wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3

9
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Հալէպէն Արժէքներ. «Յովսէփին Երազը...» ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 3 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: 1976 Հալէպ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով շատ մը լիբանանահայեր ապաստան գտան Հալէպ, նաեւ` Սուրիոյ տարբեր քաղաքներ: Ներկայ օրերուն կրկնուող պատմութեան յետադարձ ակնարկ մը ընելով, մենք` լիբանանահայերս ալ որոշ թիւով Հալէպի հայկական վարժարանները սկսանք յաճախել, ինչպէս այսօր բաւական է թիւը սուրիահայերուն` լիբանանահայ դպրոցներուն մէջ: Իմ ալ պարագաս տարբեր չեղաւ: Նոր շրջանաւարտ եղած էի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, տակաւին հազիւ ամիս մը անցած էր Բ. պաքալորէայի դասարանէն, երբ ընդմիջուեցաւ ամէն ինչ, եւ ստիպուեցանք ընտանեօք ապաստան գտնել Հալէպ քաղաքին մէջ: Սկսայ յաճախել Հալէպի Լազար գտնել Հալէպ քաղաքին մէջ: Սկսայ յաճախել Հալէպի Լազար Նաճարեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը: Լեզուական դասերուն ընտելացայ, բայց գիտական եւ թուաբանական դասապահերը դարձան իսկական «ճգնաժամեր»… Ամէն ինչ արաբերէն ըլլալով` շատ դժուար եղաւ հետեւիլ նիւթերուն եւ տեսութիւններուն: Մինչ տեղ-տեղ կը փորձէի եզր մը գտնել սորված անգլերէն տարբերակիս եւ դասաւանդուած արաբերէնին միջեւ, գրեթէ միշտ ուշացած կ’ըլլայի, քանի որ ուսուցիչը արդէն անցած կ’ըլլար այդ մասը, զոր ես փորձած էի հազիւ հասկնալ… Դասապահերու ընկալումը եթէ մէկ կողմէ դժուար էր, բայց դասընկեր-դասընկերուհիներուս բարեկամութիւնը եւ ջերմ վերաբերմունքը կը մոռցնէր ամէն դժուարութիւն եւ նեղութիւն: Այս բոլորին կողքին, մեծապէս վայելեցի հալէպահայերուն սրտի մօտիկութիւնը, որ հարազատ էր եւ շատ հաղորդական: Այդ դասընկերներուս շարքին էր Յովսէփ Նալպանտեանը:

Upload: ramgavar-party

Post on 25-Mar-2016

231 views

Category:

Documents


8 download

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

TRANSCRIPT

Page 1: Wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Հալէպէն Արժէքներ. «Յովսէփին Երազը...»

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 3 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

1976 Հալէպ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով

շատ մը լիբանանահայեր ապաստան գտան Հալէպ, նաեւ` Սուրիոյ

տարբեր քաղաքներ: Ներկայ օրերուն կրկնուող պատմութեան

յետադարձ ակնարկ մը ընելով, մենք` լիբանանահայերս ալ որոշ

թիւով Հալէպի հայկական վարժարանները սկսանք յաճախել, ինչպէս

այսօր բաւական է թիւը սուրիահայերուն` լիբանանահայ

դպրոցներուն մէջ:

Իմ ալ պարագաս տարբեր չեղաւ: Նոր շրջանաւարտ եղած էի Հայ

աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն,

տակաւին հազիւ ամիս մը անցած էր Բ. պաքալորէայի դասարանէն,

երբ ընդմիջուեցաւ ամէն ինչ, եւ ստիպուեցանք ընտանեօք ապաստան

գտնել Հալէպ քաղաքին մէջ: Սկսայ յաճախել Հալէպի Լազար

Նաճարեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը: Լեզուական

դասերուն ընտելացայ, բայց գիտական եւ թուաբանական

դասապահերը դարձան իսկական «ճգնաժամեր»… Ամէն ինչ

արաբերէն ըլլալով` շատ դժուար եղաւ հետեւիլ նիւթերուն եւ

տեսութիւններուն: Մինչ տեղ-տեղ կը փորձէի եզր մը գտնել սորված

անգլերէն տարբերակիս եւ դասաւանդուած արաբերէնին միջեւ,

գրեթէ միշտ ուշացած կ’ըլլայի, քանի որ ուսուցիչը արդէն անցած

կ’ըլլար այդ մասը, զոր ես փորձած էի հազիւ հասկնալ…

գտնել Հալէպ քաղաքին մէջ: Սկսայ յաճախել Հալէպի Լազար Նաճարեան եւ Գալուստ

Կիւլպէնկեան վարժարանը: Լեզուական դասերուն ընտելացայ, բայց գիտական եւ

թուաբանական դասապահերը դարձան իսկական «ճգնաժամեր»… Ամէն ինչ արաբերէն

ըլլալով` շատ դժուար եղաւ հետեւիլ նիւթերուն եւ տեսութիւններուն: Մինչ տեղ-տեղ կը

փորձէի եզր մը գտնել սորված անգլերէն տարբերակիս եւ դասաւանդուած արաբերէնին միջեւ,

գրեթէ միշտ ուշացած կ’ըլլայի, քանի որ ուսուցիչը արդէն անցած կ’ըլլար այդ մասը, զոր ես

փորձած էի հազիւ հասկնալ…

Դասապահերու ընկալումը եթէ մէկ կողմէ դժուար էր, բայց դասընկեր-դասընկերուհիներուս

բարեկամութիւնը եւ ջերմ վերաբերմունքը կը մոռցնէր ամէն դժուարութիւն եւ նեղութիւն: Այս

բոլորին կողքին, մեծապէս վայելեցի հալէպահայերուն սրտի մօտիկութիւնը, որ հարազատ էր

եւ շատ հաղորդական:

Այդ դասընկերներուս շարքին էր Յովսէփ Նալպանտեանը:

Page 2: Wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3

Միջահասակ, թուխ եւ խիտ մազերով, յանդուգն եւ

համարձակ: Ազգային, հայրենասիրական շեշտուած ջիղ եւ

նկարագիր ունեցող տղան էր, եւ ինչպէս մենք բոլորս մեր

երիտասարդական տարիքի սեմին էինք, ինքն ալ աշխոյժ եւ

տաքարիւն էր: Ունէր տեսակէտ մեր ազգային կեանքը յուզող

հարցերուն նկատմամբ, ներառեալ` կուսակցական եւ

գաղութային մտահոգութիւններ: Բայց Յովսէփ ունէր աւելին:

Բացայայտ էր հայագիտութեան, գրականութեան եւ

մատենագրութեան հանդէպ իր խորունկ սէրը: Յովսէփին

աշխարհն ու հետաքրքրութիւնն էին անոնք: Դպրոցի

դասապահերէն ետք իրեն կը հանդիպէի նաեւ հօրեղբօրս`

Տոքթ . Ռոպէր Ճէպէճեանին գրադարանը, ուր կար

հալէպահայ մամուլի եւ գրական մատենագիտական

հարուստ հաւաքածոյ: Յովսէփ շատ ժամանակ կ’անցընէր

գրադարանին մէջ` կատարելով սերտողութիւններ: Կը յիշեմ

հալէպահայ ուսուցիչ եւ կրթական մշակ Հայկ Պարիկեանը,

որ բարձր կը գնահատէր Յովսէփին հետաքրքրութիւնը եւ

աշխատանքը: Հօրեղբօրս քանիցս ըսած է. «Նալպանտեանին

տղան է եւ լաւ տղայ է…»:

Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 3 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

հարուստ հաւաքածոյ: Յովսէփ շատ ժամանակ կ’անցընէր գրադարանին մէջ` կատարելով

սերտողութիւններ: Կը յիշեմ հալէպահայ ուսուցիչ եւ կրթական մշակ Հայկ Պարիկեանը, որ

բարձր կը գնահատէր Յովսէփին հետաքրքրութիւնը եւ աշխատանքը: Հօրեղբօրս քանիցս

ըսած է. «Նալպանտեանին տղան է եւ լաւ տղայ է…»:

Չկրցայ երկար «տոկալ» Լազար Նաճարեան վարժարանին մէջ: Անկարելի էր արաբերէնով

շարունակել դասընթացքները: Յարմար տեսանք Պէյրութ վերադառնալ, - ինչպէս որ

վարժուած էինք այդ օրերուն լիբանանեան պատերազմին հանգրուանային խաղաղութիւն-

պատերազմ իրավիճակներուն, -շարունակել ուսումս հոն:

Հալէպի հետ կապս ու այցելութիւններս երբեք չխզուեցան: Ընդհակառակը,

աշխատանքային-եկեղեցական ու միութենական այլ պարտականութիւններով յաճախ

Հալէպ կը գտնուէի: Բայց պէտք է ըսեմ, որ դասընկերներուս հետ յարաբերութիւններս

չշարունակուեցան եւ չլսեցի ոեւէ մէկէն, ներառեալ Յովսէփէն, մինչեւ Ապրիլ 2013:

Յանկարծ ելեկտրոնային նամակով ստացայ կարճ երկտող մը… Յովսէփ Նալպանտեանն

էր… Երկտողը երեւի «կարճ» էր, քանի որ Յովսէփ կ’ուզէր վստահ ըլլալ, թէ զինք պիտի

յիշէի՞ 37 տարիներ ետք:

Ժողովրդական ասացուածքը որքա՜ն իրական է: «Լեռները իրարու չեն հանդիպիր, բայց

մարդիկ` անպայման…»: 37 տարիներ ետք դարձեալ հանդիպիլ Յովսէփին հետ, թէկուզ`

համացանցի միջոցով: Յովսէփը կը հետեւի իմ գրութիւններուս եւ կ’ըսէ. «Ինչպէ՞ս ես, ես

ուրախ եմ, որ որակաւոր յօդուածներ կը գրես: Յաճախ կը կարդամ»: Յօդուածներուն մէջէն

ու անոնց միջոցով Յովսէփը ուզած է կապերը վերահաստատել իր երբեմնի, թէկուզ կարճ

ժամանակաշրջանի համար, դասընկերոջ հետ:

Յովսէփ Նալպանտեան

Page 3: Wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3

Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 3 էջ 3

Չուշացաւ Յովսէփին պատմութիւնը: Լազար Նաճարեան վարժարանը աւարտելէ ետք

մեկնած է Երեւան եւ վկայուած է պետական համալսարանի բանասիրական

բաժանմունքէն` իբրեւ գրականագէտ: Իբրեւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ,

ծառայած է 18 տարիներ, հայկական տարբեր վարժարաններու մէջ, Հալէպ եւ

Աղեքսանդրիա, նաեւ եղած է տնօրէն Հալէպի Մեսրոպեան վարժարանին: 1993-ին

հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր ժամանակ մը պարապած է դարձեալ ուսուցչութեամբ:

Ներկայիս լման ժամանակով կը զբաղի հրատարակչական-ստեղծագործական

աշխատանքով:

Յովսէփին ընտրած մասնագիտութիւնը եւ այդ մասնագիտութեան նկատմամբ իր

հաւատարմութիւնն ու խանդավառութիւնը երբեք չզարմացուցին զիս: Յստակ էր իր գծած

կեանքի ճամբան, երբ տակաւին Հալէպ միասին նոյն վարժարանին մէջ էինք: Բայց այն, ինչ

որ զիս քաջալերեց, իր նուիրուածութիւնն էր իր «առաքելութեան» նկատմամբ, եւ այդ

նուիրումին արգասիքը` վերջին 13 տարիներուն հրատարակած իր 12 անուն գիրքերը:

Առաջին 6 հատորները «Լոյս» հանրագիտակներն են` 2062 էջ, եւ որոնք հրատարակուած են

11 անգամ, 16,800 տպաքանակով: 7-8-րդ գիրքերը` մէկ կողքի տակ, մատենագիտութիւն: 9-

րդը Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց տանթէականը» անտիպ 62 տողերով: 10-րդը «Հայոց լեզու»

ժողովածու, 377 էջ:

11-րդը «Ուղղագրութեան նիւթերու ժողովածու. ուղղագրական բառարան»: Իսկ

12-րդը` «Մեսրոպ Մաշտոց – մեծասքանչը»` 680 էջ, Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-

ամեակին նուիրուած, եւ որ ի մի բերած է հայոց լեզուին նուիրուած բազմաթիւ

բանաստեղծութիւններ, արձակ եւ ասոյթներ:

Եթէ մէկ կողմէ կար հսկայական աշխատանք եւ յոգնութիւն,

բայց կար նաեւ Յովսէփին յուսահատութիւնը եւ ապրած

յուսախաբութիւնը: Յովսէփ չուշացաւ բաժնեկցելու այդ

բոլորը ինծի հետ: «Հրայր ջան, կը տառապիմ գիրքերս

տարածելու եւ վաճառելու հարցերով: Շատ դժուար է,

շա՜տ…»:

Աստուածաշունչի Հին Կտակարանի հերոսներէն է

«Յովսէփը»: «Յովսէփը» երազի եւ տեսիլքի մարդն էր, որ

հաւատաց իր ժողովուրդին ազատութեան եւ ստրկութեան

վիճակէն դուրս բերելու հրամայականին: «Յովսէփին երազը»

իր ժողովուրդին բարօրութեան համար էր: «Յովսէփ»

հաւատաց, թէ իր «երազը» կրնայ իրականանալ, եւ

աշխատեցաւ այդ ուղղութեամբ: Բայց ան ըրաւ աւելին:

Հաւատարիմ մնաց «իրականացած» երազը իրական կեանքի

մէջ դնելու գործընթացին ու անոր:

Page 4: Wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3

Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 3 էջ 4

աշխատեցաւ այդ ուղղութեամբ: Բայց ան ըրաւ աւելին: Հաւատարիմ մնաց «իրականացած»

երազը իրական կեանքի մէջ դնելու գործընթացին ու անոր:

Հայուն ներկայ ժամանակահատուածին հսկայ հրամայականներէն մէկն է այս ասիկա:

«Յովսէփին երազը…»: Հայը պէտք ունի այս «երազը» ու «տեսիլքը» տեսնողներուն, բայց

նաեւ զանոնք «իրականացած» տեսնելու եւ դարձնելու հաւատարմութեան եւ

յարատեւութեան: «Երազը», ուր ոչ միայն պէտք է տեսնել հայը իր «վաղուան օրուան» մէջ,

այլ նաեւ հայուն գոյապայքարները` իրենց տարբեր բնոյթով եւ բնագաւառներով`

«իրականացած» վիճակին հասցնելու տեսլականը:

Յովսէփ Նալպանտեան իր աշակերտական տարիներէն սկսեալ ունէր իր «երազ»-ը: Ան

իրականացուց այդ «երազը»` իր ամբողջ կեանքը նուիրելով հայ ժողովուրդի գրական-

մատենագիտական եւ քերականական բնագաւառներուն: Ան մինչեւ օրս կը փորձէ

հաւատարիմ մնալ իր «երազին»` հաւատալով «հայուն վաղուան օրուան» տեսլականին,

նոյնիսկ եթէ «շատ դժուար է, շա՜տ…»: Եւ այս երազին իրականացման ճամբան երբեք

դիւրին չէ…

«Յովսէփին երազը»… նաեւ անպայմանօրէն` հայունը…

Հայը ուրիշ ելք չունի, բացի միայն հաւատալ եւ հաւատարիմ մնալ «Յովսէփի երազին» եւ

զայն իրականացած տեսնելու տեսլականին:

«Յովսէփին» ու Յովսէփներուն երազը հայուն ամբողջական երազն է, որուն արժէ ո՛չ միայն

հաւատալ եւ հաւատարիմ մնալ, նաեւ` ապրիլ ու իրականացնել զայն:

Մինչ այդ, շնորհակալութի՛ւն Յովսէփ Նալպանտեանին երազին եւ կեանքին համար:

Նիկոսիա, Կիպրոս

www.facebook.com/RAGmamoul

Page 5: Wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Friday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Ուրբաթ օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 6: Wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/01/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 7: Wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3
Page 8: Wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3
Page 9: Wednesday 15 01 14, volume # 9, issue # 3

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]