան Արարատի նման եւ որպէս մոխիրներէն յարնածփիւնիկ սաւառնելով ճախրած է՝ միշտ ի մտի ունենալով Յիսուս Քրիստոսի օրինակը.ահա թէ ինչու Խաչքարը դարձած է հայ ժողովուրդի խորհրդանիշը:

Սկզբնական շրջանին՝ նախքան քրիստոնէութիւնը հայը փորագրեց կենաց ծառըորու՝  պատճառաւ  մարդը  վտարուեցաւ  դրախտի  բարօր  կեանքէն  եւ  բախեցաւաշխարհիկ դաժան կեանքին. ապա ծառը փոխարինուեցաւ խաչով, որ եկաւ մարդունդարձեալ մօտեցնելու Աստուծոյ:

Քարի վրայ եղած փորագրութիւնը ինքնանպատակ չէր . այլ ունէր իր արդարացիպատճառը ՝ Քանզի հեթանոս հայը իր դիցերու պաշտամունքը կը կատարէր արձան-ներու միջոցաւ եւ որոնք քանդակուած էին քարերու վրայ:

Հայկական տուֆի վրայ փորագրուած խաչքարի իւրաքանչիւր նախշ ունի իրիմաստն ու նշանակութիւնը,  եւ որը կը ներկայացնէ հայոց պատմութենէն վերցուածորոշ դրուագներ:

22ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Խաչը զբաղեցուցած կ՝ըլլայքարի կեդրոնին երկու առ  չորսբաժինը. վերեւը կը քանդակուիՍուրբերու  դիմանկարներ,  իսկներքեւը  յաւերժութեան  անիւը,զոր կը խորհրդանշէ Արեւը՝ լոյսըզոր բոլոր գոյութիւն ունեցող բա-ներու սկիզբն է, իրմով կը սկսի եւիրեն կը վերադառնայ:

Ինչպէս եւ մշտնջենականու-թեան խորհրդանիշն է. արդ՝ կըսկսի կէտէ  մը եւ կը վերադառ-նայ միեւնոյն կէտին. այսինքն ո՛չսկիզբ կայ եւ ո՛չ ալ վերջ, անվերջպտտուող կեանքի անիւն է. 

Հայաստանի  տարբեր  շըր-ջաններու  մէջ  կանգնած  50000էաւելի խաչքարերը՝ Ճարտարա-պետական  լուծումներով  քան-դակուած են, անոնք կը բովան-դակեն կենդանական աշխարհէնառնուած  պատկերներ  ինչպէս՝Արծիւը եւ առիւծը՝ որոնք երկնքիեւ երկրի արքաներն են, զոր կըպահպանեն  հայաստան  աշ-

խարհը  եւ  կը  խորհրդանշեն  ոյժ  եւ  զօրութիւն:  ինչպէս  եւ  բուսական աշխարհէնառնուած միրգեր ինչպէս՝ խաղող, ծիրան եւ նուռ, որոնք հայկական լեռնաշխարհինշանաւոր պտուղներն են: որոնք հեթանոս հայաստանէն անցած են ՔրիստոնէականԿրօնին. այսպէս՝ Հայկական տոմարի ամանորը՝ Օգոստոսի 11-ն է, եւ որ տուեալժամանակաշրջանի առաջին բերքը խաղողն է,  զոր ըստ հայկական սովորութեանցկ՝ընծայուէր դիցերուն:

Իսկ հայ ժողովուրդի քրիստոնէացումէն ետք. Այն անցաւ Տիրամօր վերափոխմանօրուան Օգոստոտի 2-րդ կիրակին, ուր խաղողը օրհնուելով կը վերածուի գինիի,գինին՝Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսի արեանը:

Ծիրանը  զոր անխառն  հայկական պտուղ  է,  եւ  հայաստանէն տարածուած  էաշխարհի  չորս  ծագերը կոչուելով Apricot.  մեծ տեղ գրաւած է հայոց սովորութեանց 

23ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

եւ աւանդութիւններուն մեջ:Պեղումներու ընթացքին բա-ցայայտուած է, որ Ծիրանըհայկական  լեռնաշխարհինմէջ գոյութիւն ունեցած է դե-ռեւս Քրիստոսէ առաջ 4-րդհազարամեակին:

Ըստ  աւանդութեան՝առաջին ծիրանի թուփը նոյնահապետը՝ տնկած է Արա-րատեան դաշտավայրի բա-րեբեր հողին վրայ: Իսկ նու-ռը կը խորհրդանշէ՝ բախտ,ծաղկում  եւ  առատութիւն:Հայ  ժողովուրդի  մշակոյթիխորհրդանիշ նուռը, երկրա-գունդի  օրինաչափութեանխորհուրդն  ունի,  որովհե-տեւ կը պարփակէ 365 հա-տիկ  եւ  որը  կը  նշանակէ՝տարուան օրերը:

Աշխարհի չորս ուղղու-թիւնները  ընդգրկող  խաչ-քարի հորիզոնական դիրքըընդհանուր առած՝ կը խոր-հըրդանշէ երկնքի արքայութիւնը, որու աջ կողմը Տիրոջ բարիքները՝ հանդէպ ժողո-վուրդին,  իսկ  ձախը՝  Տիրոջ  բարեգթութիւնը  եւ  ներողամտութիւնը  մեղաւորներումեղանչմանը ի տես:

Ուղղահայեացը՝ Քրիստոսի էջքն է երկնքէն դէպի գեհեն, մեղաւորներուն փրկելուեւ ջախջախելու սատանային իշխանութիւնը: Նաեւ Ս.հոգիին երեւումը՝ եկեղեցւոյպայծառութեան համար:

Խաչքարը ունի Քօղարկուած թաքուն իմաստներ եւս, որոնցմէ կարեւորագոյնը՝եթէ քարին ձախ կողմը ջնջենք. ապա դուրս կու գայ է տառը. Զոր եօթներորդ գիրն էհայոց այբուբենին: Ընդհանուր եկեղեցւոյ մէջ թիւ եօթն ունի յատուկ իմաստ եւ նշա-նակութիւն: Քանզի Աստուած եօթներորդ օրը ամբողջացուց՝ աշխարհի ստեղծումը,հետեւաբար ան կատարելութեան խորհրդանիշն է:

24ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Ինչպէս եւ է տառը հայկական Քրիստոնէական մշակոյթին մէջ իր ուրոյն տեղնունի. ներառեալ վերոյիշեալ նշանակութեան Ս. Գիրքին մէջ յիշատակուած է տառը,կը խորհրդանշէ էութիւնը հետեւաբար եւ զԱստուած:

Հայոց ցեղասպանութենէն եւ տեղահանութենէն ետք՝ խաչքարը դարձաւ հայոցգողգոթայի խորհրդանիշ եւ որպէս այդպիսին հայը զայն կանգնեցուց ամենուր:

Զմմառու կղերի միաբանները եւս անմասն չմնալով այս գեղեցիկ աւանդութենէն,Տէր-Զօրէն Զմմառու վանք բերուած նահատակաց աճիւններու վրայ 1995 կանգնեցու-ցին խաչքար, սոյն յուշակոթողը կը բնորոշէ մէկ ու կէս միլիոն սրբացեալ նահատակ-ներու, ինչպէս եւ Մարտինի առաջնորդ՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Զմմառու15-միաբան վարդապետներու՝ յանուն հաւատի եւ հայրենեաց զոհուելու խորհուրդը:

Վարդան  ճալլուֆՏիրացու՝ Զմմառեան Ուխտի

Եղբ. Պասէլ (Վարդան)Ճալլուֆ

Պասէլ Էլիաս Ճալլուֆ, ծնած է 11 Յուլիս 1990-ին,Հալէպ – Սուրիա: Նախնական կրթութիւնը ստա-ցած է տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Լուսաւորիչճեմարանին մէջ, ապա Միքայէլ Քաշշուր, որմէ ետքպետական  ուսումնարանէն  ստացած  է  Պաքա-լորիան: 2012-ին ընդունուած է Զմմառեան Միա-բանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրե-վանքը,  ուր  մէկ  տարի  հետեւած  է  Հայոց  լեզուիարագացուած դասընթացքներուն: 2015 թուակա-նին աւարտած է Իմաստասիրական ուսումները:2016  Յունիսին,  հետեւելէ  ետք  «Հայոց  Պատմու-թեան հիմնահարցեր»-ու հեռաուսուցման խտաց-եալ  դասընթացքին,  ստացած  է անոր  համապա-տասխան վկայագիրը Երեւանի Պետական Համալ-սարանի «Հայագիտական հետազօտութիւններ»-ուհիմնարկէն:  Այժմ,  ան  Աստուածաբանական  իրաւարտաճառը կը պատրաստէ Ս. Պօղոս կաճառէններս:

25ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

вÚÎ²Î²Ü Ðයôàð ²ðľøܺð¾Üª

Һ貶Æð زÜܺðÀ

Բաց  երկնքի տակ  թանգարան  համարուող  հայաստանը՝  հնագոյն աշխարհիմշակութային  օրրաններէն  մէկը  հանդիսացած  է:  Իսկ  քրիստոնէութիւնը  որպէսպետական կրօն դաւանած առաջին իսկ օրէն՝ առաւել ծաղկում եւ զարգացում ապ-րեցաւ, որովհետեւ ան դարձաւ հայուն անքակտելի բաղադրիչը. Ճարտարապետու-թիւնն  ու  քանդակագործութիւնը  հասաւ  իր  գագաթնակէտին: Աւելի  ուշ՝  գիրերուգիւտէն  ետք՝  մշակոյթը  իր  բովանդակ  իմաստով  վերելք  ապրեցաւ՝  վանքերն  ուեկեղեցիները դարձան գրչութեան կեդրոններ, ուր կը գործէին ժամանակի ականաւորմատենագիրներ, աստուածաբաններ, ծաղկողներ, գրչագիրներ, մանրանկարիչներ,երաժշտագէտներ, քերթողներ, փիլիսոփաներ, հռետորներ, աստղաբաշխներ, պատ-մագիրներ, թուաբանագէտներ, առակագիրներ, եւ այդ օրերու այլ մասնագիտութեանտէր հոգեւորականներ:

Այս բոլոր հոգեւոր հարստութիւնները մեծ խնամքով պահպանուած են հայրե-նիքի  եւ  սփիւռքի  մէջ  գոյութիւն  ունեցող  կարգ  մը  վանքերու  եւ  հայագիտականկեդրոններու մէջ, այդ թուին՝ վտարանդի մէջ հիմնուած՝ Զմմառու կղերի միաբա-նութեան մատենադարանին մէջ:

26ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

18-րդ դարու կէսին, հայրենիքէնհազարաւոր մղոն հեռաւորութեանվրայ գտնուող Զմմառու վանք-հա-մալիրը, որ գեղարուեստականօրէնբարձր ճաշակով կառուցուած՝ է, իրծաղկումն  ու  զարգացումը  ապրե-ցաւ, զոր մինչեւ օրս այցելուներունեւ ուխտաւորներուն կը հիացնէ իրշինարարութեան ինքնատիպ ոճովը:

Առանձնապէս  ճարտարապե-տական  հմուտ  լուծումներով  կեր-տուած է՝ վանական համալիրի կո-րիզը  հանդիսացող՝  գրադարան-մատենադարանը, զոր նախքան այդ1810-էն ծառայած էր որպէս դպրե-վանք:

Աբրահամ Ա. Արծիւեան կաթո-ղիկոս-պատրիարք՝  իր  սեփականգրադարանի հարուստ հաւաքածոնկտակած  էր  միաբանութեան,  զորյենակէտը հանդիսացաւ՝ որու վրայԶմմառու  կղերի  միաբանութեանհայրերէն  իւրաքանչիւրը՝ իր համեստ լուման ներդրաւ՝ հայոց բազմադարեան մշա-կոյթը անէացումէ փրկելու Աստուածահաճոյ գործին եւ յառաջացաւ այսօր արդէնյայտնի վիթխարի գրադարան-մատենադարանը՝ գրաւելով աշխարհի առաջատարհայագիտական կեդրոններու մէջ 5-րդ հորիզոնականը:

Անոնք կը բովանդակեն քրիստոնէական գաղափարախօսութեան՝ որակականբարձր յատկանիշներով յօրինուած՝ մատենագիրներու, պատմագիրներու, փիլիսո-փաներու աշխատասիրութիւնները, շարականագիրներու շարակնոցները, հասնելովվերածնունդի  ռահվիրայ՝  Գրիգոր  Նարեկացիի  եւ  այլոց  երկերու  բնօրինակները,որոնք առկայ են ձեռագիրներու մէջ:

Տրուած ըլլալով, որ հայկական հին ձեռագիրները հռչակուած են իրենց լուսան-ցազարդերով, Զմմառու մատենադարան-գրադարանին մէջ պահպանուած աւելի քան2000 ձեռագրերու, զգալի մասը նկարազարդուած են, որոնք կը վկայեն ժամանակիգեղարուեստական ճաշակի մակարդակը, զոր ներկայացուած են հրաշալի համադ-րութեամբ, գոյներու նուրբ ներդաշնակութեամբ:

27ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Հաւաքագրուած եւ ի մի բերուած ձեռագիր մատեաններու, հնագոյնը՝ 1240 թուէնպահպանուած՝ Մխիթար Գօշի ''Դատաստանագիրք''-ի բնօրինակն է:

Հայոց աշխարհի մէջ արուեստի զուգընթաց ծաղկում ապրեցաւ նաեւ բնականգիտութիւնները՝ ուսողութիւնը, աստղաբաշխութիւնը, բնագիտութիւնը, իսկ՝ բժշկու-թիւնը իր լրումին հասաւ՝ 12-րդ դարուն շնորհիւ Մխիթար հերացիի, որու ''Ջերմանցմխիթարութիւն'' բժշկարանէն օրինակ մը պահպանուած է սոյն մատենադարանինմէջ, ինչպէս եւ աւելի ուշ՝ դեղագիտական բնոյթի աշխատասիրութիւններէն նմոյշներ: 

Մատենադարանի նշխարները կը նպաստեն հայկական լուսաւորչութեան գործիառաջընթացին: Սոյն հոգեւոր արժէքները արգասիքն են հնագոյն անցեալէն մինչեւմեր օրերը երկարող Զմմառու կղերի միաբանութեան անձնուրաց հայրերու Աստուա-ծահաճոյ եւ ազգանուէր աշխատանքին, որոնք  պահեցին, պահպանեցին եւ այսօր-ւայ հասցուցին՝ հակառակ թրքական թուրի սպառնացող վտանգին, որու դիմաց Հայըպայքարեցաւ եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ: հայը օգուտ քաղեց անցեալի պատ-մութեան դաժան դասերէն միշտ, որպէս իտէալ օրինակ առնելով՝ քաջն Վարդանի ուԵրանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նման նուիրեալները, որոնք հողին եւ հաւատինկառչած մնացին:

28ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Իսկ երբ թուրքը փորձեց հայուն հոգեւոր արժէքները եւս բնաջնջելու իր բնազ-դային  քաղաքականութեան՝ այս անգամ հայը  ոգի  ի  բռին  ջանաց  զանոնք փրկելբարբարոսներուն ձեռքէն,  եւ  որոնցմէ  զգալի մասը կրցաւ հասցնել  հայրենիքի եւսփիւռքի մէջ գործող այն կեդրոնները՝ որոնց մասին վետեւը նշած էինք:

Այն ազգետը որոնք չեն կրնար իրենց հոգեւոր արժէքներուն տէր կանգնիլ, ապաանոնք դատապարտուած են կորուստի եւ անէացման:

Ահաւասիկ մենք հայերս էինք, կանք եւ պիտի գոյատեւենք, որովհետեւ մենքկրցան կառչած մնալ մեր աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն՝ որոնք ժառան-գած էինք մեր նախնիներէն եւ զայն պիտի կտակենք գալիք սերունդներուն, որոնք ալմեր ազգին ջահակիրները պիտի ըլլան:

Լեւոն Ստեֆան Տիրացու՝ Զմմառեան Ուխտի

Եղբ. Ժիւլեան (Լեւոն)Ստեֆան

Ժիւլեան Նապիլ Ստեֆան, ծնած է 24 Յունիս 1994-ին, Դամասկոս – Սուրիա: Նախնական կրթութիւնըստացած է տեղւոյն Մանսուր, ապա Մահապպէ եւպետական  վարժարանէն  շրջանաւարտ  եղած  էստանալով  գրական  Պաքալորիան:  2012-ին  ըն-դունուած է Զմմառեան Միաբանութեան ԵրանելիԻգնատիոս  Մալոյեան  դպրեվանքը  հետեւելովմիամեայ Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացք-ներուն:  2015-2016  տարեշրջանին  ան  յաջողու-թեամբ աւարտեց Իմաստասիրական ուսումները:2016  Յունիսին,  հետեւելէ  ետք  «Հայոց  Պատմու-թեան հիմնահարցեր»-ու հեռաուսուցման խտաց-եալ  դասընթացքին,  ստացած  է անոր  համապա-տասխան  վկայագիրը  Երեւանի  ՊետականՀամալսարանի  «Հայագիտական  հետազօտու-թիւններ»-ու հիմնարկէն: Այժմ կը հետեւի Աստուա-ծաբանական  Բ.  Տարուայ  դասընթացքներուն  Ս.Պօղոս Կաճառէն ներս:

29ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

¼Øزèàô ÎÔºðÆ ØƲ´²Üàôº²Ü

´ºðÆàÚ ÂºØÆ ÀÜ̲ڲð²ÜÀ

Զմմառու Կղերի միաբանութեան հիմնադիր՝ Աբրահամ Ա. Արծիւեան Կաթո-ղիկոս Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ ինքնուրոյն միաբանութիւն մըհիմնելու գաղափարը յղացաւ, անոր նպատակն էր նաեւ պատրաստել իր ջահը վառպահող համախոհներ:

Այս իսկ պատճառաւ, ան Դպրեվանք մը կառուցելու ծրագիրը մշակեց. ճիշտ էհայրապետին չվիճակուեցաւ զայն տեսնել, սակայն իր  յաջորդները զայն իրակա-նացուցին, զոր շուրջ 267 տարիներէ ի վեր անխափանօրէն կը գործէ, ազգին տալովբարեպաշտ հոգեւորականներ եւ փայլուն հայագէտներ:

Ի տես այս իրականութեան, որ Զմմառը ի սկզբանէ մատակարարուած է ԲերիոյԹեմէն ժամանած եւ անդամակցած երիտասարդներով, միաբան հայրերը մտածեցինպատմական այս քաղաքին մէջ եւս հիմնել Զմմառու Կղերի միաբանութեան դպրե-վանքի մէկ մասնաճիւղը:

30ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Եւ ահա ան իրականացաւ 1986-ին, նախ Բերիոյ Թեմի կաթողիկէ հայոց առաջ-նորդարանին մէջ, ապա տեղափոխուեցաւ՝ ցեղասպանութենէն բախտով մազապուրծեղած հայերու դիտաւորութեանը համար՝ Յիսուսեան Հայրերու Կողմէ կառուցուածՎարդանանց վարժարանին մէջ՝ հիմնուած 1936-ին:

Վարժարանը իր դռները փակեց 1967-ին, ետքը կրկին վերաբացուեցաւ 1973-ինԱլ Անուար անունով, եւ բաժին մը յատկացուցին Հայ Կաթողիկէ Զմմառու կղերի միա-բանութեան դպրեվանքի որպէսզի՝ քահանայութեան համար սաներ պատրաստեն:

Դպրեվանքի նորընծաները իրենց նախնական պատրաստուածութիւնը կը ստա-նային Հալէպի ընծայարանին մէջ ապա կ'ուղղուէին լեռնալիբանանի Զմմառու մայրդպրեվանք:

Հալէպի ընծայարանի մէջ կը ջամբուէր հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւն,որու օրակարգը կ'ընդգրկէր հետեւեալ յայտագիրը՝

Առաւօտեան 06:30-ին զարթնումէն ետք տեսուչ Հայր Սուրբին մատուցած Պատա-րագին կը մասնակցէինք եւ կը հաղորդուէինք, ապա նախաճաշելով իւրաքանչիւրըկը մեկնէր այն վարժարանը՝ ուր կը յաճախէր, ինչպէս՝ Լազար-Նաճարեան, Գալուստ-Կիւլպէնկեան Ճեմարան, Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Զուարթնոց վարժա-րաններն ու Մխիթարեան վարժարանը։

Վերադարձին ճաշէն ետք դադար, որուն կը յաջորդէր ուսմունք՝ հիմնական դա-սերու կողքին հայոց լեզուի իմացութեան եւ կայացման դասապահեր:

Երեկոյեան Վարդարանի Ջերմեռանդութիւն կամ սաղմոսներու ընթերցումներկը կատարէինք:

Ընթրիքէն ետք կրկին ուսմունք, ապա ննջել:

Շաբաթավերջի յայտագիրը

Շաբաթ օրը միեւնոյն օրակարգը, բայց վարժարան յաճախելու փոխարէն՝ ըն-ծայարանի մէջ մեր շաբաթական դասերու վերաքաղը կ'ընէինք կամ շաբաթօրեայդրութեամբ ըկերային ծառայութեան հովանաւորութեամբ՝ վարդանանց վարժարանյաճախող՝ մտքով թերաճ երեխաներուն օգնութեան կը փութայինք: Իսկ երեկոյեանշարժապատկերի ցուցադրութիւն տեղի կ'ունենար:

Կիրակնօրեայ յայտագիրը ընթացք կ'առնէր Հալէպի մէջ գործող հայ կաթողիկէեկեղեցիներէն մէկուն մէջ մեր մասնակցութիւնը բերելով Ս. Եւ Անմահ պատարագիՍ.Խորանին ծառայելով, ապա ազատ օր էր:

31ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Սերունդներ Դաստիարակող այս հոգեւոր կեդրոնը համայնքիս եւ միաբանու-թեանս, ազգիս եւ հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան ի խնդիր տուաւ հոգեւորականութեանհոյլ մը, որոնք ալ դարձան նուիրեալ քահանաներ. Այժմ կը գործեն աշխարհի չորսծագերուն  գոյութիւն  ունեցող  հայ  կաթողիկէ  եկեղեցիներուն  մէջ՝  խորհուրդներըմատակարարելով, իսկ ոմանք կը ծառայեն Տիրոջ սպասաւորներ պատրաստելունուիրական գործին:

Անոնք են՝

Գերյ. Գէորգ Ծ․ Վրդ. ՆորատունկեանԳեր. Անտոն Վրդ. ՆորատունկեանԳեր. Միքայէլ Վրդ. ՊասալէԳեր. Գարէգին Վրդ. ՔէօշկէրեանԳեր. Հայկ Վրդ. ՄակարեանԳեր. Արմէնակ Վրդ. ՊետրոսեանԳերյ. Ներսէս Թ․ Ծ. Վրդ. ԶապարեանԳեր. Պերճ Վրդ. ՍապէԳերյ. Գառնիկ Ծ․Վրդ. ՅովսէփեանԱրժ. Ալիշան Քհնյ. ԱբարդեանԳեր. Գէորգ Վրդ. ՊահէԳեր. Եղիշէ Վրդ. ՃանճիԳեր. Անտոն Վրդ. ԹահհանԳեր. Միքայէլ Վրդ. ՔայյալԳեր. Ղազար Վրդ. ՊետրոսեանԳեր. Տիգրան Վրդ. Փիլիպպոսեան

1986-ին այժմու Արհիապատիւ Էմմանուէլ Եպս. Տապաղեանի ձեռամբ հիմնուածսոյն ընծայարանը իր դռները փակեց 2010-ին՝ քանզի ուրոյն շէնք մը ունենալու մտադ-րութիւնը կար․ ուստի Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդարանին կից հողա-մաս մը վարձուեցաւ, սական վրայ հասաւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները, որ խափա-նեց ծրագիրը:

Հալէպի Ընծայարանը ունեցաւ վաստակաշատ տեսուչներ եւ փոխ-տեսուչներ,որոնք պաշտօնավարեցին հետեւեալ տարեշրջաններուն

1986 -1994Տեսուչ՝ Արհի. Էմմանուէլ Եպս. ՏապպաղեանՓոխտեսուչներ՝ Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան

Գեր. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

32ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

1994-1997Տեսուչ՝ Գեր. Ղեւոնդ Վրդ. Քէնտիրճեան

1997-1998Տեսուչ՝ Գերյ. Վարդան Ծ․ Վրդ. Գազանճեան

1998-2001Տեսուչ՝ Գերյ. Գէորգ Ծ. Վրդ. ՆորատունկեանՓոխտեսուչ՝ Գերյ. Ներսէս Թ․ Ծ. Վրդ. Զապարեան

2001-2007Տեսուչ՝ Արհի. Սարգիս Եպս. ԴաւիթեանՓոխտեսուչ՝ Գեր. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան

2007-2010Տեսուչ՝ Գեր. Պերճ Վրդ. Սապէ

Միջին  արեւելքի  մէջընդհանրապէս  եւ  մասնա-ւորաբար Սուրիոյ քաղաքա-կան վերիվայրումներու ըն-թացքին՝ ազգս տուժեց Նիւ-թապէս, Ֆիզիքապէս եւ Բա-րոյապէս: Սոյն դպրեվանքըմասամբ  քանդուեցաւ  եւհամանուն  դպրեվանքէնշրջանաւարտ  եղած՝  ՀայրՄիքայէլ  Վրդ.  Քայյալին2013-ին  առեւանգուեցաւ,որուն  ճակատագիրը  ցարդյայտնի չէ: Իսկ Բերիոյ թեմիհայութեան  զգալի  մասըգաղթեց աւելի խաղաղ վայ-րեր իր գոյութիւնը ապահո-վելու նպատակաւ:

33ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Նման  կրթօճախներու  փակումըուծացման  վտանգի  կողքին  հայա-թափման ծրագրի իրականացումը կընշանակէ:

Որպէսզի  նման  աղէտներու  ա-ռաջքը առնենք՝ պէտք է առաջին հեր-թին  սիրենք  մեր  ազգը  եւ  կառչածմնանք անոր աւանդութիւններուն եւսովորութիւններուն:

Պէտք է զինուինք գիտութեամբ եւիմաստութեամբ, որպէսզի կարենանքճիշտ կողմնորոշուիլ՝ թէ ինչ կը պա-տահի մեր շուրջ եւ մեզի հանդէպ:

Իսկ  միջին արեւելքի  մէջ  հայա-թափումի  առաջքը  առնելու  համար,եկեղեցին եւ ազգային բոլոր կառոյց-ները պարտին բարենպաստ պայման-ներ  ստեղծել՝  գէթ  այնտեղ  ապրողհայութեան  գոյութիւնը  երաշխաւո-րելու՝  տնտեսապէս  եւ  բարոյապէսնեցուկ կանգնելով. Որպէսզի թուրքինդարերով ծրագրած երազանքը՝ տարածաշրջանը պարպել հայութենէն չիրականանայեւ վերստին ղօղանջեն մեր եկեղեցիներուն եւ վանքերուն կոչնակները աւետելովհայուն վերապրելու ճշմարտութիւնը:

34ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Եղբ. Անդրանիկ Արշինակ

ԱՆդրանիկ  Ղանտի  Արշինակ,  ծնեալ՝  Հասաքէ(Սուրիա) 18 Յունուար 1997-ին:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրիպետական վարժարանէն, 8-րդ դասարանին՝ ըն-դունուած է հալէպի ընծայարանը, տարի մը ետքկրկին  վերադարձած  Հասաքէ,  շարունակած  էուսումը՝ ստանալով Գիտական Պաքալորիան:

2016-ին հետեւած է Լաթաքիոյ պետական համալ-սարանի՝ երկրաբանութեան բաժանմունքը:

2017-ի  ամրանը  ընդունուեցաւ  Զմմառու  կղերիմիաբանութեան  Երանելի  Իգնատիոս  ՄալոյեանԴպրեվանքը՝  հետեւելով  հայոց  լեզուի  դասըն-թացքի։ Այժմ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջկը հետեւի իմաստասիրութեան ուսումներուն: 

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՍոյն յօդուածի մէջ նշուած անուանացանկի տիտղոսները՝ կազմած ենք մեկնած

տուեալ հոգեւորականներու այժմու վարած պաշտօնէն: 

Անդրանիկ ԱրշինակՏիրացու՝ Զմմառեան Ուխտի

35ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

§Ø²Ðβܲòàô Ìܺ²È ²ÜزÐ

¼ÆôðÜ ÚÆÞ²î²Î ºÂàÔ¦

Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակը լաւագոյն առիթն է՝ հայհանրութեան տեղեկացնելու, որ Զմմառու կղերի միաբանութեան թանգարանին մէջ

եւս մեծ խնամքով պահպանուած է անոր հանրայայտ կտաւներէն «նոյի էջքը»:

Նախքան  գունաւոր  լուսա-նկարչութեան գիւտը, ծովային ամե-նատարբեր պահերն ու պատկերնե-րը, իրենց հարազատ ու տպաւորիչարտացոլումը գտած են հայ մեծա-նուն  ծովանկարչի  կտաւներուն  եւաշխատասիրութիւններուն մէջ:

Այվազովսկիի կտաւներուն մէջԾովը կենսունակ է, որու շարաչիւնըուր որ է կը զգանք եւ կ՛ըմբոշխնենք,իսկ  արեւին  կամ  լուսնին  ճառա-գայթները կտաւին տարածութենէնդուրս գալով՝ շրջանակէն անդին կըթափանցեն՝ պատկերը վերածելովիսկական  կեանքի.  բայց  ոչ  մերպատկերացուցած կեանքը, այլ՝ անկ՛արտացոլացնէ պայքարը՝ մարդուեւ բնութեան միջեւ, ուր բնութիւնըկը  յաղթանակէ  մարդուն:  Քանզիբնութիւնը տիտան  է  համեմատածճղճիմ մարդուն: 

Գեղարուեստի  վարպետ՝  ծովանկարչութեան  առասպել  Յովհաննէս  Այվա-զովսկին ծնած է 29 Յունիս 1817-ին Թեոդոսիա (Ղրիմ), ուր կենսունակ էր ռոմանթիզմըեւ ամէն ինչ ռոմանթիքական էր, ինք եւս դարձաւ այդ դպրոցի փայլուն ներկայա-ցուցիչներէն մին. Ան իր կտաւներուն ընդմէջէն բացայայտեց ծովուն գաղտնիքներըեւ այնտեղ անթեղուած մութ ծալքերը:

Ճիշտ է, որ անոր կտաւները կ՛արտացոլացնեն իսկական պատկերներ, որոնքիրենց դիւթողականութեամբ, թովչութեամբ եւ մոգականութեամբ նկարիչին դար-ձուցին առասպելական դէմք: Ան իրականութեան հասաւ ռոմանթիքական պատկե-րացումով:

36ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Աւելի  քան  6000  անկրկնելի  կտաւները  կ՛ընդգրկեն  ծովն  ու  ովկիանոսը,այնուամենայնիւ  ունի  կտաւներ,  որոնք  կը պատկերեն  իր  նախնեաց  հայրենիքը՝Հայաստանը,  զոր այցելած  էր  1868-ին, այս  ժամանակաշրջանին  է,  որ ան  ստեղ-ծագործեց հայրենիքին նուիրուած կարգ մը հռչակաւոր նկարները՝ որոնցմէ կարե-ւորագոյնները՝ «Պիպլիական Արարատը», «Արարատի ձորը», «Նոյի էջքը» եւ այլ գոր-ծեր:

1869-ին այցելեց Եգիպտոս, ստանալու իրեն համար վերապահուած՝ մրցանակ-ներ: Ան առիթը օգտագործելով իր կտաւներէն ոմանց ցուցահանդէսը տուաւ, այստեղէ, որ ան նկարեց՝ «բուրգերը մայրամուտին», «19-րդ դարու առօրեայ կեանքը եգիպ-տոսի մէջ»: Սոյն կտաւներու մէջ եւս՝ ընկալեալ սովորութեանց համաձայն երեւա-կայութիւնն ու վիպապաշտութիւնը միաձուլուեցան միմեանց:

Իր գործերու գերիշխող մասը, լոյսի եւ շուքի միասնութեան համադրութիւն են,որոնց միջոցաւ ան հասած է առասպելաբանութեան: Ան ձգտած է իրականութիւնըշրջանցելով  հասնիլ  բնազանցութեան, անով  իսկ  իր  ներաշխարհը  բանալ  դէտինառաջ:

1845-ին Սուլթան Ապտուլ Մէճիտի հրաւէրով Յովհաննէս Այվազովսկին այցելեցՊոլիս, այս այցը մինչեւ 1890 կրկնուեցաւ 8-անգամ. որու ընթացքին անոր պատկերածնկարները, կը վերաբերին Օսմանեան կայսրութեան Սուլթաններուն, որոնք հետա-գային ցուցադրուեցան Սուլթանական պալատի եւ Տոլմա Պահճէի եւ կարգ մը այլթանգարաններու մէջ:

Իր կտաւներուն մեծ մասը կը գտնուին Ռուսաստանի այլազան քաղաքներութանգարանները, նախկին խորհրդային միութեան երկիրներու մէջ, որոնցմէ կարեւո-րագոյնը Ս. Փեթերսպուրկի աշխարհահռչակ Էրմիթաժ թանգարանը: Իմչպէս եւ իրծննդավայր Թեոդոսիա քաղաքի  «Այվազովսկու ցուցահանդէս» կոչուած կեդրոնը,նաեւ Երեւանի ազգային թանգարանին մէջ:

Յովհաննէս Այվազովսկին խորապէս ազդուած է Համիտեան ջարդերէն, որոնքտեղի ունեցան 1895-ին, որոնց արտացոլումը կը տեսնենք իր կտաւներուն մէջ, ինչպէս«Թրքական նաւի վտարումը», «հայոց ցեղասպանութիւնը» եւ այլ գործեր, ի տես հայոցմեծ  կոտորածին՝  Այվազովսկին  հրաժարեցաւ  Պոլսոյ  մէջ  Սուլթանի  կողմէ  իրենշնորհուած շքանշանէն:

Այվազովսկին կը համարուի ամենաբեղուն եւ արդիւնաշատ նկարիչներէն: Անաշխարհի հինգ կարեւորագոյն՝ Փեթերսպուրկի, Հռոմի, Ֆլորենսային, Շտուտկարտիեւ Ամսթերտամի ակադեմիաներու անդամ էր:

37ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

30-ամեայ ծովանկարիչը նշանակուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի գեղարուեստի ակա-դեմիայի ուսուցիչ:

Ան իր կեանքի վերջին տարիները անցուց իր ծննդավայր Թեոդոսիայի մէջ, ուրգեղարուեստի վարժարան մը հիմնեց եւ բարեգործական ցուցահանդէսներ կազմա-կերպելով՝ անոնց հասոյթը յատկացուց չքաւոր սաներու:

19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ռոմանթիզմը հետզհետէ իր տեղը զիջեցաւիրապաշտութեան,  որը  ազդեց  գեղարուեստական  նկարչութեան  մէջ  եւս:  Այվա-զովսկին  հետեւելով  իրապաշտ  դպրոցին՝  այնուամենայնիւ  մնաց  ռոմանթիզմիազդեցութեան տակ անով իսկ իր անմահութեան դրոշմը կնքեց:

Մեծ Ծովանկարիչը իր մահկանացուն կնքեց 1900 Մայիս 19-ին: Անոր մարմինըամփոփուեցաւ  ծննդավայրի  հայկական  Ս.  Սարգիս  եկեղեցւոյ  բակին  մէջ,  զորդարձաւ հայ եւ օտար զբօսաշրջիկներուն այցելավայրը:

ԿԱՐՕ ԳԼԸՆՃԵԱՆ           Տիրացու՝ Զմմառեան Ուխտի

38ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

îÆä²ð Ðයôàð²Î²ÜÆ

ì²ðø²¶ÆÌÀ

Տիպար հոգեւորականը պէտք է գիտակցի ապրիլ Աստուածաշունչի մէջ նշուածցուցմունքներով՝ ամրագրԷ  իր  մէջ  հաւատքը,  յոյսը  եւ  սէրը,  որպէսզի անով  իսկկարողանայ հասնիլ Աղօթքի ոգիին եւ ամենակարեւորը՝  յստակացնէ թէ ինք պէտքչէ ձգտի փառքի եւ իշխանութեան, այլ ամբողջ էութեամբ նուիրուի տիրոջ ծառայու-թեան՝ հովուական առաքելութեան եւ եկեղեցւոյ խորհուրդները մատակարարելունուիրական գործին:  Այսպիսով ան բարի օրինակ կը դառնայ եւ յետնորդներ կ՝ունե-նայ, որոնք որպէս իտէալ կ՝առնեն զինք իրենց կեանքին մէջ:

Դժբախտաբար այսօր այս գերարդիականացած աշխարհին մէջ հետզհետէ կընուազին եկեղեցի յաճախողներու թիւը: Պատանիները եւ երիտասարդները կը նախ-ընտրեն զբաղիլ ճարտարարուեստի ընձեռած միջոցներով, քան՝ հոգինին փրկելով:

Որպէս Զմմառու կղերի միաբանութեան ժառանգաւորներ եւ ապագայի հոգեւո-րականներ՝մեր պարտականութիւնն է, որոնել եւ գտնել անոնց մէջ թաքնուած հա-ւատքը եւ զանոնք ուղղել դէպի եկեղեցի, դէպի Քրիստոսի տունը, ուր անոնց հոգիներըխաղաղութիւն եւ անդորր կրնան գտնել: Այս մէկը ընելու համար պէտք է միշտ եւամենուր տարածենք Տիրոջ խօսքը, որ 2017-տարիներէ ի վեր իր այժմէականութիւնը 

39ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

չէ կորսնցուցած, որուն բովանդակութեամբ աւելի քան երկու հազարամեակ սնուածեն ազգեր եւ ժողովուրդներ:

Քրիստոսի  խօսքերուն  հզօրութիւնը՝  առաջին  գիտակցող ազգը  մենք  հայերսեղանք, եւ այդ օրէն սոյն վարդապետութիւնը դաւանեցանք՝ որպէս պետական կրօն՝Փարեցանք անոր եւ կանգուն պահելու համար բազմաթիւ մարտեր մղեցինք, սկսածԱւարայրի ճակատամարտէն հասնելով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան,որու հետեւանքով ցաք ու ցրիւ եղող հայը սփիւռքի տարածքին դարձեալ պայքա-րեցաւ՝ այս անգամ իր գոյութիւնը  չվտանգելու եւ քրիստոսին կառչած մնալու իրսկզբունքին:

Ներկայիս փոխուած են մտայնութիւններն  ու հետաքրքրութիւնները: Դեռատիսերունդի շահագրգռուածութիւնը այլ ուղղութիւններով  կ՝ընթանայ. հոգեւոր, ազ-գային արժէքները խաթարուած են: Ուստի այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ էեկեղեցւոյ անմիջական միջամտութիւնը՝որպէսզի իր հակակշռին տակ առնէ սպառ-նացող վտանգը, որու տարողութիւնը անհամեմատ մեծ է, եւ որ Քրիստոսի վարդա-պետութիւնը  ուսուցանելով՝  մատղաշ  սերունդին  ճիշտ  ուղիով  հունաւորէ  դէպիճշմարիտ, դէպի անաղարտ եւ արդար կեանք:

Այս  է  հոգեւորականներու  ընդանրապէս եւ  մասնաւորաբար Զմմառու  կղերիմիաբաններու պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:   

Հետեւաբար  ի  խորոց  սրտէ  կը  խնդրենք  Աստուծմէ,  որ  եկեղեցւոյ  պայծա-ռութեանը եւ մեր ազգին փառքին եւ գոյատեւման համար՝բազմացնէ ծառայող հովիւ-ներու թիւը, նաեւ ամրապնդէ մեր մէջ Տիրոջ ընծայուելու նպատակը յանուն Զմմառուկղերի Միաբանութեան վերելքին:

Վարդան ճալլուֆՏիրացու՝ Զմմառեան Ուխտի

40ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

èÜÀܸ²è²æÆ îàÐØÆÎ

̲¶àôØܲ´²ÜàôÂÆôÜÀ

Հայաստանը՝ գտնուելով արեւելեան եւ արեւմտեան քաղաքակրթութիւններուհատման խաչմերուկին վրայ, հնագոյն երկիրներու մէջ՝ իր ռազմավարական դիրքնու նշանակութիւնը ունեցած է եւ կամրջող օղակը հանդիսացած: Որպէս այդպիսինքաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կապեր հաստատած է՝ զինք շրջապա-տող երկիրներու հետ: Այսպիսով հին աշխարհի երկիրները առընչուելով մէկզմիւսինհետ՝ ազդուած են միմեանց կենցաղէն, աւանդութենէն եւ սովորութենէն: 

Յիշատակութեան արժանի է դիցաբանութեան բնագաւառը, ուր հայ ժողովուրդըեւս ազդուելով դրացի երկիրներու չաստուածներէն՝ զայն պատուաստելով հայունբնորոշ  վարքագիծին՝  ստեղծած  է  ուրոյն  հայկական  հեթանոսական  դիցարանիամբողջ համաստեղութիւն մը, յատկապէս նախքան Քրիստոս 4-րդ եւ 3-րդ դարերուն:

Անոնցմէ ոմանց նկատմամբ, ժողովուրդը այնքան մեծ սէր  տածած է եւ այնքանփարած  է  անոնց  պաշտամունքին,  որ  եկեղեցւոյ հայրերը ակամայ զայն համապա-

41ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

տասխանեցուցած եւ միա-ձուլած են քրիստոնէականծէսին  մէջ,  պահպանելովսակայն  հեթանոսականաւանդութիւնը: 

Հայկական դիցարանիամէնասիրուած  դիցերէնմէկն է Միհրը՝ Արամազդիորդին: Ան կը մարմնաւորէԱրեգակը՝  խորհրդանշե-լով ճշմարտութիւնը, մաք-րութիւնը եւ  լոյսը: Միհրիպաշտամունքը Հայաստա-նի  մէջ  կատարուած  էԱրեգ  ամսուն՝  այսինքնՄարտի  9-էն Ապրիլի  7-ըինկած  ժամանակահատ-ւածին: 

Հետագային հայերը համադրելով զայն քրիստոնէական հաւատքին հետ՝ համա-պատասխանեցուցած են Տեառնընդառաջի ծէսին հետ եւ նշած փետրուար ամսուն 13-ին:  Օրուան որպէս խորհրդանիշ ունենալով բոցկլտացող խարոյկը, որ ի հարկինկրնայ արդարներուն ջերմացնել իսկ մեղապարտներուն խանձել, կիզել:  Այս այն լոյսնէ, զոր քառասնօրեայ Յիսուսի տաճար ընծայմամբ ճառագայթեցաւ:

Վաղ քրիստոնէական շրջանին Տեառնընդառաջի նախօրեակին Ամանորի բնա-կան մայրիով զարդարուած ծառը կը չորցնէին եւ անով կը պատրաստէին խարոյկը՝իսկ այսօր սովորական փայտի դէզը՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղելով կը վառեն եւշուրջը պտոյտ տալով անդաստանօրհնէքի արարողութիւնը կը կատարուի: Ապահաւատացեալները այդ խարոյկէն իրենց մոմերը վառելով՝ քրիստոսի լոյսը իրենցտուերը կը տանին, որպէսզի բնակարանը օրհնուի՝ չարը խափանուի բարին տիրէ:

Լեւոն Ստեֆան Տիրացու՝ Զմմառեան Ուխտի

42ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Ðð²Þ²¶àðÌ êð´àôÐÆ èƲÚÆ

ÜàôÆðàô²Ì زîàôèÆÜ à¸Æê²Î²ÜÀ

Զմմառու Կղերի Միաբանութեան անմիջական հովանաւորութեան եւ հսկողու-թեան  յանձնուած՝  լեռնալիբանանի Աշութ  գիւղի  «հրաշագործ  Սրբուհի Ռիթայի»մատուռին շուրջ՝ որոշ տեղեկութիւններ քաղելու միտումով, դիմեցինք սոյն կալուածիտանտիրուհի՝ ժօրժէթ ֆահտին ստանալով սպառիչ մանրամասներ:

Իւրաքանչիւր տարուայ Մայիսի 21-էն Սեպտեմբերի վերջին շաբաթ օրը երկարողժամանակաշրջանի՝ Շաբաթ օրերը, երեկոյեան ժամը 7-ին, նախկին Յոյն Կաթողիկէառաջնորդ՝ Արհի. Հապիպ Պաշայի ժամանակացոյցով՝ Զմմառու կղերի միաբան-ներէն մէկը՝ այնտեղ Ս. եւ անմահ պատարագ կը մատուցէ, Իսկ ձմրան՝ հաւատաց-եալները իրենց աղօթքը կրնան բարձրացնել մինչեւ երեկոյեան ժամը 7-ը, տանտիրու-հիին ընդունելութեամբ:

Շուրջ 250-տարիներ առաջ լեռնալիբանանի Աշութ գիւղին մէջ կառուցուած սոյնբնակարանի հուսկ ապրող բնակչուհի՝ ժօրժէթ ֆահտ, բարեպաշտ կին մը ըլլալով,մեծ սէր եւ հաւատք տածած է Սրբուհի Ռիթայի հանդէպ, զայն համարելով հրաշա-գործ: Այս կապուածութեան պատճառը արդիւնք է՝ իր հետ կատարուած կարգ մըտեսիլքներուն, զոր կարելի է հրաշք որակեր, անոնք պատահած են հետեւեալ կերպ՝ 

43ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

սկիզբը ան քաղաք բնակած շրջանին Աշրաֆիէի Քաբուչինօ միաբանութեան հայրերուեկեղեցիին մէջ տեղադրուած Սրբուհի Ռիթայի պատկերը դարձուցած է իր աղօթա-տեղին, այդ պատկերին հաւատալով, անոր բարեխօսութեանը կը դիմէ, եւ գեղեցիկօր մը իր բանուածքով հիւսուած՝ սփռոց մը կը նուիրէ այդ պատկերին: Որուն ար-դիւնքը կ'ըլլայ այն, որ սրբուհին տեսիլքով մը Ժօրժէթին կ'երեւի ըսելով՝ «քեզ տեսայթէ ուր կ՛աղօթէիր» եւ սփռոցին համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ:

Ժօրժէթի հանապազօրեայ աղօթքը միշտ եւ ամենուր եղած է ու կը մնայ Ս.Ռիթայի իննօրեան: Սրբուհին՝ շրջապատուած հրեշտակներով միշտ բնակած է անորսենեակը եւ ուղեկցած իրեն:

Տարի մը Ժօրժէթը ընտանիքով Աշութի իրենց ամարանոցը օդափոխութեան ելածշրջանին, Սրբուհի Ռիթան տեսիլքով մը դարձալ կ'երեւայ անոր՝ իրմէ խնդրելով, որտան  մառանը  իրեն  յատկացնէ:  Տանտիրուհին  սիրայօժար  կ՛անսայ  խնդրանքին:Ապա սոյն տեսիլքի շուրջ քննարկում մը կը ծաւալէ եղբօրը հետ, ուր եղբայրը՝ Ման-սուր աւետարանի «բայց հոն ուր մեղքը բազմացաւ, շնորհքն ալ առատացաւ» Հռ.12,20,սոյն խորիմաստ խօսքը արտասանելէ ետք կ՛աւելցնէ «Այս բնակարանը բազմաթիւնահատակներ տուած է Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին:Թող  նախախնամութեան  կողմէ  ծրագրուածը  կատարուի»:  Այսպիսով  գործը  իրլրումին կը հասնի՝ երբ նշեալ սենեակը մատուռի կը վերածուի եւ կը յանձնուի Յոյնկաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Արհի. Հապիպ Պաշայի:

Վերջինիս վախճանումէն ետք, մատուռ կ՛այցելէ հռոմի Քասիա շրջանի՝ «Սրբու-հի Ռիթայի» նուիրուած եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերյ. Շարպէլ Ապի Հապիպը. Եւ կըվկայէ   թէ Սրբուհի Ռիթան քանիցս կրկնած է, ըսելով  «Աշութի Սրբուհի Ռիթայիմատուռը պիտի դառնայ աշխարհի երկրորդ Քասիան»:

Սրբուհի Ռիթային նուիրուած այս ուխտավայրին մէջ կատարուած են բազմաթիւեւ բազմապիսի հրաշքներ, որոնց մասին կան գրաւոր վկայութիւններ, իսկ՝ կարգ մըհրաշքներ մնացած են քօղարկուած, քանզի տէրերը չեն ուզած բացայայտել: Յիշա-տակութեան արժանի է նոյնինքն ուխտավայրին հետ կապուած դէպքը՝ երբ նշեալսենեակը մատուռի վերածուած է, եւ բնակարանը մասամբ քանդուած՝ պատերազմիհետեւանքով,  ոչ  մէկ  վնաս  կրած  է  մատուռը, այս  եւս անոր  հրաշագործ  ըլլալուապացոյցներէն մէկն է:

Իսկ ինչ կը վերաբերի սոյն ուխտավայրին Զմմառու կղերի միաբանութեան հոգա-տարութեան եւ խնամքին յանձնուելու փաստին, ապա տեսիլքով մը, Սրբուհի ՌիթանԺօրժէթէն խնդրած է, որ սոյն մատուռը Զմմառու վանքին ի պաս դնէ եւ այդպէս ալ կըկատարուի:

44ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

2004-2005-ին առաջին պատարագը կը  մատուցէ Գեր. Եղիա վրդ. Եղիայեան,Զմմառու վանքի մեծաւոր Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի օրով:

Լիայոյս ենք, որ սոյն մատուռը ընդարձակու    ելով եկեղեցիի վերածուի  եւ բազմա-նան  ուխտաւորներուն  թիւը  նաեւ  սոյն  ուխտավայր-մատուռը  իսկապէս  դառնայերկրորդ Քասիա, եւ նպաստէ մարդկանոց մէջ հաւատքի զօրացմանն ու եկեղեցւոյբարգաւաճմանը:

Տեղին է նշել, որ սոյն մատուռին մէջ տեղադրուած է Սրբուհի Ռիթայի մասունքը,զոր Արհի. Հապիպ Պաշա բերած է, վատիկանէն վաւերացուած եւ հաստատուածվկայագրովը:

Լեւոն Ստեֆան  Տիրացու՝ Զմմառեան Ուխտի

45ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

вô²îøÀ àôðξ± ÎÀ ´ÊÆ ºô

ÆÜâä¾±ê ÎÀ ´ÆôðºÔ²Ü²Ú

Հաւատքը միթէ՞ տեսա-նելի,  շօշափելի,  հպելի  եւզգալի զգացում  է: Հաւատքըինչպիսի՞ հոգեվիճակ մը կըներկայացնէ: Հաւատքը կըր-նա՞յ  ազդել  որեւէ  վիճակի,կամ ՝ բնակիլ մարդուն մէջ:

Հաւատքն  ունի    զօրու-թիւն  եւ  ոյժ,  ան  անտեսա-նելի    զգացում  մըն    է,  որմիայն  մարդը՝ կը զգայ մըտ-քով, հոգիով, եւ   ըմբռնումով: 

Մարդը ինչպէ՞ս կրնայ մօտենալ կամ զգալ բանի մը, որ  անգոյ  է,  եւ Ինչպէ՞սկրնայ հասնիլ հաւատքին,  եւ  իմանալ անոր էութիւնը : 

Հաւատքը  մարդու մօտ,   ո՞ւրկէ  կը  բխի՝   մտքով, հոգիով թէ  էությամբ: Եթէմտքով ապա կը  նշանակէ,  որ մէկը զայն կը մօտեցնէ հոգիին, մտքին եւ էութեան,որոնք  միաձուլուելով միմեանց կը դառնան մէկ ամբողջութիւն: Եւ անով  իսկ  կըծագի  հաւատքը  դէպի  որեւէ   վիճակ  կամ երեւոյթ: Իսկ եթէ հաւատքը, տեսանելիըլլայ  կը  դառնայ աւելի հեշտ եւ կարելի կ'ըլլայ իմանալ իր ո՞վ ըլլալը կամ ի՞նչ ըլլալը:Եթէ շօշափելի ըլլայ դարձեալ հեշտ  կ'ըլլայ մարդուն իրեն  մօտեցնելու՝ քանի  որշօշափելին  հեշտ է ընկալման  եւ  ըմբռնման առումով,  իսկ եթէ անտեսանելի հաւատքէ, որ  կը ներգործէ  մարդու  մէջ չես կրնար  տեսնել,  շօշափել մօտենալ,  հպիել  եւզգալ, այլ ան հոգիով մտքով եւ տրամաբանութեամբ կ'ընկալես: 

Ո՞րն է հաւատքի բուն  իմաստը, ինչպիսի՞  խորհուրդով  է, որ  այն  իրեն  կը  մօ-տեցնէ մարդկանց  եւ  կը  բանայ հոգիի  խորհուրդները եւ զանոնք շարժելով՝ հաւատ-քին հրահանգներ կու տայ՝ որոշ չափով:

Երբ հաւատքը կը գերիշխէ հոգիին վրայ, այն   ժամանակ կը դառնայ ամենա-գերազանցելի խորհուրդը, իսկ հոգին կը  դառնայ ամենախորհրդաւոր գործօնը  բունհաւատքի  վրայ, զոր հաւատքի  բուն նպատակն է՝  իմաստաւոր հոգին իրեն  միջոցովուղղորդելու դէպի Արարիչն: 

46ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Ինչպէ՞ս ըմբռնել անտեսանելին  եւ ըն-դունիլ  զայն  քու  մէջդ: ինչպէ՞ս ընկալել  ան-շօշափելին,  որ  շօշափուի  մարդու  մէջ,  եւանհպելին, որ կարենայ հպիլ   մարդուն եւանզգալին, որ մարդը կարենայ զգալ եւ մօ-տեցնել իր հոգիին,  որը եւս  անտեսանելի է,բայց    կը    բնակի  մարդուն  մէջ  երբ  մարդըկենդանի է հոգիով, իսկ մարմինը որպէս ար-տացոլումը հոգիին եւ տեսանելի օրկանիզմզայն կը պարփակէ իր մէջ:

Դարերով եւ տարիներով քննարկուածհաւատքի թեման ինչպէ՞ս կարելի է սահմա-նել:   

Հաւատքը      ոյժ    մըն  է,  որ  մարդը    կըմերձեցնէ  Արարչին՝ որմէ ակնկալելով կամստանալով  զօրութիւն որպէս՝  միջնորդ կամնախակարապետ,  զոր  կը    բխի՝  Էութենէն՝փոխանցելով  մարդուն  որպէս՝   Աստուծոյ   պարգեւ,  որ   տրուած    է  ձրիաբար  եւանխտիր:            

Հաւատքն ինքնին խորհուրդ  է՝անքննելի  եւ  անտեսանելի: Ի՞նչքան, կարենասքննել՝ այնքան  աւելի  մօտէն  կը հասկնաս հաւատքի խորհուրդներուն  իր  տեսակ-ներով: Իսկ հաւատքի  խորհուրդն  կապուած է՝ խորհրդատուողին  հետ,  որն   Արա-րիչն  է,  քանի  որ  իրմէ  կը  ստանանք ամէն  ինչ՝ Խորհուրդ  իմացական, Խորհուրդիմաստութեան, եւ այլն: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր ամբողջական պատկերացումըհաւատքի նկատմամբ :

Ո՞վ  է  հաւատքին  ոյժ  ու  զօրութիւն   տուողը, ինքնին  հաւատքը՞  թէ   հաւատքըբաշխողը՝ այսինքն Աստուած: Հաւատքը  իրագործումն է Աստուծոյ  ծրագրին, ինչ   որտրուի   առանց  իրագործուելու  չի կատարուիր: Աստուած  կու տայ իսկ  հաւատքըկ' իրագործէ, ինչպէս՝ ոյժը եւ  զօրութիւնը միատեղ  եւ  միասին:  եւ  ամբողջ խորհրդա-բանութիւնը, զոր  կը ստանանք ապա  հաւատքէն  է՝ Գերագոյն  Աստուծմէ, քանի  որհաւատքն է,  որ մեզ  կը մօտեցնէ  Աստուծոյ: Առանց   անոր, անհնար  է  մերձենալԱրարչին:

Ինչպէ՞ս հաւատանք երբ  չենք  ընկալած հաւատքի էութիւնը: Հաւատքն  ինքն  իրմէջ ոչինչ է՝ինչպէս երբ ուզես բան մը  շինել, բայց  չունիս պէտք եղած ատաղձը պար-զապէս կայ ցանկութիւնը, նոյնը հաւատքը առանց որեւէ հիմքի սին է:  Ամբողջ  տիե-

47ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

զերքի արարչութիւնը կապուած է  մէկ՝ անտեսանելի Արարչի կողմէ կատարուածարարչագործութեան,  որը   կը  կոչուի  Աստուած: Առանց  իր  կամքին ոչ մէկ  բան կըկատարուի, եւ հաւատքը կը բխի իրմէ:  

Ինչպէ՞ս  հաւատալ աներեւոյթի մը,զոր Աստուած կոչուած է: Ճիշտ  է մարդկայինաչքերով չես կրնար տեսնել՝  ինչպէս երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող  շատ մը բաներ,զոր  չենք   տեսներ կամ՝ լսել, բայց կը հաւատանք թերի, միջակ  կամ ամբողջականձեւով.  նոյնը՝ Աստուծոյ: Ինչպէս՝ հոգին չենք  տեսներ,  բայց կը հաւատանք անորներգործութեանը, որ   նոյնպէս   աներեւոյթ է, բայց կը բնակի մարդուն մէջ: Քանի  որմեր բանական միտքը այնքան հասու չէ, որ կարողանանք ընկալել, ըմբռնել անտե-սանելին:     

Քրիստոնէութեան մէջ  կիրարկուող խորհուրդները նոյնպէս կապուած են հա-ւատքի  հետ, ինչպէս՝  Սուրբ  Հոգիի շնորհներն ու ներգործութիւնը:  Ուստի եթէ դոյզնանգամ հաւատք ունենաս,ապա «այս լեռան ըսէք՝ վերացիր եւ ծով նետուէ, այդպէսալ պիտի ըլլայ»:

Արարատ Աղաճանեան

Եղբ. Արարատ  ՇուքրիԱղաճանեան

Արարատ Շուքրի Աղաճանեան,  ծնեալ Ստեփա-նակերտ, Արցախ 1977-ին:

Նախնական  կրթութիւնը  ստացած  է  Թիւ  2-րդ,Ճանկաթաղի  միջնակարգէն,  Պաքալորիան  Կու-սապատ  Վարժարանէն:

2000-2001 տարեշրջաններուն  ուսանած է ԿիւմրիիԴպրեվանքը:

2013-ին ընդունուած է Զմմառու  Կղերի  միաբանու-թեան՝ Երանելի  Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվան-քը, եւ  ուխտերը  ըրած որպէս՝ միաբան  եղբայր:

48ԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ø²Ð²Ü²Ú²Î²Ü Òºèܲ¸ðàôÂÆôÜ

вÚð îƶð²Ü ì𸩠öÆÈÆääà꺲ÜÆ

«Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ՝ ես ձեզ ընտրեցի եւ հաստատեցի»: (Յովհ. 15, 18)

28 Մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու կղերի միաբանութեանմայրավանքի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ կառուցուած՝ ԵրանելիԻգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնի մէջ, տեղի ունեցաւ բարեշնորհ՝ Տիգրան Սար-կաւագ Փիլիպպոսեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը:

Ձեռամբ՝ Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոսի: Խարտաւիլա-կութեամբ՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի՝ Պատրիարքական Փոխա-նորդ  Զմմառու  Պատրիարքական  Կղերի  Միաբանութեան  եւ  մեծաւոր  Զմմառուվանքի:  Առընթերակայութեամբ՝  Գեր.  Բարսեղ  Վրդ.  Պաղտասարեանի,  տեսուչ՝Զմմառեան  Միաբանութեան  Ս.  Միքայէլ  Ընծայարանի  եւ  Երանելի  ԻգնատիոսՄալոյեան Դպրեվանքի եւ Գեր. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի՝ ընդհանուր ՔարտուղարԶմմառու Միաբանութեան: Ներկայութեամբ՝ Զմմառու Կղերի Միաբանութեան եպիս-կոպոսներու, քահանաներու, կղերիկոսներու, Պետական երեսփոխաններու, կրթա-կան, մշակութային, բարեսիրական, եւ այլ բնագաւառներու մէջ ծառայող այրերու եւնորօծ քահանային ծնողաց՝ որոնք ժամանած էին Հալէպէն:

ԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Խորանին սպասաւորեցին Զմմառեան Միաբանութեան Ս. Միքայէլ Ընծայարանիեւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի սաները: Իսկ «Արծիւեան» երգչա-խումբը կատարեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի երգեցողութիւնը, ղեկավարութեամբ՝Տիար Մանուէլ Քէշիշեանի:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ ձեռնադրութեան արարողութեան՝հաւատացեալներուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար նորօծ քահանային՝ ՏիգրանՓիլիպպոսեանին,  իր հայրական պատգամը փոխանցեց Ամեն.  Հոգեւոր Տէրը: Անհոգիներու փրկութեան ի խնդիր կենսական համարեց քահանաներու դերակատա-րութիւնը, որոնք իրենց ճշմարիտ քարոզչութեամբ կրնան ճիշտ ուղիով հունաւորելմարդոց վարքագիծն ու կենցաղը: Ետքը անդրադառնալով նորօծ քահանային կոչմանհաւատարմութեան ուխտին, Հայրապետը նշեց, որ ինքն իր անձը անվերապահ պէտքէ նուիրէ Տիրոջ ծառայելու ամենավեհ եւ ամենանուիրական գործին եւ իր ամբողջէութեամբ պէտք է սատարէ Անոր փառքի տարածմանն ու ամրապնդմանը համայնմարդկութեան սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

Յաւարտ Սուրբ եւ անմահ պատարագին՝ օրուայ արարողապետ՝ Հ. ՄաշտոցՎրդ. Զահթէրեան ընթերցեց Սրբազան Քահանայապետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապի առա-քած Առաքելական Օրհնութեան գիրը, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին Հայ-րապետին, Մեծաւորին, նորօծ Քահանային ու անոր ծնողաց: 

Շնորհաւորութիւններուն յաջորդեց եղբայրական ագապ Միաբանութեան Դպրե-վանքի սեղանատան մէջ, որու ընթացքին նորօծ քահանան խօսք առնելով շնորհա-կալութիւն  յայտնեց  բոլոր  անոնց՝  որոնք  նեցուկ  կանգնեցան  իր  կոչմանը  մէջ  եւնպաստեցին՝  հասնելու Սուրբ խորանին: Այնուհետեւ  հերթաբար կարդացուեցաւբոլոր օտարերկրեայ Միաբանակիցներու կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական գի-րերը: Դրուատանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր շռայլեց Վանքի Մեծաւոր հայրը:Հացկերոյթի աւարտին ձեռնադրութեան կարկանդակը հատեցին նորօծ Հ. ՏիգրանՎրդ. Փիլիպպոսեանը, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, Մեծաւոր Հայրը, Տեսուչ եւ փոխ-Տեսուչհայրերը, նորօծ քահանային ծնողքը եւ յիշատակի լուսանկարով անմահացուցին օրը:          

49

50ԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ÎÔºðÆÎàê²Î²Ü ²è²æÆÜ âàðê ²êîÆÖ²Üܺðàô

îàôâàôÂÆôÜ ¼Øزèàô زÚð²ì²ÜøÆ ºÎºÔºòôàÚ Ø¾æ

Չկայ  աւելի  նուիրական  զգացում,  քան  մարդս  ինքզինք  ընծայաբերէ  Տիրոջհնազանդութեան եւ ծառայութեան ի սպաս: 

Այսպէս,  Զմմառեան  միաբանութեան  Երանելի  Իգնատիոս  Մալոյեան  Դպրե-վանքի երեք ժառանգաւորներ՝ եղբ. Կարօ Գլընճեան, եղբ. Վարդան Ճալլուֆ եւ եղբ.Լեւոն Ստեֆանը, յետ իրենց ուսմանց, անսալով Տիրոջ կոչին՝ շաբաթ 4 փետրուար2017-ին,  յետմիջօրէի  ժամը  7-ին,  երեկոյեան  ժամերգութեան աւարտին,  Զմմառումայրավանքի Վերափոխման Ս. Կուսին Եկեղեցւոյ մէջ ընդունեցին կղերիկոսականառաջին չորս աստիճանները: 

Ձեռամբ՝ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետ Մու-րատեանի, Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբա-նութեան,  Մեծաւոր  Զմմառու  Վանքի,  եւ  Պատրիարքական  Փոխանորդ  Պէյրութիթեմի, եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Գերապատիւ Հայր Բարսեղ Վարդապետ Պաղտա-սարեանի, Տեսուչ Զմմառու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի:

51ԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ընթացքին ժառանգաւորները, հանրութեան առջեւ, իրենց հաւատոյ դաւանու-թիւնը յայտարարեցին: Գերապայծառ հայրը խաչաձեւ կտրելէ ետք անոնց մազերը,իրենց յանձնեց եկեղեցւոյ մաքրութեան, դռնապանութեան եւ ընթերցողութեան իշխա-նութիւնը: Նաեւ՝ երդմնեցուցիչի ու ջահընկալութեան կարգերը շնորհեց: Այսպէսովերեք ժառանքաւորները դարձան Զմմառու Կղերի Միաբանութեան լիիրաւ անդամ-ներ։

êàôð´ ØÆø²Ú¾È

ÀÜ̲ڲð²ÜÐÇÙÝáõ³Í 1963

53ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

вðò²¼ðàÚòª ø²Ð²Ü²Ú²Î²Ü ÎàâØ²Ü Þàôðæ

ê© ØÆø²Ú¾È ÀÜ̲ڲð²ÜÆ

ÜàðÀÜ̲ܺðàôÜ Ðºî

Ուստի, եղբայրնե՛ր, քանի Աստուածա՜յնքան ողորմած եղաւ մեզի հանդէպ,

կ'աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է 

Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը:

Պօղոս Առաքեալի հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին այս տողերը այժմէականեն նաեւ այսօր, երբ 21 դար անց մարդկութիւնը զանազան ախտերէ վարակուած, կոր-սընցուցած է իր ուղղութիւնը եւ շեղած է հաւատքի ճշմարիտ ուղիէն, դառնալով հլուծառան մարդկային զանազան մոլութիւններու:

Այս համատարած քաոսին մէջ սակայն, մենք փրկութեան յոյսի նշոյլներ կը նկա-տենք մեր դեռատի սերունդին մէջ, որու անբասիր հոգին այս անհասկնալի խառնի-ճաղանճին մէջ կը փորձէ դէպի ճշմարտութիւն իր ուղին գտնել եւ հաւատքի հանդէպանտարբերութեան պատնէշը ճեղքելով բանալ հաւատքի լոյսը, ճամբայ հարթելովերանելիութեան փառքին:

Արդ՝ յուսալի սերունդը դուք էք, մեր սիրելի նորընծաներ: Դուք եկած էք ձեր այդտակաւին նոր ծիլ տուող հաւատքը ամրապնդելու եւ ձեր հոգիին մէջ հաւատքի նորառկայծող կայծը բոցավառելու եւ զայն հուր կրակի վերածած ապագային արդէնորպէս ուխտեալ՝ Զմմառու կղերի միաբան ձեր հօտին փոխանցելու: 

Այս առընչութեամբ կարեւոր է հաղորդակից դառնալ ձեր հոգիին եւ սրտին մէջխմորուող Աստուածային սիրոյ հետ. ուստի կ'ուզենք ձեզի ուղղել հետեւեալ հարցերը:

54ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

Ðð²Î ì²Ðð²îº²Ü

1.- Սիրելի Հրակ, եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը ե՞րբ արթնցաւ մէջդ եւ ե՞րբ զգացիր, որսէրը հետզհետէ կոչումի վերածուեցաւ:

Մանկութեանս երբ եկեղեցի կ'երթայի,  ժողովուրդին սէրը տեսնելով աղօթքիհանդէպ, մէջս եւս արթնցաւ միեւնոյն զգացումը եւ սէրը: Վեցերորդ դասարանիս, երբմեր կրօնի դասատուն համադասարանցիներուս երեք օրով դպրեվանք բերաւ, որ-պէսզի վանական կեանքին մօտէն ծանօթանանք, այդ երեք օրերու տեւողութեան,մէջս բան մը արթնցաւ եւ այդ զգացումն ու սէրը եկեղեցւոյ հանդէպ՝ վերածուեցաւ կո-չումի:

2.- Աստուածաշունչի հանապազօրեայ ընթերցումներ կ'ընե՞ս եւ հոնկէ ինչպիսի՞ուսանելի դասեր կը քաղես:

Աստուածաշունչի  հանապազօրեայ  ընթերցումներ  կը  կատարեմ,  որովհետեւկարեւոր է ճանչնալ զԱստուած եւ իմանալ Աստուծոյ կամքը: Աստուծոյ խորիմաստխօսքերը տրուած են բազմաթիւ պատճառներով, որոնք են՝ ուսուցանել մեզ, խրատել,ուղղել եւ սորվեցնել մեզ արդարութեան ճանապարհը: Ըստ իս Աստուածաշունչ կար-դալը անհրաժեշտ է, արդ՝ ցորքան կը կարդաս միշտ նոր ուսանելի դասեր կը քաղեսայդ կարդացած հատուածէդ: Ահա այս է Տիրոջ խօսքի հզօրութիւնը: 

3.-  Հետագային  երբ  Զմմառու Կղերի Միաբան  դառնաս՝  ինչպիսի՞  կեանք  մըպիտի վարես: Ինչպիսի՞ օրինակ կ'ուզես դառնալ քու ժողովուրդիդ:

Երբ դառնամ Զմմառու Կղերի Միաբան, լսարաններ պիտի հիմնեմ, ուր կը մեկ-նաբանուի  Սուրբ  Գիրքը,  պիտի  ծաւալեմ  գործունէութիւններ  (activities),  որոնցմիջոցաւ կարենամ նոր կոչումներ որոնել աշխարհականներուն մէջէն, որով անոնքեւս իրենց հերթին ապագային քարոզեն ու ծառայեն ժողովուրդին հոգիները փրկելուի խնդիր: Ժամանակս պէտք է տրամադրեմ ժողովուրդին մանաւանդ այս օրերուն,քանզի հետզհետէ հաւատացեալներուն թիւը կը նուազի եւ կը մոռնան Քրիստոսը:Հարկաւոր է այցելեմ անոնց տուները եւ օրհնեմ զանոնք, որպէսզի զիրար սիրեն, զերծբոլոր տեսակի նեղութենէ եւ խաղաղութեամբ ապրին:

4.- Հոգեւորականը ինչո՞ւ միշտ բարի օրինակ պէտք է ըլլայ այլոց:

Հոգեւորականը պարտի բարի օրինակ դառնալ իր ժողովուրդին: Մարդիկ իրա-պէս պէտք ունին այդ բարի օրինակին, որովհետեւ բոլորս մեղաւոր ենք եւ այդ բարիօրինակը որպէս տիպար առնելով կը բարելաւենք մեր կեանքի ճանապարհը դէպիՔրիստոս:

55

5.- Ինչո՞ւ պէտք է սիրենք զԱստուած եւ հետեւինք իր խօսքերուն:

Աստուած մարդկութիւնը ստեղծեց իր պատկերին համաձայն, եւ որովհետեւ զայնսիրեց՝ ապրելու համար լաւագոյն պայմանները ստեղծեց: Նոյնիսկ երկրի վրայ տիրե-լու իշխանութիւն տուաւ: Իսկ որպէսզի անհասկացողութիւն չ'ըլլայ մարդոց միջեւ,Տէրը մարգարէներ ուղարկեց, քարոզելու եւ ժողովուրդին դարձի բերելու: Աստուածայնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին Յիսուս Քրիստոսը ղրկեցխաղաղութիւն, ներողամտութիւն, ճշմարտութիւն ու սէր հաստատելու: Ասոր համարպէտք է սիրել զԱստուած եւ կատարել անոր կամքը, որ կը հասցնէ կատարելութեան:

6.- Ինչպիսի՞ հրաշքներ հարկաւոր են, որպէսզի մարդկանց հաւատքը զօրանայ:

Այսօր մարդկանց մտայնութիւնը փոխուած է, եւ հետզհետէ աւանդութիւն պա-հողներուն թիւը՝ նուազած: Գրեթէ այսօրուայ ժողովուրդը սկսած է հաւատալ մի մի-այն տեսանելի բաներուն եւ պատահարներուն, ասոր համար Աստուածամօր, սուրբե-րուն եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կատարուած հրաշքները հարկաւոր են, որպէսզիմարդկանց հաւատքը զօրանայ:

Եղբ. Հրակ Վահրատեան

Հրակ  Վրէժ  Վահրատեան,  ծնած  է  22Դեկտեմբեր 1999-ին Պէյրութ - Լիբանան:Կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէ Ս.Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարա-նէն ներս: Զմմառու Ս. Միքայէլ Ընծայա-րան ընդունուած է 2011 թուականին: Անայժմ՝ վերոյիշեալ վարժարանի 12-րդ կար-գի գիտական բաժնի ուսանող է:

ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

56ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

ê²ð¶Æê زð²ÞȺ²Ü

1.- Սիրելի Սարգիս, եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը ե՞րբ արթնցաւ մէջդ եւ ե՞րբ զգացիր,որ սէրը հետզհետէ կոչումի վերածուեցաւ:

Փոքր տարիքէս՝ երրորդ դասարան էի, երբ եկեղեցւոյ սէրը արթնցաւ մէջս: Անհետզհետէ ծիլ արձակելով կոչումի վերածուեցաւ: Այնուհետեւ վարդապետին դիմեցի՝իմանալու թէ դպրեվանքերու մէջ ինչպիսի՞ դաստիարակութիւն կը ջամբեն, վերջինիսպատասխանը սպառիչ գտնելով՝ իր միջնորդութեամբ՝ Ս. Միքայէլ ընծայարան մուտքգործեցի:

2.- Ի՞նչ է կոչումը քեզի համար եւ ինչպէ՞ս կարելի է զայն զարգացնել:

Կոչումը ինծի համար Յիսուսին «ետեւես եկուր»-ն է, որ կրնանք զայն զօրացնելհոգեւոր կեանք ապրելով, այսինքն՝ առանձնական աղօթքներով, պատարագներով եւմանաւանդ խոստովանանքով:

3.- Հանապազօրեայ ո՞ր աղօթքով կը խօսիս Տիրոջ հետ եւ ինչպիսի՞ կապի մէջ եսԱստուծոյ հետ:

Ես առանձնական աղօթքներով է, որ ինքզինքս մօտ կը զգամ  Աստուծոյ եւ զինքորպէս հարազատ հայրս կ'ընդունիմ: Այս ձեւով մենք իրարու հետ կը զրուցենք:

4.-  Հետագային  երբ  Զմմառու Կղերի Միաբան  դառնաս՝  ինչպիսի՞  կեանք  մըպիտի վարես: Ինչպիսի՞ օրինակ կ'ուզես դառնալ քու ժողովուրդիդ:

Ապագային երբ Զմմառու Կղերի Միաբան դառնամ՝ հոգեւոր եւ ընկերային կեանքմը կը վարեմ եւ բարի հովիւի օրինակը որդեգրելով ժողովուրդը Աստուծոյ կը մօ-տեցնեմ:

5.- Հոգեւորականը ինչո՞ւ միշտ բարի օրինակ պէտք է ըլլայ այլոց:

Հոգեւորականը իր անբասիր վարքովը բարի օրինակ կը դառնայ ժողովուրդին,որպէսզի  իրեն  հետեւելով  հաւատքնին  զօրանայ  եւ  նոր  կոչումներ  ի  յայտ  գան,նամանաւանդ անհրաժեշտ է սիրուիլ ժողովուրդի կողմէ:

6.- Եթէ օր մը Ս. Միքայէլ ընծայարանին տեսուչը դառնաս, ապա ի՞նչ կը փոխեսսոյն կառոյցէն:

57

Եթէ օր մը պատիւը ունենամ սոյն ընծայարանի տեսուչը դառնալու, կ'առաջար-կեմ, որ ընծայարանը հիմնուի քաղաքին մօտակայ վայրի մը մէջ, որպէսզի ժառան-գաւորները  դպրոցին  մօտ  ըլլալով  մասնակցին  բոլոր  գործունէութիւններուն  եւմիջոցառումներուն:

Եղբ. Սարգիս Մարաշլեան

Սարգիս  Շահէ  Մարաշլեան,  ծնած  է  28Դեկտեմբեր 2000-ին Զղարթա - Լիբանան:կրթութիւնը  ստացած  է  Հայ  ԿաթողիկէՄեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանէններս:  Զմմառու  Ս.  Միքայէլ  Ընծայարանընդունուած է 2012 թուականին: Ան այժմ՝վերոյիշեալ  վարժարանի  11-րդ  կարգիաշակերտ է:

ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

58ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

ÚàìÆÎ ¶àÚàôܺ²Ü

1.- Սիրելի Յովիկ, եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը ե՞րբ արթնցաւ մէջդ եւ ե՞րբ զգացիր,որ սէրը հետզհետէ կոչումի վերածուեցաւ:

Եկեղեցի  յաճախելու  սէրս  կու  գայ  մանկութենէս,  որուն  յաջորդեց  ձգտումը՝խորանին ծառայելու, այդ միջոցին տակաւ առ տակաւ մէջս ուռճացաւ դպրեվանքմտնելու գաղափարը եւ երբ խելահաս եղայ՝ վերջնականապէս վճռեցի ընդգրկուիլ Ս.Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներու շարքէն ներս: Փորձառական շրջանին առաւելկառչեցայ եւ աւելի սիրեցի եւ հաստատեցի՝ կանչիս ճշմարտացիութիւնը:

2.- Ի՞նչ է կոչումը քեզի համար եւ ինչպէ՞ս կարելի է զայն զարգացնել:

Մեր Տիրոջ Յիսուս-Քրիստոսի նուիրուելու կոչը մանկութենէն կը սկսի, տուեալանձը  խորանին  ծառայելու  բուռն  ցանկութիւն  կ'ունենայ  եւ  զայն  զարգացնելուլաւագոյն միջոցը՝ դպրեվանք մտնելով՝ հոգեւոր դաստիարակութիւն ստանալն է, ուրՊատարագին, ժամերգութիւններուն մասնակցելով՝ առաւել կը մերձենայ Տիրոջ:

3.- Հանապազօրեայ ո՞ր աղօթքով կը խօսիս Տիրոջ հետ եւ ինչպիսի՞ կապի մէջ եսԱստուծոյ հետ:

Պատարագի ընթացքին է, որ կը հաղորդակցիմ Տիրոջս հետ, եւ իրմէ կը խնդրեմ՝կոչմանս մէջ անսասան պահելու եւ զիս Ս. խորանին արժանի դարձնելու համար՝ուղեղի պայծառութիւն եւ իմաստութիւն շնորհելով՝ յաջողցնէ զիս:

4.-  Հետագային  երբ  Զմմառու Կղերի Միաբան  դառնաս՝  ինչպիսի՞  կեանք  մըպիտի վարես: Ինչպիսի՞ օրինակ կ'ուզես դառնալ քու ժողովուրդիդ:

Տիրոջ կամօք, օր մը եթէ արժանանամ՝ Զմմառու Կղերի Միաբան դառնալ, ապապիտի փափաքիմ ըլլալ անբասիր հոգեւորական եւ Քրիստոսի խօսքերը ո՛չ միայնքարոզեմ, այլ՝ կիրառեմ, որ ժողովուրդն ալ իմ օրինակիս հետեւելով, մօտենայ Քրիս-տոսին:

5.- Հոգեւորականը ինչո՞ւ միշտ բարի օրինակ պէտք է ըլլայ այլոց:

Հոգեւորականը պէտք է առաքինի վարքագիծ ունենայ, ըլլայ բարեպաշտ եւ իրայս կենցաղով՝ հաւատացեալներուն բարի օրինակ դառնայ, որովհետեւ եթէ կղերա-կանը Քրիստոսէն հեռու ըլլայ՝ ապա վատ օրինակ կը դառնայ այլոց, որոնք ալ զինքկապկելով պիտի ըսեն «եթէ հոգեւորականը այսպիսին է, ապա մենք ալ նոյնը կրնանքըլլալ...»:

59

6.- Եթէ օր մը Ս. Միքայէլ ընծայարանին տեսուչը դառնաս, ապա ի՞նչ կը փոխեսսոյն կառոյցէն:

Երբ օր մը դպրեվանքի տեսուչ ըլլամ, առաջին հերթին ընծայարանը կը տեղափո-խեմ քաղաք, ուր բնակչութիւնը առաւել խիտ է եւ սաները այստեղ աւելի մօտէն կըհետեւին ժողովուրդին յուզող հարցերուն եւ կրնան ճիշտ ձեւով ըմբռնել պատճառ-ները, որոնք կը հեռացնեն մարդկանց եկեղեցիէն: Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ սաներըամենօրեայ երթեւեկութենէն կը փրկուին:

Եղբ. Յովիկ Գոյունեան

Յովիկ  Գրիգոր  Գոյունեան,  ծնած  է  19Սեպտեմբեր 2000-ին Պէյրութ - Լիբանան:Ուսումները  ստացած  է  Հայ  ԿաթողիկէՄեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանէններս:  Զմմառու  Ս.  Միքայէլ  ընծայարանընդունուած է 2012 թուականին: Ան այժմ՝վերոյիշեալ  վարժարանի  10-րդ  կարգիաշակերտ է:

ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

60ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

èàä¾ð Âàð²Üº²Ü

1.- Սիրելի Ռոպէր, եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը ե՞րբ արթնցաւ մէջդ եւ ե՞րբ զգացիր,որ սէրը հետզհետէ կոչումի վերածուեցաւ:

Ինը տարեկան էի երբ առաջին հաղորդութեան խորհուրդը ստացայ, սոյն արարո-ղութեան ընթացքին, զգացի թէ հարկ է միշտ յաճախել այս Սուրբ վայրը: Այս զգացու-մէն մղուած, սկսայ ամէն Կիրակի մասնակցիլ Սուրբ պատարագին ու արթնցաւ մէջսսէրը անոր: Փոխ ժողովրդապետին օժանդակութեամբ կրցայ բացայայտել կոչումս: Եւահա ես հիմա, կը յաճախեմ Զմմառու Սուրբ Միքայէլ ընծայարանը:

2.- Աստուածաշունչի հանապազօրեայ ընթերցումներ կ'ընե՞ս եւ հոնկէ ինչպիսի՞ուսանելի դասեր կը քաղես:

Ս. պատարագէն բացի առօրեայ ընթերցումներ կ'ունենամ: Ս. Աստուածաշունչէնկը քաղեմ կեանքի օգտաշատ դասեր, որոնք կը բարելաւեն իմ կեանքս եւ կը նպաստենքայլ  մը  առաջ  ընթանալու  դէպի  սրբութեան  եւ  կատարելութեան,  ինչպէս  նաեւհոգեպէս կը նախապատրաստուիմ խոստացուած արքայութեան:

3.- Տիրոջ գերագոյն խօսքերուն մասին կը խորհրդածե՞ս եւ լուսաբանութիւններուհամար կը դիմե՞ս պատասխանատուներուդ:

Կը խորհրդածեմ եւ կը հաւատամ, որ ամէն հարցումներուս պատասխանը կրնամգտնել Քրիստոսի խօսքերուն մէջ: Լուսաբանութիւններու կը դիմեմ որպէսզի աւելիյստականայ  ինծի  ուղղուած  պատգամը  եւ  կարենամ  աւելի  ճշգրիտ  ձեւով  զայնհասլկնալ եւ ըմբռնել:

4.-  Հետագային  երբ  Զմմառու Կղերի Միաբան  դառնաս՝  ինչպիսի՞  կեանք  մըպիտի վարես: Ինչպիսի՞ օրինակ կ'ուզես դառնալ քու ժողովուրդիդ:

Հոգեւորականը  Քրիստոսի  ներկայացուցիչն  է  երկրի  վրայ,  ինչպէս  նաեւ  անքարոզիչն է Քրիստոսի խօսքին որուն կը հաւատայ: Ուրեմն ան պէտք է գործադրէզայն եւ հանդիսանայ բարի օրինակ մը այլոց: Եւ երբ ուրիշը տեսնէ որ կղերականըկը գործադրէ այդ խօսքերը զոր կը քարոզէ, ան ալ կը համոզուի թէ շիտակ բան է,ինքնաբերաբար ինքն ալ կը սկսի հաւատալ եւ գործադրել:

5.- Ինչպիսի՞ հրաշքներ հարկաւոր են, որպէսզի մարդկանց հաւատքը զօրանայ:

61

Մարդս չի գիտակցիր, թէ ինք օրական հրաշքով կ'արթննայ: Շատեր գիշերը կըքնանան եւ առաւօտեան զարթնումին ականատեսը չեն ըլլար: Մենք ամէն վայրկեանենթարկուած ենք մահուան, բայց դեռ կ'ապրինք: Ուրեմն այս ինքնին հրաշք մըն է:

Եղբ. Ռոպէր Թորանեան

Ռոպէր  Զարէհ  Թորանեան,  ծնած  է  23Յուլիս 2002 թուականին, Պուրճ ՀամմուտԼիբանան:  Կրթութիւնը  ստացած  է  ՀայԿաթողիկէ  Մեսրոպեան  ԲարձրագոյնՎարժարանէն: Զմմառու Ս. Միքայէլ  Ըն-ծայարան ընդունուած է 2015-ին: Ան այժմ՝վերոյիշեալ  վարժարանի  10-րդ  կարգիաշակերտ է:

ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

62ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ

IJ¶ زðêàôì²Üº²Ü

1.- Սիրելի Ժագ, եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը ե՞րբ արթնցաւ մէջդ եւ ե՞րբ զգացիր, որսէրը հետզհետէ կոչումի վերածուեցաւ:

Ընկերային  վարդապետ  մը  կար,  տարի  մը  երբ  բանակումի  մասնակցած  էի,վերջին օրերուն երբ բանակավայրը կը նիրհէինք, տեսիլքանման անուրջ էր, որ յայտ-նուեցաւ հետեւեալ կերպ՝ առաջինը՝ Յիսուս հետս կը խօսէր եւ կ'ըսէր. «խաչդ ա՛ռ եւետեւես եկո՛ւր»: Իսկ երկրորդը՝ թէ ես քահանայ էի եւ պատարագ կը մատուցէի: Երբվարդապետին այս բոլորը պատմեցի, ան ըսաւ. «չե՞ս ուզեր վանք մտնել եւ հոգեւո-րական դառնալ, եթէ կ'ուզես ապա փորձէ»: Այս երազը անկիւնադարձային եղաւ ինծիհամար:

2.-  Խոչընդոտներու,  դժուարութիւններու  եւ  նեղութիւններու պարագային  կըդիմե՞ս Աստուծոյ օգնութեանը, եւ եթէ դիմես Անոր՝ ապա ինչպիսի՞ արդիւնքներու կըհասնիս:

Շրջան մը շատ մեծ դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ կրեցի: Գեղեցիկ օր մըպատարագի պահուն ի խորոց սրտէ Աստուծմէ խնդրեցի, որ ինծի օգնութեան փութայ.մէկ օր ետք Աստուած անսաց խնդրանքիս, զոր զարմանք պատճառեց ինծի, եւ այնատեն կրցայ հաստատել Աստուած գոյութիւնը:

3.-  Հետագային  երբ  Զմմառու Կղերի Միաբան  դառնաս՝  ինչպիսի՞  կեանք  մըպիտի վարես: Ինչպիսի՞ օրինակ կ'ուզես դառնալ քու ժողովուրդիդ:

Երբ  Զմմառու  Կղերի  Միաբան  դառնամ  կ'ուզեմ  օրինակելի  Հոգեւորականիարժանավայել վարքագիծովս եւ Սուրբ Գիրքի ճշմարիտ մեկնաբանութեամբ՝ ժողո-վուրդին հաւատքը զօրացնել, գումարած սիրուած քահանայ ըլլալ եւ ժողովուրդինօգնութեան փութալ, այսպիսով եկեղեցւոյ խորհուրդները մատակարարելու համարկոչումներ ապահովելու աշխատանքին օժանդակած կ'ըլլամ:

4.- Ինչո՞ւ պէտք է սիրենք զԱստուած եւ հետեւինք իր խօսքերուն:

Իւրաքանչիւր ոք պէտք է սիրէ զԱստուած, որովհետեւ Ան բոլորիս կարիքներունաջակցելով մեր աղօթքներուն կ'անսայ: Ահա թէ ինչու Ան կը կոչուի «ԱմենաբարիԱստուած»:

5.- Ինչպիսի՞ հրաշքներ հարկաւոր են, որպէսզի մարդկանց հաւատքը զօրանայ:

63

Որպէսզի մարդկանց մօտ հաւատքը զօրանայ, ապա պէտք է ի մտի ունենանիրականութիւնը, զոր Աստուածաշունչին մէջ գրուած է. ինչպէս եւ հաւատան հրաշք-ներուն՝ որոնք դարձեալ նշուած են այնտեղ, իսկ՝ նշեալ իրականութեան կը հասնիներբ Սուրբ Գիրքի մեկնութիւնը ճիշտ ձեւով ներկայացուի իրենց, որովհետեւ ներկայիսո՛չ կայուն հաւատք մնացած է, ո՛չ ալ եկեղեցի յաճախող:

6.- Սիրելի Ժագ, դուն ինչ կը փափաքիս աւելցնել եւ միտքդ պարզել ընթերցողին:

Կը փափաքիմ,  որ  բազմանայ  եկեղեցի  յաճախողներուն թիւը: Կը փափաքիմնաեւ,  որ ամէն մարդ գիտնայ թէ ինք ինչի՞ կոչուած է,  եւ Աստուած իրմէ ի՞նչ կըպահանջէ:

Եղբ. Ժագ Մարսուվանեան

Ժագ  Բիէր  Մարսուվանեան,  ծնած  է  17Հոկտեմբեր 2003-ին, Պէյրութ – Լիբանան:Կրթութիւնը  ստացած  է  Հայ  ԿաթողիկէՄեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանէն:Զմմառու  Ս.  Միքայէլ  Ընծայարան  ըն-դունուած է 2016-ին: Այժմ՝ ան վերոյիշեալվարժարանի 9-րդ կարգի աշակերտ է:

ՍՈՒՐԲ ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ