wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

20
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԷՍԹՈՆԻԱՅԷՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ. «ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ ՏՈՒԱՒ ՄԵԶԻ» ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Երկար տարիներ եղած է ռուսերէնի դասախօս Թալինի համալսարանին մէջ, իսկ ներկայիս հիմնած է իր անձնական¬ընտանեկան հրատարակչական ու թարգմանական աշխատանքներու գրասենեակը: Թալինը միջնադարեան քաղաք է, որ 1154 թուականին գտնուած է արաբ հետազօտողի մը կողմէ: Թալինի կեդրոնական հին քաղաքը 1997-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի կողմէ ցանկագրուած է իբրեւ «Մշակութային ժառանգ»: Էսթոնիա 1940 թուականին մտած է խորհրդային համակարգին մէջ, իսկ 1990 թուականին դուրս եկած ու ստեղծած է իր անկախ հանրապետութիւնը: Ան այսօր Եւրոպական Միութեան անդամ է եւ քաղաքակրթութեան մէջ ունի սկանտինաւեան երկիրներու եւ գերմանական մշակութային դրոշմ: Օրուայ Յօդուածը Արտեմ Դաւիթեանցը ծնած է Պաքու, Ազրպէյճան: Ծնողները եկած են Ղարաբաղէն եւ Իրանէն: 1968¬ին Հայաստան մեկնած է համալսարանական ուսումի համար եւ մասնագիտացած` ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան մէջ: 1975-ին հաստատուած է Էսթոնիոյ Թալին մայրաքա- ղաքը: www.facebook.com/RAGmamoul Լուրեր Սփիւռքէն Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա Հ Բ Ը Միութեան րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւնը (Տեսնել՝ էջ 5) Պէյրութ, Լիբանան Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում (Տեսնել՝ էջ 10) ԾԱՆՕԹ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Upload: ramgavar-party

Post on 29-Mar-2016

226 views

Category:

Documents


5 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԷՍԹՈՆԻԱՅԷՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ.

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ ՏՈՒԱՒ ՄԵԶԻ»

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Երկար տարիներ եղած է ռուսերէնի դասախօս

Թալինի համալսարանին մէջ, իսկ ներկայիս հիմնած է

իր անձնական¬ընտանեկան հրատարակչական ու

թարգմանական աշխատանքներու գրասենեակը:

Թալինը միջնադարեան քաղաք է, որ 1154 թուականին

գտնուած է արաբ հետազօտողի մը կողմէ: Թալինի

կեդրոնական հին քաղաքը 1997-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի

կողմէ ցանկագրուած է իբրեւ «Մշակութային ժառանգ»:

Էսթոնիա 1940 թուականին մտած է խորհրդային

համակարգին մէջ, իսկ 1990 թուականին դուրս եկած ու

ստեղծած է իր անկախ հանրապետութիւնը: Ան այսօր

Եւրոպական Միութեան անդամ է եւ

քաղաքակրթութեան մէջ ունի սկանտինաւեան

երկիրներու եւ գերմանական մշակութային դրոշմ:

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Արտեմ Դաւիթեանցը ծնած է

Պաքու, Ազրպէյճան: Ծնողները

եկած են Ղարաբաղէն եւ

Իրանէն: 1968¬ին Հայաստան

մեկնած է համալսարանական

ուսումի համար եւ

մասնագիտացած` ռուսաց

լեզուի եւ գրականութեան մէջ:

1975-ին հաստատուած է

Էսթոնիոյ Թալին մայրաքա-

ղաքը:

www.facebook.com/RAGmamoul

Լուրեր Սփիւռքէն Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա Հ Բ Ը Միութեան րդ Տարեդարձի

Տօնակատարութիւնը (Տեսնել՝ էջ 5)

Պէյրութ, Լիբանան Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի

Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց

Բաշխում (Տեսնել՝ էջ 10)

ԾԱՆՕԹ

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները,

որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ,

բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ

հասցէին՝ [email protected]

Page 2: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 2

Խաչատուր Աբովեան Էսթոնիոյ Թարթու քաղաքի համալսարանին մէջ ստացած է իր ուսումը: Իր անունով

ալ յիշատակութեան գրութիւն մը կայ համալսարանին մէջ:

Արտեմը միշտ ալ ջատագովը եղած է հայկական կեանքը կազմակերպելու` Թալին հաստատուած առաջին

տարիներէն իսկ: Մօտաւորապէս 1500 հայեր կ՛ապրին Էսթոնիոյ մէջ: Անոնք մեծ մասամբ կու գան

Հայաստանէն եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէ: Արտեմը մեծ աշխատանք տարած է, որպէսզի

կեանքի կոչէ «Հայկական ազգային միութիւնը», որ սկսած է 1977¬ին եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է

1978¬ին: Արտեմ երկար ժամանակ վարած է այս կեդրոնին ատենապետութեան պատասխանատու

պաշտօնը: «Ուզեցինք ունենալ հայկական կեդրոն մը, ուր քաղաքական հակումներ չըլլան», ըսաւ Արտեմ`

շարունակելով. «Մեր նպատակը հայոց լեզուն եւ մշակոյթը պահելն է: Բայց նաեւ այդ օրերուն բոլորս ալ

Խորհրդային Միութենէն կու գայինք եւ քիչ թէ շատ` նոյնանման ենթահողերով, ուստի կարիք չզգացինք

կուսակցական հակումներու»:

Հայկական կեդրոնը հայութիւնը համախմբող կորիզ է: Հայկական դպրոցը շաբաթական կը

կազմակերպուէր կիրակի օրերը: Հոն կը սորվեցնեն հայոց լեզու եւ պատմութիւն, նաեւ կը կազմակերպուին

մշակութային հաւաքներ եւ երեկոներ: Գաղութը ունի ամսական դրութեամբ հայերէնով մէկ ժամուան

հաղորդում` պետական ձայնասփիւռի կայանէն:

Հայապահպանումը գլխաւոր հիմնահարց է հայ գաղութին համար, բայց մանաւանդ` նոր սերունդին, որ

ծնած է Էսթոնիա: Արտեմ ամուսնացած է տեղացիի մը հետ: Այս մէկը լսելով` չեմ ուշանար իմ

հետաքրքրասէրի հարցումս ուղղելու` քիչ մըն ալ «չարաճճիութեամբ»: «Ազգային գիտակցութիւնդ այսքան

բարձր է, ինչպէ՞ս ամուսնացար ոչ հայուհիի մը հետ…»: Ուղղակի եւ կտրուկ հարցումիս տրուած

պատասխանը եւս նոյն ձեւով էր. «Սիրեցի զինք»: Արտեմ ունի չորս զաւակ: Մանչ զաւակը` Դաւիթը, կը

խօսի հայերէն: Արտեմ հպարտ է իր որդիով. «Դաւիթը` տղաս, Հայաստան այցելեց քանի մը տարի առաջ:

Ներկայիս կը մտածէ հոն տեղափոխուիլ: Կը կարծէ, որ Հայաստանը լաւ երկիր է ապրելու»: Եթէ

Հայաստանը «լաւ» երկիր է, բայց նաեւ «ինքնութիւն» է: Եւ այդ ինքնութեան կանչն է, որ տեղ մը, այս կամ

այն ձեւով, կը մղէ եւ կ՛անհանգստացնէ իւրաքանչիւրիս ազգային գիտակցութիւնը:

Հայկական այս փոքր «գումարտակը» Էսթոնիոյ մէջ նուաճեց մէկ այլ ինքնութիւն: 1987-ին հայերը

ճանչցուեցան որպէս փոքրամասնութիւն¬համայնք Էսթոնիոյ մէջ` դառնալով առաջինը այս իմաստով, այլ

փոքր խմբաւորումներու մէջ: Բայց պէտք էր աւելին, կար անհրաժեշտութիւնը հոգեւոր ամրոցի մը`

եկեղեցւոյ: Պետական արտօնութեամբ եւ դասաւորումով Էսթոնիոյ կառավարութիւնը հայկական գաղութին

նուիրած է մէկ եկեղեցաշէնք` հայ գաղութի գործածութեան համար: 1994¬ին հայկական եկեղեցին

պաշտօնապէս կ՛արձանագրուի պետութեան մօտ:

«Եկեղեցին նոր շունչ տուաւ մեզի», Արտեմն է ըսողը: «Երբ եկեղեցի ունիս, կը նշանակէ, թէ այլեւս

անցողակի գաղութ չես, այլ` երկրին մէկ մասը»: Բայց եկեղեցին նաեւ հպարտութիւն է: «Երբ եկեղեցի ունիս,

պատճառ չկայ հայ չզգալու եւ չըլլալու»: Հայ «ըլլալու» եւ «զգալու» գիտակցութեան հետ նշմարելի է

Արտեմի դէմքին վրայ գծուած մեղմ ու գոհունակ ժպիտը, որուն մէջ ակներեւ էր ազգային եւ հաւաքական

կեանքին մատուցած իր «համեստ» (ինչպէս ինք կ՛ըսէ), բայց նաեւ երկարատեւ ծառայութիւնը: Իր աչքերը

ինծի սեւեռած, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, ուզեց խօսիլ իր ծննդավայրին մասին: «Պաքու գեղեցիկ քաղաք է:

Page 3: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Երբ պատանի էինք, ճիշդ է, որ կ՛ապրէինք ընկերային կեանքին զգայնութիւնները որպէս հայ եւ ազերի, բայց

չկրցանք երեւակայել, թէ այս ընկերային զգայնութիւնները օր մը պիտի վերածուին քաղաքականի, աւելի՛ն`

պատերազմի»:

Ռազմիկ Իվանեանը Հայաստանէն է եւ Թալին հաստատուած է 1971-ին, երբ տակաւին կը ծառայէր

խորհրդային բանակին մէջ: Ան որպէս բանակային` նախ տեղափոխուած է Գերմանիա, ուրկէ` Էսթոնիա, ուր

կը մնայ մինչեւ օրս: Ռազմիկ կեանքով լեցուն եւ աշխուժ հայորդի մըն է, որ ներկայիս ստանձնած է Հայ

ազգային կեդրոնին ատենապետութիւնը: «Հպարտ հայ եմ», կ՛ըսէ ան: «Եթէ ժամանակ չտամ, ան ու միւսը

չընէ, ո՞վ պիտի ստանձնէ ազգային մեր կեանքերը կազմակերպելու աշխատանքները»: Մեր գաղութներու

կեանքերը իրաւացիօրէն յառաջ կ՛երթան, քանի կան «Ռազմիկներ», որոնք որոշած են զոհողութեան ճամբան

ընտրել` հայապահպանման մեր աշխատանքները յառաջ տանելու ի խնդիր:

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 3

Եկեղեցական պատարագ ամիսը միայն մէկ անգամ տեղի կ՛ունենայ: Միայն մէկ հոգեւոր հովիւ ունին

Պալթեան այս երեք երկիրները, իսկ հոգեւոր հովիւը պէտք է իր ժամանակը բաժնէ երեք գաղութներուն մէջ`

ըստ պատշաճի եւ կարիքի: «Բոլոր հայերս եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած ենք, նոյնիսկ եթէ ամիսը անգամ

մը պատարագ կ՛ունենանք», կը բացատրէ Ռազմիկ:

Ռազմիկին «հայկական հպարտութիւն»¬ը ընդարձակուած է: Էսթոնիոյ մշակոյթի նախարարը այցելած է

Ազգային կեդրոն: Նախարարը զարմացած է, երբ տեսած է գաղութ մը, որ ակնկալութիւն չունի պետութենէն:

Ընդհակառակն, Ռազմիկ նախարարին փոխանցած է հայ գաղութին տրամադրութիւններն ու

պատրաստակամութիւնը: «Ի՞նչ ձեւով, պարոն նախարար, հայ գաղութը կրնայ օգտակար ըլլալ Էսթոնիոյ

կառավարութեան»:

Ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած հայու հոգին է այս, որուն ճամբով հայը իր ապրած վայրին մէջ փորձած է

միշտ բան մը աւելցնել եւ ներդրում ունենալ տեղական կեանքին մէջ:

Page 4: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները ՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Ռազմիկ նաեւ կ՛անդրադառնայ քաղաքական «արշաւներուն», յատկապէս թրքական լոպիին եւ հակահայ

քարոզչութեան` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին: Կը հետեւի իւրաքանչիւր անցուդարձի եւ

կարելին կ՛ընէ` հակազդելու սխալ ուղղութիւններու եւ ծանուցումներու: Եւ չուշացաւ Արտեմի պարզ, բայց

շատ իրատեսական հաստատումը. «Մենք` հայերս, իրարու պէտք է օգնենք, եթէ ապրիլ կ՛ուզենք»:

Արտեմ, Ռազմիկ եւ 1500 հայորդիներ Թալինի մէջ կը գիտակցին «նոր շունչի» արժէքին: «Նոր շունչը»`

եկեղեցւոյ միջոցով փոխանցուած, անոնց կու տայ նոր սլացք հայապահպանման իրենց առաքելութեան մէջ:

Բայց այսօր հայը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, պէտք ունի նոր շունչի… նոր շունչը, որ մեր պատմութեան

այս հանգրուանին նոր սլացք պիտի տայ, մինչ մենք կը թիավարենք մեր բազմաթիւ հիմնահարցերուն մէջէն:

Նոր սլացքը կ՛արդիւնաւորուի, երբ հայը կը գիտակցի իրարու օգնելու հրամայականին, իրարու հետ ու

իրարու համար ապրելու եւ կեանք կերտելու իտէալին:

Պաքու ծնած, Երեւան ուսանած եւ Թալին ապրող Արտեմին նոր շունչը իւրաքանչիւր հայունն է: Հայուն

ապրած իւրաքանչիւր երկիր հայուն կու տայ իւրայատուկ պայման եւ պիտակ: Եւ այս պայմաններուն մէջ եւ

պիտակին ներքեւ հայը կ՛ապրի իր սփիւռքեան կեանքը: Բայց ինչո՞ւ այսպէս եղաւ մեր պատմութիւնը, եւ

աշխարհով մէկ տարածուեցանք ու այդպէս ենք մինչեւ այսօր…

Այսօրուան հրամայականը ի՞նչ ընելու իրավիճակն է:

Իւրաքանչիւր հայ իր ապրած երկրին ու գաղութին մէջ պէտք ունի ձգտելու նոր շունչին, որպէսզի կերտէ նոր

սլացք, որ հայուն ազգային վերապրումին հիմքն է, իսկ վերապրելու հիմնական նախապայմանն է իրարու

հետ եւ իրարու համար գոյատեւել:

Թալինի հայկական փոքրաթիւ գաղութին նոր սլացքը լաւագոյն օրինակներէն է հայուն վերապրելու

իրականութեան:

Նիկոսիա, Կիպրոս

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 4

Page 5: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 5

Լուրեր Սփիւռքէն

Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա

Հ Բ Ը ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ

ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի Ապրիլ կէսօրէ ետք ժամը ին Հ Բ Ը Միութեան Մարի Մանուկեան Տեմիրճեան

վարժարանի Աղաճանեան սրահին մէջ Լոս Անճելըսի հայութիւնը արդար հպարտութեամբ եւ

բարձրագոյն տրամադրութեամբ նշեց հայ իրականութեան մեծագոյն Միութեան՝ Հ Բ Ը Միութեան

ամեակը

Ձեռնարկը իր որակով եւ բնոյթով կը յատկանշուէր հետեւեալ առաւելութիւններով

Յայտագրին մաս կազմողներուն մեծ մասը սահուն հայերէն եւ անգլերէն խօսող՝ պատանի ու

երիտասարդներ էին որոնց շրթներէն հայերէն լեզուն մեղրի պէս կը ծորէր

Հրաչ Սեփեթճեան

Պարթեւահասակ հանդիսավար՝ իրաւաբան Վաչէ

Զեթճեան սահուն հայերէնով եւ անգլերէնով

հմտութեամբ վարեց յայտագիրը՝ զուսպ առանց

աւելորդաբանութեանց մէջ մտնելու

Օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ երիտասարդ

մտաւորական հայերէն լեզուի սիրուած եւ հմուտ

ուսուցիչ՝ Հրաչ Սեփեթճեանի խորիմաստ խօսքը՝ ոչ

թէ հոյակապ էր այլ՝ իր խօսքով ան հմայեց

ներկաները

Նուագէ ու երգէ բաղկացած գեղարուեստական

յայտագիրը խռովեց բոլոր ներկաներուն հոգիները

Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Հ Բ Ը Միութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխ

նախագահ Միութեան Մարի Մանուկեան Տեմիրճեան եւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական

զոյգ վարժարաններու հոգաբարձութեանց սիրուած եւ յարգուած ատենապետ հայ դպրոցի առաքելութեան

խորապէս հաւատացող ղեկավար՝ Սինան Սի նանեան Հ Բ Ը Միութեան Արեւմտեան Ամերիկեայի

Շրջանակային վարչութեան ժրաջանն ատենապետ Տիար Գրիգոր եւ ազնիւ Տիկինը՝ Լուսի Գարակէօզեան

Կլենտէյլի Կրթական Մարմնի անդամ՝ Նայիրի Նահապետեան Ռամկավար Ազատական Սոցիալ

Դեմոկրատ եւ Հ Յ Դ աւանդական ազգային երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ հայրենակցական

մշակութային միութեանց եւ հասարակական կազմա կերպութեանց եւ Ս Պետրոս եկեղեցւոյ շնորհաշատ

հովիւ՝ Տէր Շնորհք աւագ քահանայ Տէմիրճեան վարչականներ եւ հոծ բազմութիւն մը

Page 6: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 6

Հ Բ Ը Մ Փասատինայի Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի սկաուտներու մասնակցութեամբ

կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը որմէ ետք հնչեցին Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները

Հրամցուեցան Կոմիտասի Արամ Խաչատուրեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի ստեղծագործութիւնները

արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափահարութեան Նմանապէս հաճելի անակնկալ մըն էր նաեւ

նուագախումբի մէջ տեսնել վարժարանի երկարամեայ տնօրէն՝ Յակոբ Յակոբեանը որ կրթական

մասնագիտութեան առընթեր երկար տա րիներու ջութակ նուագելու փորձառութիւն ունի

Հանդիսավարը ջերմ խօսքերով ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս՝ Հրաչ Սեփեթճեանը որ

Մանուկեան Տեմիրճեան վարժարանի Հայկական բաժնի պատասխանատուն է Պրն Սեփեթճեան ծնած

է

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Հ Բ Ը Մ Փասատինայի Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի սկաուտները դրօշակի արարողութեան պահուն

Վաչէ Զեթճեան

Հ Բ Ը Միութեան Մանուկեան Տեմիրճեան

վարժարանի տարուայ շրջանաւարտ

իրաւաբան՝ Վաչէ Զեթճեան ջերմ խօսքերով

ողջունեց ներկաները եւ Հ Բ Ը Միութեան

ծառայութիւններուն մասին համառօտ

տեղեկութիւններէ ետք ան իր անսահման

ուրախութիւնը յայտնեց Մանուկեան

Տեմիրճեան վարժարանէն շրջանաւարտ

ըլլալուն համար

Շատ հաճելի անակնկալ մըն էր առաջին

անգամ ըլլալով լսել Մանուկեան Տեմիրճեան

վարժարանի նորակազմ նուագախումբին

կատարումները առաջնորդութեամբ խումբի

ղեկավար՝ Քրիսթինա Խոճայեանի

Page 7: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Պէյրութ ուսումը ստացած է տեղւոյն Հ Բ Ը Միութեան Նազարեան Կիպրոսի Մելգոնեան

Կրթական Հաստատութեան եւ ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ աւարտելով Լեզուի եւ

Գրականութեան բաժինը

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 7

Մանուկեան Տեմիրճեան վարժարանի նորակազմ նուագախումբը

Պաշտօնավարած է Պէյրութի դպրոցներէն ներս եղած է Զարթօնք օրաթերթի խմբագրի օգնական

Ամերիկա գալով կը պաշտօնավարէ Մանուկեան Տեմիրճեան վարժարանէն ներս Կամաւորապէս կը

ծառայէ որպէս «Նոր Օր»ի խմբագրական կազմի անդամ մշակութային եւ գրական բազմաթիւ թերթերու եւ

հրատարակութիւններու իր աշխատակցութիւնը կը բերէ Բազմաբեղուն եւ ամբողջանուէր հասարակական

եւ մշակոյթի գործիչ մըն է Սեփեթճեան

Յարգելի բանախօսը մօտ քսան վայրկեաններու մէջ տուաւ Հ Բ Ը Միութեան բազմաբնոյթ եւ բազմաթիւ

ծառայութիւնները զայն անուանելով «բարի հսկան» «Հ Բ Ը Միութիւնը Հայաստան մըն է՝ Հայաստանէն

դուրս» «Հ Բ Ը Միութիւնը հայելին է մեր վերջին հարիւր եւ աւելի տարիներու պատմութեան», ըսաւ

Սեփեթճեան եւ շարունակեց իր խօսքը խորհրդածութիւններ ընելով Միութեան անցեալի ծառայութեան

մասին Գնահատեց Միութեան կամաւորները իրենց նուիրումին համար Ան թուեց Միութեան նիւթական

յատկացումները եւ մեծապէս գնահատեց այս բարի հսկան որ իր ուսերուն վրայ առաւ հայը հայ

պահելու խնդիրը՝ մայր հողէն դուրս Պրն Սեփեթճեան խօսեցաւ Միութեան կրթական մշակութային եւ

հայրենիքէն ներս կատարած վիթխարի ծառայութիւններուն մասին եւ իր խօսքը վերջացուց դէպի լուսաշող

ապագայ տանող քանի մը առաջարկներ ընելով որ «հայահոծ գաղութներու մէջ նոր կեդրոններ բացուին»

հայկական հեռատեսիլի ժամեր ունենալ եւայլն Ան իր խօսքը վերջացուց ըսելով

«Այսօր մենք նոր Պօղոս Նուպարներ նոր Գալուստ Կիւլպէնկեան ներ նոր Գարակէօզեաններ նոր Ալեք

Մանուկեաններ Նազարեաններ Տէմիրճեաններ Սեդրակեաններ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններ

Սինանեաններ եւ Սամ Սիմոնեաններ պէտք է որ տանք մեր ժողովուրդին» արժանանալով ներկաներու

որոտընդոստ եւ խելահեղ ծափահարութեանց եւ պրաւօներուն

Page 8: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Ներկաներէն տեսարան մը

Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին

հայրենի երգի ու նուագի գոհարներէն Պապին Պօղոսեան՝

հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերով Արմէն

Մովսիսեան՝ սքանչելի ջութակով եւ օփերային երգերու մեծ

վարպետ Ռուբէն Թելունց երգելով Կոստանդին Օրբելեանի

եւ Արտեմ Այվազեանի ստեղծագործութիւններէն

Պապին Պօղոսեան

Ռուբէն Թելունց

Արմէն Մովսիսեան

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 8

Page 9: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Հանդիսավարի փակման խօսքէն ետք Սուրբ Պետրոս Հայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Շնորհք

աւագ քահանայ Տէմիրճեանի փակման խօսքով եւ Պահպանիչով վերջ գտաւ այս յիշատակելի հան

դիսութիւնը որմէ ետք ներկաները անցան կողքի բացօդեայ բաժինը եւ վայելեցին ճոխ հիւրասիրութիւն

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հայկական Բարեգործական Ընդհ Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ

Վարչութիւնը եւ այս ձեռնարկի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Աւօ Մարգարեանը այս բարձրորակ

ձեռնարկին համար Նորանոր ամեակներ մեր Միութեան

Թող յաւերժ ապրի Հայկական Բարեգործական Ընդհ Միութիւնը

Տէր Շնորհք աւագ քահանայ Տէմիրճեան փակման խօսքի

եւ Պահպանիչի պահուն

Գրիգոր Գարակէօզեան

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 9

Փակման պատգամով ելոյթ ունեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան

Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի եռանդուն ատենապետ՝ Գրիգոր Գարակէօզեան որ իրեն

յատուկ ջերմութեամբ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Միութեան այս պանծալի Օրուան առիթով Պրն

Գարակէօզեան կոչ ըրաւ ներկաներուն որ անդամագրուին Միութեան եւ մաս կազմեն անոր բազմաթիւ

աշխատանքներուն Պրն Գարակէօզեանի սրտաշարժ խօսքերը ընդունուեցան ջերմ ծափերով

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Page 10: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Պէյրութ, Լիբանան

ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման

հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Մայիս 2014ին՝ երեկոյեան ժամը 7:30ին՝վարժարանիս

հանդիսասրահին մէջ:

Պաշտօնական հիւրերուն շարքին էին Գերապատիւ Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեանը, պետական

երեսփոխաններ Ժան Օղասապեանն ու Սերժ Թուրսարգիսեանը, Պուրճ համմուտի քաղաքապետ

Անդրանիկ Մսըրլեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիբանանի դեսպանատան ներկայացուցիչը :

Կեանքի բնական ընթցաքով դպրոցական տարիները աշակերտին համար թէեւ երկար կը

համարուին,սակայն ան իրողապէս ամենակարճ հանգրուանն է:Այսպէս ալ, վարժարանիս աւարտական

դասարաններու 24 սան -սանուհիները յատուկ հանդիսութեամբ եկան իրենց դպրոցական օրերու էջը

դարձնելու իրենց իւրայատուկ ոճով, որ այս պարագային կը ներկայացուի յուզումնախառն

արտայայտութիւններով եւ գնահատումներով,որոնք ապրեր ու հիւսերր էին Հռիփսիմեանցի կամարներուն

ներքեւ լրիւ 15 դպրոցական տարեշրջաններ,իսկ այժմ անոնք իրենց ետին ձգելով մանկաակն ու

պատանեկան ջերմ յիշատակներ՝ իրենց տենչերուն եւ ձգտումներուն ի խնդիր կը նային դէպի նոր

հորիզոններ:

Անոնք բեմ բարձրացան դպրոցական համազգեստէն դուրս այլ համազգեստներով ու գլխարկով,սակայն

դպրոցական համազգեստին պարտադրած կարգապահութեամբ, լրջութեամբ եւ ոգիով:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութենէն եւ բարիգալստեան խօսքէն ետք, անոնք

հերթաբար հանդէս եկան ուղերձներով, որոնք արտասանուեցան հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ

անգլերէն լեզուներով, ուր ընդհանրապէս գնահատեցին ու արժէւորեցին իրենց ստացած անվերապահ

խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսման անսպառ կրթական ծրագիրներու

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 10

Page 11: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 11

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութենէն եւ բարիգալստեան խօսքէն ետք, անոնք

հերթաբար հանդէս եկան ուղերձներով, որոնք արտասանուեցան հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ

անգլերէն լեզուներով, ուր ընդհանրապէս գնահատեցին ու արժէւորեցին իրենց ստացած անվերապահ

խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսման անսպառ կրթական ծրագիրներու

բծախնդիր հետապնդումը. խօսքերը մերթ ընթ մերթ երանգ ստացան , երգերով, նուագներով եւ

պարերով,որոնք ջերմօրէն գնահատուեցան հանդիսութեան ներկաներուն կողմէ եւ որպէս ուսանողներ՝

իրենց բազմաշնորհ տաղանդներով հարստացուցին օրուան խորհուրդը:

Ներկայացումներու աւարտին ընկալեալ սովորութեամն համաձայն՝ իրենց կարգին յատուկ

յանձնարարութեամբ՝ քրիստոնէական հաւատքով եւ միշտ Հայ մնալու եւ հայկական արժէքները

գերադասելու թելադրականով մը, իրենց կարգին դպրոցի վահանը յանձնեցին այժմու 11րդ դասարանի

աշակերտներուն:

Վկայականաց բաշխումէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ Գերյարգելի հայր Գէորգ Եղիայեանը , որ յատուկ

պատուանշանակներ յանձնեց կրթական տարեշրջաններու յիշատակութեան արժանի չորս աշակերտ-

աշակերտուհիներու՝ Անի Թաշճեան որպէս գերազանցիկ, իսկ Սերժ Էլէնճեան, Քրիստէլ Քէսմէյեան եւ

Քրիստ Պէրպէրեան իրենց ջանասիրութեան համար, ապա պահպանիչով օրհնեց ներկաները:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի առաքինափայլ քոյր Արմինէ

Մակարոսեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ ւարժարանի հիմնադրութեան աւելի քան 90 ամեայ պանծալի

առաքելութիւնը եւ դէպի 100 ամեայ տեսիլքով ընդգծեց Անարատ Յղութեան հայ Քոյրերու Միաբանութեան

ընձեռած ծառայութիւնները հայ սերունդներու դաստիարակութեան համար , ապա կարեւորեց հայ ծնողքին

դերը եւ առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ սերունդէն ,սպասուած ակնկալութիւնները. (խօսքը կու

տանք ) :

«90 ամեակի հոգիով ու ժառանգութեամբ,կը քալենք դէպի 100-ամեակ, դէպի լուսահեղ նոր հորիզոններ նոր

խոյանքներ, այգալից նոր ապագաներ...:

Գերապատիւ Գերապայծառ Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեան Նախագահ Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու

Տնօրէններու խորհուրդին

Պատուարժան Պետական Երեսփոխաններ,

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Կարտուղար եւ Պուրճ համուտի Քաղաքապետ

Գերապատիւ Վարդապետներ, Առաքինազարդ Քոյրեր, Յարգարժան Հիւրեր, Սիրելի Ուսուցիչ-ուսուցիչներ,

ծնողներ, թանկագին աւարտականներ:

Page 12: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 12

Գերապատիւ Գերապայծառ Հայր Գէորգ Ծ.Վ.

Եղիայեան Նախագահ Հայ Կաթողիկէ

Վարժարաններու Տնօրէններու խորհուրդին

Պատուարժան Պետական Երեսփոխաններ,

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան

Կարտուղար եւ Պուրճ համուտի Քաղաքապետ

Գերապատիւ Վարդապետներ, Առաքինազարդ

Քոյրեր, Յարգարժան Հիւրեր, Սիրելի Ուսուցիչ-

ուսուցիչներ, ծնողներ, թանկագին

աւարտականներ:

Ողջոյն Ձեզի՜...

Մայիսեան ջերմ ու գեղեցիկ այն

երեկոն,խանդավառ,ուրախ այս մթնոլորտը կը

մէկտեղէ մեզ դէմ առ դէմ հոյլ մը՝ խոստմնալից

երիտասարդներու,որոնք այս երեկոյ արդէն Սրբ.

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի

2013/2014 տարեշրջանի շրջանաւարտներ են:

«90 ամեակի հոգիով ու ժառանգութեամբ,կը քալենք

դէպի 100-ամեակ, դէպի լուսահեղ նոր հորիզոններ

նոր խոյանքներ, այգալից նոր ապագաներ...:

Լիբանանեան այս օրհնեալ հողին վրայ ծնած,

հայօրէն սնած ու մեծցած,մեր 24

աւարտականները,Վարժարանիս բեմահարթակիէն

կը ներկայանան հանրութեան նաեւ որպէս ընթացիկ

տարուան տաղանդալից ու պատուաբեր հունձք:

Սրբ. . Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը իր

հիմնադրութենէն ի վեր, Լիբանանահայ

իրականութեան մէջ ,կը վայելէ անոր վստահութիւնը

շնորհիւ իր մնայուն յուռթի ու գնահատելի բերքին:

Հոգեւոր ակադեմական, կրթական հարուստ

արժէքներով օժտուած մեր արդէն 91 ամեայ

վարժարանը դարձած է դարբնոց մը աննկուն,ուր

անխոնջ ու նուիրեալ Հայ Մայրապետը՝

արմատացած իր առաքելութեան կոչումով,

քրիստոսաւանդ հոգիով,դաստիարակ է հայ նոր

իրերայաջորդ սերունդներուն, որպէսզի անոնք

ասպնջական այս հողին վրայ ըլլան

«լոյս»ի զաւակներ՝ զինուին գիտութեամբ,

հպարտանան հայ մշակոյթով, հպարտօրէն քալեն

հայու ինքնութեամբ, պահպանեն մեսրոպեան

ոսկեղէն մայրենի լեզուն, գօտեպնդուին դարաւոր

մեր պատմութեամբ,վարդանանց դիւցազնութեան

օրինակով եւ մէկ ու կէս միլիոն մեր ազատատենչ

ժողովուրդին նահատակութեան կտաւով:

Սիրելի շրջանաւարտներ, դու՛ք հայ դպրոցի

միջնաբերդին մէջ թրծուեցաք, 15 տարիներ ամբողջ

եւ այս երեկոյ գոհունակ, վեհ գրկած այդ տարիներու

ամէնօրեայ աշխատանքին արգասիքը.պիտի մեկնիք

Լիբանանեան այս օրհնեալ հողին վրայ ծնած, հայօրէն սնած ու մեծցած,մեր 24

աւարտականները,Վարժարանիս բեմահարթակիէն կը ներկայանան հանրութեան նաեւ որպէս

ընթացիկ տարուան տաղանդալից ու պատուաբեր հունձք:

Սրբ. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը իր հիմնադրութենէն ի վեր, Լիբանանահայ

իրականութեան մէջ ,կը վայելէ անոր վստահութիւնը շնորհիւ իր մնայուն յուռթի ու գնահատելի բերքին:

Հոգեւոր ակադեմական, կրթական հարուստ արժէքներով օժտուած մեր արդէն 91 ամեայ վարժարանը

դարձած է դարբնոց մը աննկուն,ուր անխոնջ ու նուիրեալ Հայ Մայրապետը՝ արմատացած իր

առաքելութեան կոչումով, քրիստոսաւանդ հոգիով,դաստիարակ է հայ նոր իրերայաջորդ

սերունդներուն, որպէսզի անոնք ասպնջական այս հողին վրայ ըլլան

«լոյս»ի զաւակներ՝ զինուին գիտութեամբ, հպարտանան հայ մշակոյթով, հպարտօրէն քալեն հայու

ինքնութեամբ, պահպանեն մեսրոպեան ոսկեղէն մայրենի լեզուն, գօտեպնդուին դարաւոր մեր

պատմութեամբ,վարդանանց դիւցազնութեան օրինակով եւ մէկ ու կէս միլիոն մեր ազատատենչ

ժողովուրդին նահատակութեան կտաւով:

Սիրելի շրջանաւարտներ, դու՛ք հայ դպրոցի միջնաբերդին մէջ թրծուեցաք, 15 տարիներ ամբողջ եւ այս

երեկոյ գոհունակ, վեհ գրկած այդ տարիներու ամէնօրեայ աշխատանքին արգասիքը.պիտի մեկնիք

մուտք գործելու համար ձեր կեանքին երկրորդ հանգրուանի հսկայ դարպասէն ներս: Պարտաւոր էք

խիզախ գնացքով,հաստատակամ քայլերով,քաջօրէն մուտք գործելու զանազան համալսարաններէ

ներս՝ բժշկական, ճարտարագիտական, իրաւագիտութեան, տնտեսագիտութեան եւ այլ

բնագաւառներու մէջ ձեր իսկ ընտրութեամբ:

Եւ մինչ այս պահուն կը դիտեմ ձեր վերեւ վսեմօրէն զետեղուած երկրագունդը, ուր Լիբանանը դեռ եւս

ոչ նկատելի է, կը մտածեմ Աստուածային անսահման մեծութեամն,որ իր կողմէ տնօրինուած է ձեզմէ

իւրաքանչիւրին համար:Կը ցանկամ, դուք ամէն մէկդ դառնաք հսկաներ այդ ծրագրին՝ իրագործելու

մեծղի գործեր եւ նուաճումներ ,քրիստոնէավայել արարքներ:

Թեւատարած աղաւնին,թէեւ խաղաղութիւն կը խորհրդանշէ բայց այս պահուն,ցաւ ի սիրտ, կը

մտաբերեմ համընդհանուր ազգերու ,ժողովուրդներու եւ ի մասնաւորի միջին

Արեւելքի մեր հայ ժողովուրդին ՝տառապանքը,

Page 13: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 88 էջ 13

խիզախ գնացքով,հաստատակամ քայլերով,քաջօրէն մուտք գործելու զանազան համալսարաններէ

ներս՝ բժշկական, ճարտարագիտական, իրաւագիտութեան, տնտեսագիտութեան եւ այլ

բնագաւառներու մէջ ձեր իսկ ընտրութեամբ:

Եւ մինչ այս պահուն կը դիտեմ ձեր վերեւ վսեմօրէն զետեղուած երկրագունդը, ուր Լիբանանը դեռ եւս

ոչ նկատելի է, կը մտածեմ Աստուածային անսահման մեծութեամն,որ իր կողմէ տնօրինուած է ձեզմէ

իւրաքանչիւրին համար:Կը ցանկամ, դուք ամէն մէկդ դառնաք հսկաներ այդ ծրագրին՝ իրագործելու

մեծղի գործեր եւ նուաճումներ ,քրիստոնէավայել արարքներ:

Թեւատարած աղաւնին,թէեւ խաղաղութիւն կը խորհրդանշէ բայց այս պահուն,ցաւ ի սիրտ, կը

մտաբերեմ համընդհանուր ազգերու ,ժողովուրդներու եւ ի մասնաւորի միջին Արեւելքի մեր հայ

ժողովուրդին ՝տառապանքը, զրկումները,տեղահանութիւնը,գաղթը...Դու՛ք նոր սերունդի դեռատի

երիտասարդները , դու՛ք պիտի կերտէ՛ք նոր աշխարհ մը, որ հիմնուած ըլլայ խաղաղութեան,

եղբայրութեան,արդարութեան վրայ,ազատութիւն, սէր ճառագայթող նոր աշխարհը, ուր արտացոլայ

արարչին սուրբ պատկերը: Դու՛ք,վաղուան մեր վարդահեղեղ յոյսն էք, մեր ապագան,դուք պիտի պահէք

հայու ազնիւ նկարագիրը, պիտի պայքարիք այլասերումի դէմ, օտարամոլութեան

անարդարութիւններուն եւ ստրկութեան դէմ:

Տէր պիտի կանգնինք մեր նուիրական սրբութիւններուն՝ կրօնական, ազգային, մշակութային

արժէքներուն, Հայ Եկեղեցւոյ,հայ դատին: Դարձէ՛ք մէյ մէկ վահան հայկական աւանդութիւններուն, տէր

կանգնեցէք Մայր հայրենիքին՝ հայաստանին,որ ըլլայ ծաղկուն,բարգաւաճ,նաեւ մեր ծննդավայր-

հայրենիքին՝ Լիբանանին...

...Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ սիրելի շրջանաւարտներ,Լիուլի յաջողութիւններ մաղթելով

պետական պագալորէայի քննութիւններուն:

Բարի երթ ձեզի ,սիրելի Հռիփսիմեանցականներ:

Page 14: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 15: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 16: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88
Page 17: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88
Page 18: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88
Page 19: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88
Page 20: Wednesday 14 05 14 volume # 9 issue # 88

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]