friday 7 02 14, volume # 9, issue # 20

11
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Բարձրացող Քաղաքական Դէմքը՝ Յարութ Շիթիլեան ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 20 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 27-ին, keghart.com կայքէջի նախաձեռնութեամբ, Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած էր դռնբաց քննարկում մը՝ «Սփիւռքահայութեան անտարբերութիւնը քաղաքական կեանքէն ներս. Առասպէ՞լ, թէ՝ Իրականութիւն» վերնագրով: Քննարկման չորս մասնակիցներէն երեքը երիտասարդներ էին եւ բոլորն ալ անկախ իրարմէ՝ կը մատնանշէին հայ երիտասարդներու եւ հայ համայնքին հեռու մնալու պարագան տեղական քաղաքական աշխոյժ կեանքէն: Անոնք կոչ կ'ընէին թէ՛ համայնքին եւ թէ՛ երիտասարդներուն չխուսափիլ տեղական կառավարման մարմիններու մաս կազմելու գործընթացէն: Մասնակիցները կը շեշտէին քաղաքական ընտրութեանց ու կեանքին մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը՝ ցոյց տալով այն օգուտները, զորս կարելի է քաղել նման մասնակցութիւններէ: Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ պէտք է նշեմ որ Մոնթրէալի շրջանին մէջ հետզհետէ անուն հանող եւ Քանատայի քաղաքական-կուսակցական կեանքին մէջ բարձրացող դէմքերէն է Յարութ Շիթիլեան, որ թէեւ մասնագիտացած եւ աշխատած է ճարտարագիտութեան ճիւղին հեռահաղորդակցման մասնա- ճիւղին մէջ, աշխուժօրէն ներգրաւուած է նաեւ տեղական քաղաքապետական կեանքէն ներս: Գեղադէմ այս երիտասարդը ծնած է Պէյրութ, ուրկէ ինը տարեկանին ծնողներուն հետ գաղթած է Քանատա: Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է ՀԲԸՄ-ի Ալեքս Մանուկեան վարժարանէն ներս, որմէ ետք յաճախած է ֆրանսերէն լեզուի Յարութիւն Շիթիլեան

Upload: ramgavar-party

Post on 07-Mar-2016

220 views

Category:

Documents


7 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Բարձրացող Քաղաքական Դէմքը՝

Յարութ Շիթիլեան ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 20 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 27-ին, keghart.com կայքէջի

նախաձեռնութեամբ, Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած էր դռնբաց

քննարկում մը՝ «Սփիւռքահայութեան անտարբերութիւնը

քաղաքական կեանքէն ներս. Առասպէ՞լ, թէ՝ Իրականութիւն»

վերնագրով: Քննարկման չորս մասնակիցներէն երեքը

երիտասարդներ էին եւ բոլորն ալ անկախ իրարմէ՝ կը մատնանշէին

հայ երիտասարդներու եւ հայ համայնքին հեռու մնալու պարագան

տեղական քաղաքական աշխոյժ կեանքէն: Անոնք կոչ կ'ընէին թէ՛

համայնքին եւ թէ՛ երիտասարդներուն չխուսափիլ տեղական

կառավարման մարմիններու մաս կազմելու գործընթացէն:

Մասնակիցները կը շեշտէին քաղաքական ընտրութեանց ու կեանքին

մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը՝ ցոյց տալով այն օգուտները, զորս

կարելի է քաղել նման մասնակցութիւններէ:

Մասնակիցները կը շեշտէին քաղաքական ընտրութեանց ու

կեանքին մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը՝ ցոյց տալով այն

օգուտները, զորս կարելի է քաղել նման մասնակցութիւններէ:

Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ պէտք է նշեմ որ Մոնթրէալի

շրջանին մէջ հետզհետէ անուն հանող եւ Քանատայի

քաղաքական-կուսակցական կեանքին մէջ բարձրացող դէմքերէն է

Յարութ Շիթիլեան, որ թէեւ մասնագիտացած եւ աշխատած է

ճարտարագիտութեան ճիւղին հեռահաղորդակցման մասնա-

ճիւղին մէջ, աշխուժօրէն ներգրաւուած է նաեւ տեղական

քաղաքապետական կեանքէն ներս:

Գեղադէմ այս երիտասարդը ծնած է Պէյրութ, ուրկէ ինը

տարեկանին ծնողներուն հետ գաղթած է Քանատա: Նախնական եւ

միջնակարգ ուսումը ստացած է ՀԲԸՄ-ի Ալեքս Մանուկեան

վարժարանէն ներս, որմէ ետք յաճախած է ֆրանսերէն լեզուի

դպրոց: Գործօն կերպով մասնակցած է լողի, ջրագնդակի եւ

պասքէթպոլի մարզաձեւերուն, այնուհետեւ աւարտած է

ճարտագիտական վերոյիշեալ բաժինը: Աշխատած է Շուէտական

Էրիքսոն հիմնարկին մէջ որպէս միջազգային գործերու գծով

խորհրդական՝ Լատինական Ամերիկա, Արեւմտեան Եւրոպա եւ

Միացեալ Նահանգներ: Այնուհետեւ ան հիմնած է իր սեփական

խորհրդատուական կեդրոնը տեղեկատւութեան եւ

հեռահաղորդակցման բնագաւառէն ներս:

Յարութիւն Շիթիլեան

Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 20 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

վարժարանէն ներս, որմէ ետք յաճախած է ֆրանսերէն

լեզուի դպրոց: Գործօն կերպով մասնակցած է լողի,

ջրագնդակի եւ պասքէթպոլի մարզաձեւերուն,

այնուհետեւ աւարտած է ճարտագիտական

վերոյիշեալ բաժինը: Աշխատած է Շուէտական

Էրիքսոն հիմնարկին մէջ որպէս միջազգային գործերու

գծով խորհրդական՝ Լատինական Ամերիկա,

Արեւմտեան Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ:

Այնուհետեւ ան հիմնած է իր սեփական

խորհրդատուական կեդրոնը տեղեկատւութեան եւ

հեռահաղորդակցման բնագաւառէն ներս:

2009-ին Յարութ Շիթիլեան կը սկսի աւելի

հանգամանօրէն հետաքրքրուիլ քաղաքապետական

կեանքով եւ լրջօրէն կը պատրաստուի մասնակցիլ

ընտրութիւններուն եւ կ'ընտրուի Մոնթրէալի

Ահունցիք-Քարթիէվիլ-ի քաղաքային խորհուրդի

անդամ: Մինչեւ 2011-ի Յունիսը ան փոխ-նախագահն

էր քաղաքային բարելաւման Խորհրդակցական

Վարչութեան: 20 Յունիս 2011-ին Յ. Շիթիլեան 30

տարեկանին կ'ընտրուի Մոնթրէալի Քաղաքային

Խորհուրդի խօսնակ (speaker)՝ հանդիսանալով ամէնէն

երիտասարդ անձը այդ պաշտօնը գրաւող Մոնթրէալի

պատմութեան մէջ: 2013-ի Յունիսին, յետ հրաժարման

Մոնթրէալի քաղաքապետ Մայքըլ Ափլպոմի,

Շիթիլեան իր թեկնածութիւնը կը դնէ Մոնթրէալի

քաղաքապետի փոխանցման շրջանի պաշտօնին եւ

սակայն միայն ձայներու չնչին տարբերութեամբ իր

դիրքը կը զիջի Լորան Պլաշար թեկնածուին:

Շիթիլեան իր թեկնածութիւնը կը դնէ Մոնթրէալի քաղաքապետի փոխանցման շրջանի

պաշտօնին եւ սակայն միայն ձայներու չնչին տարբերութեամբ իր դիրքը կը զիջի Լորան

Պլաշար թեկնածուին:

Բոլորովին վերջերս, 2013-ի աշնան, Մոնթրէալի քաղաքապետական ընտրութիւններու

առնչութեամբ կրկին աշխուժութիւն կը տիրէր քաղաքին մէջ Նոյեմբեր 3-ին, Պորտօ-

Քարթիվիլի քաղաքացիները վերընտրեցին Յարութ Շիթիլեանը որպէս իրենց

Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ՝ ստանալով ընտրամասի քուէարկողներու

ընդհանուր ձայներուն 48.88 տոկոսը: Իր հետ հինգերորդ անգամ ըլլալով վերընտրուեցաւ

նաեւ Մարի Տէրոս Չաւուշեանը: Ընտրապայքարին կը մասնակցէին վեց հայ թեկնածուներ:

Յարութիւն Շիթիլեան

ամպիոնի ետին

Մարի Տէրոս Չաւուշեան

Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 20 էջ 3

Քանատայի տեղական-քաղաքապետական կեանքին մէջ հետզհետէ բարձրացող հայազգի

մեր երիտասարդ հանրային սպասաւորը Նոյեմբեր 18-ին նշանակուեցաւ Մոնթրէալ

քաղաքի Գործադիր Վարչութեան փոխ-նախագահի պաշտօնին: Ան միաժամանակ

պատասխանատուն պիտի ըլլայ Վարչական Բարեփոխումներու Smart City եւ

Տեղեկատւութեանց Արուեստագիտութեան (Information Technology):

Եղիշէ Չարենց դեռեւս հարիւր տարի առաջ գրած էր. «Թէ ուզում ես ձայնդ լսեն, ժամանակիդ

շունչը դարձիր»: Ահաւասիկ այն տիպար երիտասարդը, որ Քանատայի մէջ, անսալով իր

ներքին ձայնին ու վստահելով իր ուժերուն ու հայ համայնքի անվերապահ զօրակցութեան,

նաեւ մէկդի դնելով զանազան նախապաշարումներ, դարձած է իր ժամանակի շունչը, որ

թարմութիւն ու նորութիւն կը խոստանայ: Մեր ակնկալութիւնն է որ շատ հայ

երիտասարդներ հետեւին Յարութի օրինակին եւ աներկիւղ նետուին իրենց համար

հայրենիք ընտրած երկիրներու քաղաքական եռուզեռին մէջ ու այդ ճանապարհով օգտակար

հանդիսանան բոլոր քաղաքացիներուն անխտիր ու մասնաւորաբար հայ համայնքին ու

հայրենիքին: Յիշեցնենք որ Յարութ Շիթիլեան 2010-ին Մոնթրէալի այն ատենուան

քաղաքապետ Ճերար Թրամպլէի հետ այցելած էր Հայաստան:

Յարութիւն Շիթիլեան կազմած է հայկական իր բոյնը ատամնաբոյժ Օլեա Մարգարեանի

հետ:

Նորանոր յաջողութիւններ Յարութիւն Շիթիլեանին եւ Մարի Տէրոս Չաւուշեանին:

Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ

www.facebook.com/RAGmamoul

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/03/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email: [email protected]