friday 30 05 14 volume # 9 issue # 100

14
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ «ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԵՒ ԼԵՌԸ» ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 100, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Վաչէ Ատրունի բեմադրիչը յաճախ հանդէս կու գայ միաժամանակ որպէս թատերագիր, արժեւորելով իր իսկ հեղինակութիւնները, հանդէս գալով այնպիսի նիւթերով, որոնք քաղուած կ' ըլլան մեր այս օրերու իսկ կեանքէն, այդպիսով իսկ հետաքրքրական: Այսպիսով ժողովուրդը բեմին վրայ ականատես ու ականչալուր կը դառնայ իր իսկ առօրեային: Ահա Վաչէ Ատրունիին հեղինակած ՙԾերունին Եւ Լեռը՚ բիէսը, Յ. Տէր Մելքոնեան թատերասրահի բեմին վրայ: Սրահը մինչեւ իր վերջին աթոռը գրաւուած է: Փակ է վարագոյրը երբ քաղցրահնչիւն երգ մը կը պարուրէ սրահը իր ներկաներով: Օրուայ Յօդուածը Հայրենի գեղաթատերական ինս- տիտուտի շրջանաւարտներէն Վաչէ եւ Լանա Ատրունիները մեր զոյգ գաղութներուն` Սուրիոյ եւ Լիբանանի թատերասէր հասարա- կութեան այն ծառայողներէն են, որոնք անպայման ըսելիք նոր խօսք մը ունին, պատգամ մը ունին տալիք ներկաներուն: www.facebook.com/RAGmamoul Հայրենի Լուրեր Երեւան Որոշուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Խորհրդանիշն Ու Կարգախօսը (Տեսնել՝ էջ 4) Լուրեր Սփիւռքէն Պէյրութ, Լիբանան Վարձքի Լիբանանեան Նոր Օրէնքին Բացասական Երեսները Բացատրող Հանդիպում (Տեսնել՝ էջ 5) Մշակութային Էջեր - ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Հովանաւորութեամբ Տեղի Ունեցաւ Ամերիկահայ Աշխարհահռչակ Ձեւաւորող Մայքլ Արամի Մետաղեայ Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը (Տեսնել՝ էջ 6) - Շնորհաւոր Համբարձման Տօնը (Տեսնել՝ էջ 8)

Upload: ramgavar-party

Post on 06-Mar-2016

218 views

Category:

Documents


4 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

«ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԵՒ ԼԵՌԸ»

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 100, էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Վաչէ Ատրունի բեմադրիչը յաճախ հանդէս կու գայ

միաժամանակ որպէս թատերագիր, արժեւորելով իր

իսկ հեղինակութիւնները, հանդէս գալով այնպիսի

նիւթերով, որոնք քաղուած կ'ըլլան մեր այս օրերու իսկ

կեանքէն, այդպիսով իսկ հետաքրքրական:

Այսպիսով ժողովուրդը բեմին վրայ ականատես ու

ականչալուր կը դառնայ իր իսկ առօրեային:

Ահա Վաչէ Ատրունիին հեղինակած ՙԾերունին Եւ Լեռը՚

բիէսը, Յ. Տէր Մելքոնեան թատերասրահի բեմին վրայ:

Սրահը մինչեւ իր վերջին աթոռը գրաւուած է:

Փակ է վարագոյրը երբ քաղցրահնչիւն երգ մը կը

պարուրէ սրահը իր ներկաներով:

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Հայրենի գեղաթատերական ինս-

տիտուտի շրջանաւարտներէն

Վաչէ եւ Լանա Ատրունիները մեր

զոյգ գաղութներուն` Սուրիոյ եւ

Լիբանանի թատերասէր հասարա-

կութեան այն ծառայողներէն են,

որոնք անպայման ըսելիք նոր խօսք

մը ունին, պատգամ մը ունին

տալիք ներկաներուն:

www.facebook.com/RAGmamoul

Հայրենի Լուրեր

Երեւան Որոշուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան

100-Ամեակի Խորհրդանիշն Ու Կարգախօսը

(Տեսնել՝ էջ 4)

Լուրեր Սփիւռքէն

Պէյրութ, Լիբանան

Վարձքի Լիբանանեան Նոր Օրէնքին Բացասական

Երեսները Բացատրող Հանդիպում

(Տեսնել՝ էջ 5)

Մշակութային Էջեր

- ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան

Հովանաւորութեամբ Տեղի Ունեցաւ

Ամերիկահայ Աշխարհահռչակ Ձեւաւորող

Մայքլ Արամի Մետաղեայ Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը

(Տեսնել՝ էջ 6)

- Շնորհաւոր Համբարձման Տօնը

(Տեսնել՝ էջ 8)

Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 100, էջ 2

Արդիականութիւն հնչող ձեւ մըն ալ ասիկա:

Արդէն իսկ սրահի մուտքին բաժնուած են օրուայ յայտագիրը կազմող գրքոյկները, ներկայացնելով մեզի

բեմադրիչին խօսքը. ՙԱմէն մէկս որքան ալ ծերանանք, մեր մէջ փոքրիկ երախայ մը կը փայփայենք: Տեսակ մը

չծերացող ԵՍ մը: Միամիտ, չարաճճի, ըմբոստ ու բարի ես մը՚:

Այս արժէքաւոր մուտքով բեմադրիչը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ոչ միայն բոլորիս յայտնի Քեսապի

լեռնաստանը, այլ պիտի առաջնորդէ մեզ նաեւ դէպի Հայաստան:

Այս յայտագիրէն պիտի իմանանք, որ օրուան դերակատարները թիւով իննը հոգի պիտի ըլլան, իսկ

ստեղծագործութեան անձնակազմը թիւով երեք հոգի:

Ուրեմն բեմը կրնայ խճողուած չըլլալ:

Բացուեցաւ վարագոյրը որուն յաջորդեց լոյսի հեղեղ մը գեղահունչ երաժշտութեան մը ընկերակցութեամբ:

Յասմիկ ու Թորոս գրեթէ նոյն ռոպէին կը խուժեն բեմ, որ աւելորդ զարդարանքներէ զերծ է: Կը փլչին գրեթէ

տիւանի մը վրայ ու վէճ մըն է ծայր կ'առնէ: Հասկցանք, որ այս զոյգը` Կասիա Թօփուշեան եւ Յարութ

Թորոսեան, հայրենադարձներ Հալէպէն, օդանաւակայանէն թռիչք պիտի առնեն դէպի ՙհրեշտակներու՚

քաղաքը` Լոս Անճելոս:

Այս ամոլը ունի զաւակներ:

Ուրեմն բեմ կու գայ երկրորդ սերունդ մը:

Այս բոլորին վրայ աւելցուցէք մեծ հայրիկ

մը, որ չ'ուզեր լքել իր ծննդավայրը`

Քեսապը, այլ կ'ուզէ մնալ իր ծննդավայր

արծւեբոյն Քեսապի սարերուն վրայ:

Ուրեմն յաջորդաբար բեմին վրայ են

երկրորդ Նարեկ` Կարէն Տարագճեան ու

Նանէ` Սթեֆանի Ղուկասեանը, Ժան`

Լուսինէ Տագէսեանը, Արարատ` Տիրան

Սարգիսեանը, օդակայանի պաշտօնեայ`

աշխոյժ Մակի Վասիլեանը, Իսկուհի` Պէթի

Սարգիսեանը եւ Նարեկ` Մասիս

Լեփէճեանը:

Երեք սերունդ բեմի վրայ են, հայրենալքող,

զոյգը, նոր սերունդը իր նոր զգացումներով,

նորոյթներու հետեւող իրենց նիստ ու կացով եւ երկիր ծնած նոր սերունդը որ կը մնայ անտեղիտալի իր

որոշումին մէջ, մնալ իր ծննդավայր` Քեսապի լեռներուն վրայ, զոր մենք դարերով կոչած ենք երկարաձգուող

Կիլիկիա: Խումբը համաչափ խաղարկութիւն մը ցոյց կու տայ, իւրաքանչիւրը իր տարիքի ու պայմաններու

ծնունդ, մերթ քիչ մը ժպիտ արթնցնող, մերթ խոհականութեան դիմող խաղարկութեամբ:

Բեմին վրայ մեր այսօրուայ կեանքն է ներկայացուողը:

Ամերիկայ մեկնիլ ու մնալ երկիր:

Այսօրուան հայ տուներէն ներս յաճախակի ներկայացուող նիւթ, զոր

Վաչէ Ատրունի թատերագիր բեմադրիչը այդ օր բեմ բարձրացուց ըսելու

համար մեզի` եթէ կան արտագաղթողներ, կան նաեւ երկիր մնացողներ,

որոնց շարքին նաեւ դէպի այսօրուան հայրենիքը նախընտրող

մեկնողներ: Հեղինակը այս թատերգութեան մէջ նաեւ փորձած էր խօսիլ

Արցախի եւ մեր երկիրը ցնցած երկրաշարժին մասին` անցողակի:

Հիմնական նիւթը մնացած էր հայրենիքի մէջ մնալու ու երկրէն

չհեռանալու գաղափարը, զոր բեմին վրայ հաստատուած գտանք

հայրենիք մեկնող հայուհիով մը եւ երկիր մնացող, Քեսապին կառչած

մնացող օրուան հերոսով, որ պէտք է խոստովանիլ ու հաստատել`

լաւագոյնս կատարեց իր դերը որպէս Արարատ` Տիրան Սարգիսեան:

Խումբը հանդէս եկաւ փորձառութեամբ զինուած:

Մեզի համար բոլորն ալ հերոսներ էին:

Երբ Վաչէ Ատրունին եկաւ բեմ, ժողովուրդը ոտքի՛, յոտնկայս

ծափահարութիւններով լեցուց սրահը:

Բարի երթ խումբին:

Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 100, էջ 3

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Հայրենի Լուրեր

ՈՐՈՇՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

100-ԱՄԵԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆ ՈՒ ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու կարգախօս պիտի ըլլայ «Յիշում եմ և

պահանջում», իսկ խորհրդանիշը` Անմոռուկ ծաղիկը: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման

ընթացքին ասաց ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի

աշխատանքները համակարգող Վիգէն Սարգսեանը:

«Յատուկ ընդգծուած անհատականացուած կարգախօս է, որպէսզի այն արտասանելիս յիշենք մեր

ընտանիքների պատմութիւնը, մեր վերապրած ողբերգութեան պատմութիւնը և այն պահանջը, որ տեսնում

ենք այս համատեսքում, ներկայացնենք ամբողջ աշխարհին»,- յայտնեց Սարգսեան:

Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 100, էջ 4

Անմոռուկ ծաղիկը բոլոր լեզուներուն մէջ

ունի նոյն իմաստը` յիշել, չմոռնալ:

Խորհրդանիշ ծաղիկը ունի չորս

հիմնական գոյնի բաղադրիչ`

մանիշակագոյն, բաց մանիշակագո՚յն,

դեղին և սև: Ընտրուած գույները, ըստ Վ.

Սարգսեանի, նոյնպէս խորրդանշական

են. անցեալի, ներկայի ու ապագայի

խորհուրդը կը ներկայացնեն:

Սև գույը կը խորհրդանշէ Եղեռնի

սարսափներն ու յիշողութիւնը

ցեղասպանութեան մասին՝ անցեալ:

Ներսի ճառագայթաձև բաց մանիշակագոյնը բոլորին հոգեհարազատ գաղափարին համամասնակից ըլլալն

է` ներկայ: Որպէս խորհրդանշանի գերակշռող գոյն մանիշակագոյնը լայնօրէն տարածուած է հայկական

ինքնագիտակցութեան հիմք հանդիսացող հայ եկեղեցւոյ արարողութեանց մէջ` ապագայ: Ծաղիկի կեդրոնը

դեղին գոյնով պատկերուած է ապրելու և արարելու յոյս պարգևող արևի լոյսը` Ծիծեռնակաբերդի

յուշահամալիրը խորհրդանշող, շրջանաձև դասաւորուած 12 պատերու տեսքով` յաւերժութիւն:

Ծաղիկի հինգ թերթիկները այն հինգ ցամաքամասերն են, ուր հայ գաղթականները յայտնուեցան`

ստեղծելով հայկական գաղութնփր` ձևաւորելով հայկական Սփիւռքը:

ՎԱՐՁՔԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆՈՐ ՕՐԷՆՔԻՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ

ԵՐԵՍՆԵՐԸ ԲԱՑԱՏՐՈՂ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 100, էջ 5

Լուրեր Սփիւռքէն

Պէյրութ, Լիբանան

Ուրբաթ, 23 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին,

կազմակերպութեամբ լիբանանահայ գրական շրջանակին,

«Արարատ» մարզական միութեան կեդրոնին մէջ տեղի

ունեցաւ հանդիպում զրոյց մը` նիւթ ունենալով «Վարձքերու

տնազրկող օրէնքը»:

Զեկուցաբեր մեթր Գասպար Տէրտէրեան մաս առ մաս

ներկայացուց օրէնքին վտանգաւոր եւ հակասահ-

մանադրական բնոյթը: Ան անդրադարձաւ նաեւ աղքատ

դասակարգին վրայ այս օրէնքին ունենալիք բացասական

հետեւանքներուն: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ

լիբանանահայ վարձուորներուն կրելիք վնասներուն: Մեթր

Տէրտէրեան դրուատիքով անդրադարձաւ այն երես-

փոխաններուն, որոնք այս օրէնքին դէմ բողոքարկումի

դիմումը ստորագրեցին:

Մշակութային Էջեր

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՂԻ

ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՁԵՒԱՒՈՐՈՂ ՄԱՅՔԼ

ԱՐԱՄԻ ՄԵՏԱՂԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Մայիս 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ

աշխարհահռչակ ձեւաւորող Մայքլ Արամի մետաղեայ-ձեւաւորումներու աշխատանքներու ցուցահանդէսը:

Մայքլ Արամի գործունէութեան 25-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը պիտի գործէ մայիս 26-28:

Ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ

Յակոբեան: Շնորհաւորելով արուեստագէտը ցուցահանդէսի բացման առիթով, նախարարը

մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհաւորում եմ Մայքլի առաջին այցը հայրենիք, որը նշանաւորւում է նրա

ստեղծագործութեան 25 ամեակին նուիրուած այս գեղեցիկ ցուցահանդէսով: Մետաղը տիզայներական նոր

որակի հասցնելով` Մայքլը հայ մարդու անունն ու գործը ներկայացնում է աշխարհին: Նրա ստեղծած

«Նուռը» տեսնելով` պատկերացում է ստանում հայկական որակների ու հայկականութեան մասին:

Օգտուելով առիթից` ուզում եմ Մայքլին պարգեւատրել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յուշամետալով եւ

նուիրել «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» հաւաքածուն»:

Ելոյթ ունեցան ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Շահէն Խաչատրեան, ԱՄՆ Կլենտէյլ քաղաքի ոսկեղէնի

եւ նուէրներու «Le Papillon» խանութի տնօրէն Նազ Աթիկեանը եւ այլք:

Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 100, էջ 6

Մայքլ Արամի աշխատանքները` սպասքէն մինչեւ կահոյք, կը վաճառուին աշխարհի տարբեր

ցուցասրահներու մէջ եւ 600-է աւելի մասնագիտացուած խանութներու մէջ: Միացեալ Նահանգներու մէջ

ծնած եւ ապրած, բայց ազգային արժէքներուն հաւատարիմ արուեստագէտի աշխատանքներուն մէջ յաճախ

կարելի է նկատել հայկական խորհրդանիշներով նմուշներ: Յատկապէս տպաւորիչ են նուռով, խնձորով,

թիթեռներով, արեւածաղիկներով հաւաքածուները: Անոր բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցանակներէն է «Ellis

Island» շքանշանը, որ ստացած է 2011 թ. Ամերիկայի մշակոյթին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար:

Մայքլ Արամը կը զբաղի նաեւ բարեգործութեամբ. ան Հայկական մանկական հիմնադրամի եւ «Թումօ»

ստեղծարար տեխնոլոկեաներու կեդրոնի տնօրէններու խորհուրդի անդամ է:

Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 100, էջ 7

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 98, էջ 12

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ

Զատիկէն ուղիղ քառասուն օր վերջ կը նշուի Համբարձման տօնը:

Այսպէս կը կոչուի Քրիստոսի յարութիւն առնելէ ետք քառասուն օր երկրի վրայ մնալէ յետոյ երկինք

համբարձելու յիշատակումը եկեղեցական տօնացոյցին մէջ: Խորհրդաւոր այս տօնը կը նշուի հայոց

բնաշխարհի բոլոր շրջաններու եւ հայկական բնակավայրերու մէջ, այն սիրուած ու սպասուած տօն մըն է

բոլորին կողմէ՝ մեծ թէ պզտիկ: Հայեր այս տօնը «Վիճակ» կը կոչեն, տօնին հիմնական ծէսի՝ վիճակ հանելու

արարողութեան պարբերացմամբ:

Չորեքշաբթի իրիկուընէ կը սկսին գլխաւոր արարողութեան՝ վիճակի նախապատրաստութեան: Փոքր տղաք

եւ աղջիկներ խումբեր կազմած կը սկսին «մէնթիվոր» ժողվելու: Ձեռքերուն սափոր մը եօթը տուն կը

պտտին, իւրաքանչիւր տունէ եօթը ափ ջուր, եօթ տեսակ ծառէ եօթը տերեւ, եօթ տեսակ ծաղիկ, եօթը պզտիկ

քար հաւաքելով սափորին մէջ կը դնեն: Սափորին վրայ ծածկոց մը գոցեն, որպէսզի պարունակութիւնը

չերեւի. երբեք գետին չեն դներ, անհրաժեշտութեան պարագային բարձր տեղ մը՝ աթոռակի մը վրայ կամ

գամէ կը կախեն:

Կը հաւատան Համբարձման գիշերուայ խորհուրդներուն եւ հրաշալիքներուն, կ’ողջունեն իրար, կիներ եւ

աղջիկներ զանազան բախտաբեր գործողութիւններ կը կատարեն:

Համբարձման Հինգշաբթի առտու կանուխ կաթնապուր կ’եփեն, որ տօնին նուիրագործուած ուտեստն է. այդ

օր նաեւ ընդունուած է կաթնապուրը բաժնել առնուազն եօթը տուն:

Կէսօրին, թաղին բոլոր կիները կը ժողվուին եւ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին անունով իր մը կը ձգեն

սափորին մէջ, ինչպէս բանալի, գամ, մատնոց, եւլն: Սափորին քով կը նստեցնեն պզտիկ աղջիկ մը՝ քօղով մը

ծածկուած, որպէսզի ո’չ աղջիկը եւ ո’չ սափորը մէկը տեսնէ: Թաղին կիները խմբովին վիճակի երգեր կ’երգեն

ու աղջնակը՝ իւրաքանչիւր քառեակ-երգէն ետքը՝ սափորին մէջէն առարկայ մը կը հանէ մը, եւ ըստ

քառեակի բովանդակութեան կը վճռուի անոր տիրոջ վիճակը՝ բախտը:

«Հանէ’, ախճի’նս, հանէ» կը ձայնէ լեզուանի, տարեց կին

մը, եւ աղջիկը կը հանէ նշան մը ու կ’երգուի վիճակերգըֈ

Տարեց կին մը, որ լաւ ասացողի համբաւ ունի կը սկսի,

միւսները կը ձայնակցին :Վիճակահանութեան աւարտին

սափորին մէջ մնացած ջուրով կը ցօղեն արտերն ու

այգիները, բերքն ու բարիքը:

Նմոյշ մը վիճակի քառեակներէն.

Ոսպը հատիկ հատիկ

Կը ստկեմ մէկիկ մէկիկ

Երբ սիրեցեալս տուն դառնայ

Վար կ’իջնեմ ուրախ զուար

Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 100, էջ 8

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]